Որոնել

Ադամի ստեղծագործութիւնը Ադամի ստեղծագործութիւնը  (FOTO SERVIZIO FOTOGRAFICO MUSEI VATICANI)

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Մարդուն օգնական մը տալու առաջին մտածումը Աստուած ունեցաւ. «Լաւ չէ՛ որ մարդը մինակ ըլլայ. անոր նման օգնական մը տանք իրեն յարմար» (Ծն 2.18): Այդ օգնականը կինն էր (Ծն 2.22):

Մարդուն օգնական մը տալու առաջին մտածումը Աստուած ունեցաւ. «Լաւ չէ՛ որ մարդը մինակ ըլլայ. անոր նման օգնական մը տանք իրեն յարմար» (Ծն 2.18): Այդ օգնականը կինն էր (Ծն 2.22):
Իրարու օգնելու երեւոյթը, այս կեանքին մէջ, առաքինութիւն մը կը համարուի: Դպրոցական տարիներէն սկսեալ, պատասխանատուներ կը քաջալերեն ու միաժամանակ կը գնահատեն այն աշակերտները, որոնք մարդասիրական ոգիով կը մօտենան իրենց հասակակիցներուն. օժանդակութիւն կը ցուցաբերեն դասերու մէջ լուսաբանութեան կարիք ունեցող իրենց դասընկերոջ, հոգատարութեամբ կը մօտենան բակին մէջ առանձին մնացած ընկերոջ մը, կամ օգնութեան կը հասնին խաղի ընթացքին յանկարծ գետին ինկողին, կապելով անոր վէրքը:
Դաստիարակութեան ամէնէն կարեւոր տարիները, երբ մեծերու օրինակին կամ խրատին ազդեցութիւնը ուղղակի կը հասնի մարդ արարածի հոգիին, մանկութեան եւ կանուխ պատանեկութեան տարիներն են: Մանկական հոգին լայն բացուած կ՛ըլլայ կրթական ալիքներուն դիմաց եւ անոր միտքի մաքուր գրատախտակին վրայ կ՛արձանագրուի այն, ինչը համոզումով կը ներկայացուի անոր:
Ուրիշին օգնելու պարտաւորութիւն ունի մարդ: Այս համոզումը գոյացուցած ենք ո՛չ թէ անոր համար, որ քրիստոնէական պարտաւորութիւն մըն է ատիկա, այլ իբրեւ սովորական երեւոյթ: Որովհետեւ այսօրուան քու զգացած կարիքը, որուն համար օժանդակող ձեռքերու պէտք ունիս, վաղը ի՛մ կարիքը պիտի ըլլայ: Այսինքն կարիքները, դժուարութիւնները, անակնկալ դէպքերն ու պարագաները միայն այս կամ այն մարդուն, չքաւորին կամ տկարին բաժին չեն այս կեանքին մէջ, այլեւ բոլոր այն մարդոց, որոնք հիմա կրնան կարիքաւոր չըլլալ, սակայն օր կրնայ գալ, երբ կարիքաւոր պիտի ըլլան:
Իր փարթամութեամբ հպարտացող մը, յանկարծ մոխիրի վրայ կը նստի, բոլորին աչքերուն առջեւ: Իր գեղեցկութեամբ այնքան հպարտացող մը, քանի մը տարիներու ընթացքին անօրինակ կը հիւծի, չկարենալով պայքարիլ յանկարծ իր մարմինին մէջ յայտնուած քայքայիչ հիւանդութեան մը դէմ:
Յիշեալ երեւոյթներէն դուրս, սակայն, ինքնին առաքինութիւն է մարդասիրութիւնը, որուն տիպար եւ անգերազանզելի օրինակը Աստուծոյ կերպարն է: Ան անհամեմատելի է մարդոց իրերօգնութեան որեւէ տեսակի հետ:
Իրարու օգնելու երեւոյթին միախառնուած է յաճախ նախանձը: Տեսնուած է, որ ուրիշին օգնելու բարի ցանկութեամբ ճամբայ ելած մարդ մը, յանկարծ իր ուղին կը շեղէ, երբեմն ճիշդ հակառակ ընթացքը բռնելով…։ Ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ ետ կեցաւ իր լաւ տրամադրուածութենէն, ինչպէ՞ս մէկ անգամէն կրցաւ ճամբուն միւս կողմը անցնիլ եւ երթեւեկի հակառակ կողմին վրայ յայտնուիլ…։ Պատճառները շատ են… օրինակ, ոմանք ուրիշներու ազդեցութիւնը կը տեսնեն իրենց օգնողին վրայ, որ պղտորելով անոր միտքը, կը յաջողին ետ կեցնել զայն իր բարի որոշումէն: Կամ, ինչպէս ըսինք, սեփական նախանձը կրնայ պատճառ դառնալ, ի տես օգնութիւն ստացող մարդու վերելքին…։
Այս պարագաներուն ամէնէն տխուրը նախանձի հետեւանքով օժանդակութեան դադրեցումն է, որ իր սկզբնական վայրկեանէն իսկ վաւերական կամ ամբողջական օժանդակութիւն համարելը, ինքնին սխալ է:
Դեռ չենք ուզեր անդրադառնալ անոնց, որոնք պատրաստ են քեզի պարկերով խրատ տալ, երբ դուն իրենց ուղղակի օգնութեան կարիքը ունիս: Ասիկա կարելի է ո՛չ միայն անհատներու համար օգտագործել իբրեւ բանաձեւ, այլեւ եկեղեցւոյ: Որովհետեւ այն եկեղեցին, որ միայն խրատատուի դերին մէջ կը մնայ եւ որուն ձեռքը ուղղակի չի՛ հասնիր կարիքաւորներուն, հետզհետէ կը դատարկուի իր հաւատացեալներէն եւ ժամանակավրէպ կը դառնայ:
Կարիքաւորը, աղքատը, օժանդակութեան խիստ անհրաժեշտութիւն զգացող մարդը, երբեմն ինք իր ոյժերուն վստահելով կը նետուի յառաջ: Զայն կարելի է նմանցել նաւաբեկութենէ ետք ծովուն բացերը յայտնուած մարդուն, որ իր ձեռքերն ու ոտքերը կը շարժէ ազատելու համար ահագնացող ալիքներէն: Փրկարար լողորդներու ժամանումով արկածահար նաւաստիին քով, շուտով յոյսով կը լեցուի անոր սիրտը, փրկութեան հասած ըլլալու համոզումով: Սակայն, փոթորիկին սաստկանալով երբ փրկարարներուն կեանքն ալ կը վտանգուի, անոնցմէ մէկը խեղդուելէ եւ ստոյգ մահէ ազատելու համար, կը բռնէ արկածահար նաւաստիին ոտքէն.
_ Եթէ ձեռքէս չե՛ս բռներ, գոնէ ոտքէս մի՛ քաշեր, _ կը պոռայ նաւաբեկման ենթարկուած նաւաստին, իր յոյսը միայն Աստուծոյ վրայ դնելով եւ իր բազուկներուն վստահելով:
Նոյնն է այս կեանքի «ծովուն» մէջ «նաւաբերկման» ենթարկուած մարդոց պարագան: Եթէ չենք կրնար, կամ աւելին՝ չենք ուզեր անոնց օգնել, գոնէ ոտքերնէն չքաշենք, որպէսզի կարենան իրենց սեփական ոյժերով հասնիլ խաղաղ նաւահանգիստ: Երբեմն կը պատահի, որ իսկապէս օժանդակութեան կարիք ունեցող մարդիկ կը դիմեն իրենցմէ աւելի հզօր եւ նիւթապէս ուժեղ անձերու, որոնք սիրայօժար կը ստանձնեն անոնց օգնելու պարտականութիւնը: Սակայն, ինչպէս ըսուեցաւ, նախանձը չի՛ թոյլատրեր, որ անոնք կարենան շարունակել իրենց նպաստը բերել այս անձին «փրկութեան»: Ահա այն ատեն ճիշդ հակառակ արդիւնքին կը հասնի կարիքաւորը: Յակարծ կը տեսնէ, որ ո՛չ միայն իրեն օգնութեան երկարած ձեռքը չկայ, այլեւ աւելին՝ այդ ձեռքը իր ոտքէն բռնած է, արգիլելով իր յառաջխաղացքը…։
_ Եթէ ձեռքէս չե՛ս բռներ, գոնէ ոտքէս մի՛ քաշեր:
Ասիկա ամէնէն համեստ եւ օգնութեան մէջ եղող մարդուն արդար ճիչն է, որուն ականջ տալով իսկ, կրնանք օգնած ըլլալ անոր:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2018, 09:14