Որոնել

Գերապայծառ Պօղոս Հաքիմեան Գերապայծառ Պօղոս Հաքիմեան 

Հռոմի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայր Պօղոս Ծ. Վ. Հէքիմեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը:

Սուրբ Նիկողայոս Թոլենթինօ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ գերյարգելի Հայր Պօղոս Ծ. Վ. Հէքիմեանի Եպիսկոպոսական օծման արարողութիւնը:

Յառաջիկայ շաբաթ 29 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան Ժամը 10,30ին, Հռոմի Լեւոնեան Քահայանայապետական վարժարանի Սուրբ Նիկողայոս Թոլենթինօ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Եպիսկոպոսական օծման Արարողութիւնը, որուն ընթացքին Եպիսկոպոս պիտի ձեռնադրուի Գերյարգելի Հայր Պօղոս Ծ. Վ. Հէքիմեանը, որ պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկէ Պատրիարքը առընթերակայութեամբ Արհ Վարդան Եպս Պօղոսեանին եւ Արհ Գէորգ եպս Ասատուրեանի:

Հայր Պօղոս Ծ. Վ. Հէքիմեանը նշանակուած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին առաջնորդ ու կը յաջորդէ Արհիապատիւ Տէր Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանին։

Հայր Պօղոս Ծ.Վ. Հէքիմեան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս, 11 Նոյեմբեր 1953-ին: Ընդունուելով Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարան, Իմաստասիրութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսմունքները կատարած է Հռոմի Ս. Թովմաս Ագուինացի Համալսարանէն ներս: Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած է 14 Օգոստոս 1981-ին, իբր անդամ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Յաջորդ տարիներուն զանազան հովուական առաքելութիւններ ստանձնած է յաջորդաբար՝ իբր փոխ-ժողովրդապետ Պուէնոս-Այրէսի Հայ Կաթողիկէ համայնքին, Ժողովրդապետ Սաօ-Փաուլոյի  եւ ի վերջոյ Պույնոս-Այրէսի. վարած է Պատրիարքական Կառավարիչի պաշտօն Եգիպտոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին: Որմէ յետոյ կրկին անուանուած է Ժողովրդապետ Պուէնոս-Այրէսի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ, ուր կը պաշտօնավարէր ցայսօր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2018, 09:34