Անթիլիասի մայրավանքը Անթիլիասի մայրավանքը 

Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Գերմանական Լուտերական եկեղեցիները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը:

Շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ին, Ս. Աստուածածին վանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց լուտերական եկեղեցւոյ Ուրթըմպըրկ շրջանի հոգեւոր պետ դոկտ. Ֆրանք Օթֆրիտ Ժուլին` պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ:

Վեհափառ հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնն ու վկայութիւնը, անդրադարձաւ միջեկեղեցական ու միջկրօնական յարաբերութեանց պարզած վիճակին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան հրամայականը եւ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան գլխաւոր երեսները:

Հանդիպումը նաեւ առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր քննարկում մը կատարելու եւրոպական եկեղեցիներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով քննելու այն հարցերը, որոնք այժմէական են ու հրատապ փաստօրէն բոլոր եկեղեցիներու կեանքին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 07:59