Ռայի Պատրիարքը Ռայի Պատրիարքը 

Ռայի Պատրիարքը կոչ ուղղեց կազմելու արտակարգ իրավիճակի չէզոք կառավարութիւն մը:

Պարուքի մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ հայրենիքը կերտել առանց սիրոյ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը անցեալ շաբաթավերջին հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Իքլիմ Խարուպի շրջանը, ուր արժանացաւ ժողովրդային եւ պաշտօնական հիւրընկալութեան:

Պէյթէտտինի մէջ Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ դէմ նիւթուող բոլոր արշաւները պիտի չկարենան զայն տկարացնել կամ ոչնչացնել, որովհետեւ Փրկիչը խաչին վրայ փչեց իր վերջին շունչը, ապա մեռելներուն մէջէն յարութիւն առաւ, եւ մինչեւ իսկ դժոխքը անկարելի է, որ զայն տապալէ:

Պարուքի մէջ կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ կարելի չէ հայրենիքը կերտել առանց սիրոյ` աւելցնելով, որ այսօր իրենք կ՛ապրին սիրոյ եւ վստահութեան տագնապ մը, որ կը պատճառէ կառավարութեան կազմութեան ուշացումը:

Ան կոչ ուղղեց կազմելու արտակարգ իրավիճակի չէզոք կառավարութիւն մը` պահպանելու համար Լիբանանը: «Մենք միշտ ազգային միասնականութեան կառավարութեան մասին կը խօսինք, երբ տարակարծիք ենք: Երբ սրտերուն մէջ սէր գոյութիւն չունի, ապա ազգային միասնականութեան կառավարութիւն չի կրնար գոյանալ: Հետեւաբար մենք պէտք ունինք արտակարգ իրավիճակի կառավարութեան մը, որ միասնականութիւն ու հաշտութիւն իրականացնէ», հաստատեց ան:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Տահր Մղարա գիւղաքաղաքը, ուր բացումը կատարեց յուշակոթողի մը` Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ մուտքին:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կարիքը ունի իր միասնականութեան եւ բազմազանութեան մշակոյթին, որպէսզի կարենայ պետական հաստատութիւնները կերտել, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի բնակիչները վերադարձնել իրենց բնակարանները:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ Պարժա: Ան դիմաւորուեցաւ Պարժայի ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան գլխաւոր հրապարակին վրայ: Ան ողջունեց բոլորը` վերահաստատելով, որ երկիրը կարիքը ունի արտակարգ իրավիճակի կառավարութեան, որ կը սկսի կերտել ազգային միասնականութիւնը:

Ռայի պատրիարքը Պաասիրի Մար Էլիաս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին շեշտեց լիբանանցի երիտասարդներուն իրաւունքը` ունենալու պետութիւն մը եւ իրենց մասին մտածող քաղաքական անձնաւորութիւններ: «Ընդունելի չէ, որ Լիբանանի կացութիւնը շարունակէ մնալ ինչպէս որ է: Անկարելի է ընդունիլ, որ փտածութիւնն ու մսխումը շարունակուին», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` ընդգծելով, որ ո՛չ նախարարութիւնները եւ ո՛չ ալ չափաբաժինները կրնան  կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտել:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2018, 09:01