Որոնել

Տիրամայր Նարեկի օծման 35-րդ տարեդարձի Սուրբ Պատարագ Տիրամայր Նարեկի օծման 35-րդ տարեդարձի Սուրբ Պատարագ  

Տիրամայր Նարեկի օծման 35-րդ տարեդարձի Սուրբ Պատարագ եւ հիւրասիրութիւն:

Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան

Կիրակի` 23 Սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Տիրամայր Նարեկի եկեղեցւոյ օծման 35-րդ տարեդարձի Սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Արհի. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, իրեն առընթերակայ ունենալով եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ Գերյ. Գէորգ ծ. վրդ. Զապարեան:

Երգեցողութիւնը ներդաշնակ կերպով կատարուեցաւ «Ալեմշահ», «Սիրտ Յիսուսի» եւ «Փոքր երգիչներ» երգչախումբերու կողմէ, ղեկավարութեամբ, համապատասխանաբար, Լոռի Անդունեանի, Անթուանէթ Քաատէի եւ Անտրէա Ազարի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Նորա Քէթիպեան-Փիլոյեանի, Քարամ Դաութելի եւ Մարիան Ազարի:

Մեներգիչներն էին՝ Էօժենի Մանուկեան, Ժինան Հալլաք եւ Էմելտա Մակարեան: Յընթացս Ս. Պատարագին խօսք առաւ Գերյարգելի ժողովրդապետ Հայրը անդրադառնալով եկեղեցւոյ 35 տարիներու պատմութեան, այն անձերուն, յատկապէս լուսահոգի Եդուարդ թ. ծ. վրդ. Գորդիքեանի, որոնք 35 տարիներ առաջ զոհաբերութիւններու շնորհիւ, կերտեցին ու մեզի ժառանգ ձգեցին հաւատքի այս տունը՝ դրուատեց եկեղեցիէն ներս տարուած բեղուն աշխատանքները եւ ապա փոխանցեց իր պատգամը:

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ Գերապայծառը, անդրադառնելէ ետք եկեղեցւոյ նպատակին ու դերին հաւատացեալներու կեանքին մէջ՝ գնահատեց Ծխական Խորհուրդը, յարակից մարմինները, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբը, շնորհակալութիւն յայտնեց ու բարձր գնահատեց Գերյ. Հայր Գէորգ ծ. Վրդ.-ի հոգատարութիւնը իր ծուխի եւ գաղութի նկատմամբ ինչպէս նաեւ անոր ղեկավարութեամբ բազմաթիւ աշխատանքները:

Սուրբ Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյս «Իփէքեան եղբարք» սրահին մէջ, Հ. Կ. Մ.-ի շեփորախումբի զմայլելի նուագներով եւ հոգաբարձութեան հրամցուցած շքեղ հիւրասիրութեամբ մը նշուեցաւ եկեղեցւոյ 35-րդ տարեդարձը, ի ներկայութեան հոծ բազմութեան: Կարկանդակի հատումով եւ Գերապայծառ Տիրոջ ջամբած օրհնութեամբ վերջ գտաւ յիշատակելի տօնակատարութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 08:30