Որոնել

«Թագուհի ընտանեաց Աղօթեայ վասն մեր» «Թագուհի ընտանեաց Աղօթեայ վասն մեր»  

«Թագուհի ընտանեաց Աղօթեայ վասն մեր» Ընտանիքներու Համաշխարհային հաւաք

Մայրը կեանքի կենարար աղբիւրն է, ապաւէնը ընտանիքին, վկան՝ երբ մեզմէ որեւէ մէկը սայթաքի:

Հ. ՏԻԳՐԱՆ ՎՐԴ. ՓԻԼԻՊՊՈՍԵԱՆ

Մայրութեան եւ գեղեցկութեան ամիսը համարուող Մայիսին կը ծաղկին դաշտերը, կը վերակենդանանան արտերը եւ այսպէս՝ բնութեան զարթնումով կը գեղեցկանայ ամենուր։ Ի զուր չէ, որ եկեղեցւոյ հայրերը սոյն ամիսը նուիրած են Տիրամօր ջերմեռանդութեան:

Քանզի մայրը տան սիւնն է, իրմով կը յառաջանայ ընտանիքը, որ փոքրիկ աշխարհ մը ըլլալով՝ հետզհետէ կ’ընդլայնի եւ կը վերածուի երկիր հասկացողութեան, երբ կը կոչենք Մայր հայրենիք, մայրաքաղաք, մայրենի լեզու եւ մօր հետ կապուած այլ խորիմաստ բառեր:

Մայրը կեանքի կենարար աղբիւրն է, ապաւէնը ընտանիքին, վկան՝ երբ մեզմէ որեւէ մէկը սայթաքի, ինքզինք տկար կամ ձախողակ զգայ։ Արդարեւ, այդ պահին անվարան կ’ապաւինի իր մօրը՝ ստանալու անոր նեցուկը եւ անոր տաքուկ գիրկին մէջ սփոփանքը գտնելու, քաջ գիտնալով, որ ան իր մայրական գութով պիտի մխիթարէ, խրախուսէ եւ մղիչ ոյժը հանդիսանայ յուսալքուած զաւկին՝ յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:

Իսկ երբ սովորական մահկանացու մայր մը՝ իր որդւոյն հոգեկան անդորրը կրնայ երաշխաւորել, ապա ի՛նչ ըսել ու մտածել մեր երկնային Մօր մասին, զոր կոչած ենք Տիեզերքի թագուհի եւ որուն ամենակարեւոր յատկանիշներէն մէկը՝ «թագուհի ընտանեաց»ն է։ Ինչպիսի կարեկցութիւն, ողորմածութիւն, գթասրտութիւն պիտի ցուցաբերէ Ան մեզմէ իւրաքանչիւրին եւ մեր ընտանիքին եթէ ան սասանի եւ փլուզման եզրին հասնի: Կը մնայ միայն Անոր դիմել գոչելով. «Թագուհի ընտանեաց՝ Աղօթեայ վասն մեր» եւ վստահ ըլլալ, որ ան ներկայ պիտի ըլլայ մեր օրհնուած ընտանեկան յարկէն ներս՝ պարուրելով մեզ իր մայրական գուրգուրանքով:

Վարդարանի այս համարը ընտրելս ինքնանպատակ չէ, այլ անոր ընդմէջէն պիտի փորձեմ լուսարձակի տակ առնել ընտանիքին կարեւորութիւնը հայ իրականութեան մէջ եւ աւելին՝ Տիրամօր դերակատարութիւնը ընտանիքի կեանքէն ներս:

Սակայն նախքան այդ՝ անհրաժեշտ է իմանալ, թէ Տիրամայրը ինչո՞ւ թագուհի կոչուեցաւ:

Եթէ ընթերցենք Աստուածաշունչը, ապա պիտի տեսնենք որ Յիսուս տիեզերքը ստեղծող Արարիչին Միածին Որդին է, ուստի եւ երկրագունդի Արքան, ապա զինք ծնող մայրը ինքնաբերաբար պիտի ըլլար եւ եղաւ թագուհիներուն թագուհին:

Ան իր ամբողջ էութեամբ նուիրուեցաւ տաճարի ծառայութեանը, ապրեցաւ բարեպաշտ կենցաղով, նախ՝ որպէս հաւատարիմ զաւակ իր ծնողներուն, հնազանդ, խոստումնալից եւ տիպար դուստր մը: Իր սրբակեաց, անբասիր եւ անբիծ վարքագիծին շնորհիւ եւ իր նկարագրին բնորոշ՝ հնազանդութեան, խոնարհութեան եւ ծառայասիրութեան համար Աստուած զինք ընտրեց դառնալու մայրը եւ թագուհին տիեզերքին նման Ս. Պօղոս առաքեալի բնութագրման՝ «Դուք տաճարն էք Աստուծոյ եւ Աստուծոյ Հոգին կը բնակի ձեր մէջ» (Ա. Կոր. 3, 16): Որովհետեւ ընտանիքը, այս պարագային, աշխարհը ծաղկեցնողը եւ զայն ճիշդ հունին մէջ մտցնողը մայրն է: Տիրամայրը՝ իր զաւկին հանդէպ ունեցած կապուածութիւնը եւ մայրական մեծ սէրը քանիցս ապացուցած է։ Արդարեւ, Ան Յիսուսի կեանքի եւ յատկապէս առաքելութեան ողջ տեւողութեան՝ անոր կողքին յայտնուեցաւ՝ սկսած «Կանայի հարսանիք»էն, ուր հանրութիւնը առաջին անգամն ըլլալով ականատես եղաւ Քրիստոսի կատարած հրաշքին, հասնելով իր զաւկին խաչելութեանն ու հրաշափառ Յարութեան մեծ խորհուրդին:

Սակայն այսօր, դժբախտաբար, փոխուած են չափանիշներն ու չափորոշիչները, եւ ի շարս այլ բարոյական արժէքներու անէացման՝ չքացած է նաեւ ընտանեկան սրբութիւնը, որովհետեւ վերացած է զոհողութեան ոգին, համատարած անտարբերութիւն մը պատած է ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները, որու հետեւանքով ծնողքը վար առած է իր լիազօրութիւնները: Ընտանեկան յարկէն ներս իւրաքանչիւր անհատ֊ անդամ կ’ապրի ըստ իր քմահաճոյքին: Շատ յաճախ կը հանդիպինք ընտանիքներու՝ ուր համերաշխութիւնը, փոխզիջումն ու հանդուրժողականութիւնը առկայ չեն:

Ամուսնութեան դէպքերէն աւելի՝ կը լսենք ամուսնալուծումներու պարագաներ, ուր տուժողները կ’ըլլան նոյնինքն զաւակները, որոնք այսպիսի մթնոլորտի մէջ ապրելով կը դառնան հոգեպէս անդամալուծուած, անհաւասարակշիռ մարդիկ, կ’ապրին մեկուսի կեանքով՝ իրենք-զիրենց համարելով հասարակութեան կողմէ մերժուած անբաղձալի անձնաւորութիւններ:

Ո՞ւր են հայկական Ս. Պսակի խորհուրդին անսացող զոյգերը, որոնք կար ժամանակ երբ որպէս օրինակ կը ծառայէին այլազգիներուն:

Երբ Հայ ընտանիքը քայքայուի, հայ մարդը անդամալուծուի, ապա իր հետ կը կործանէ բոլոր այն հոգեւոր եւ ազգային հաւատալիքները զորս կը դաւանէինք եւ որոնց համար դարեր շարունակ պայքարեցանք եւ դեռ կը շարունակենք մաքառիլ:

Ներկայի դրութեամբ մեր առջեւ ցցուած են բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ խոչընդոտներ, զորս պէտք է դիմակալենք խոհեմութեամբ:

Այն ընտանիքները, որոնք ամբողջովին նուիրուած են Տիրամօր եւ միշտ անոր բարեխօսութիւնը կը հայցեն՝ դժուար որ փլուզին, որովհետեւ Տիրամօր ներկայութիւնը մեր ընտանեկան կեանքէն ներս կը համախմբէ ընտանիքին անդամները եւ տան օճախը վառ պահելով՝ կը ներմուծէ սէր եւ խաղաղութիւն, ինչ որ անսասան կը պահէ ընտանիքը եւ երբ վերջինս հաստատուն է՝ ապա կանգուն է Եկեղեցին եւ Հայրենիքը: Այս եռեակով մեր եւ մեր ազգին առջեւ կը բացուին ապագայի միտուած լուսաւոր օրեր, ի փառս Եկեղեցւոյ եւ ի պանծացումն Ազգին Հայոց:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/08/2018, 08:26