Որոնել

Չեսթեքովայի Տիրամօր սրբապատկերը Չեսթեքովայի Տիրամօր սրբապատկերը 

Լեհաստան - Չեսթոքովայի Տիրամօր ծիսական տօնը 26 օգոստոսին։

Աստուածամօր սրբապատկերը գործն է Սուրբ Ղուկաս առաքեալին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Յառաջիկայ կիրակի 26 օգոստոսին կը յիշատակուի Լեհաստանի Չեսթոքովա քաղաքի ''Եասնա Կորա'' Սրբավայրի մէջ գտնուող Չեսթոքովայի Տիրամօր ծիսական տօնը։

Չեսթեքովայի Տիրամօր սրբավայրը նկատուած է Տիրամօր նուիրուած Լեհաստանի  ամենէ կարեւոր ու հռչակաւոր սրբավայրը ուր ամէն տարի` բազմահազար ուխտաւորներ կը փութան, հայցելու համար Աստուածամօր բարեխօսութիւնը։ 

ԺԴ դարէն սկսեալ սրբավայրը դարձած է  պաշտամունքի եւ մեծարանքի վայր։ Աւանդութեան համաձայն կը նշուի թէ Աստուածամօր սրբապատկերը գործն է Սուրբ Ղուկաս առաքեալին որ՝ Տիրամօր ժամանակակից ըլլալով գծած է Տիրամօր հարազատ դիմագիծը, Սուրբ Ընտանիքի կողմէ օգտագործուած սեղանի մը տախտակին վրայ։

Աւետարանիչը Երուսաղէմի մէջ գծագրած է երկու նկարներ ի միտ ունենալով՝ Մարիամին անհամեմատելի գեղեցկութիւնը փոխանցել ապագայ սերունդներուն։ Անոնցմէ մին հասած է Իտալիա եւ այսօր կը պահպանուի Պոլոնիա քաղաքին մէջ մինչ միւսը՝ զանազան  վայրիվերումով հասած է Լեհաստան։

8 սեպտեմբեր 1717-ին, տեղի կ՛ունենայ Չեսթոքովայի Տիրամօր հրաշագործ սրբապատկերի թագադրութեան արարողութիւնը։ 1909-ին սակայն անյայտ անձինք կը գողնան այդ  թագը եւ դարերու հոլովոյթին Տիրամօր սրբապատկերին կը նուիրուին այլ տարբեր թագեր, որոնցմէ մին նուէրն է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին` որ 1 ապրիլ 2005-ին՝ իր մահուընէ ճիշդ մէկ օր առաջ նուիրեց Սրբավայրին։

Նշենք նաեւ թէ Սրբապատկերին կից գտնուող մատրան մէջ կը գտնուի Պօղոս Զ Պապի կողմէ  նուիրուած  ոսկեծոց վարդարան մը։ Մոնթինի քահանայապետը արդարեւ մեծ  փափաք ունէր՝ 1966-ին իր մասնակցութիւնը բերելու Լեհաստանի քրիստոնէութեան 1000 ամեակի նշման արարողութիւններուն, սակայն, համայնավար պետութիւնը արգելք հանդիսացաւ Անոր Լեհաստան ժամանումին։

2004-ին, Տիրամօր Սրբավայրը փոխադրուեցաւ նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապին արիւնոտ գօտին, զոր իր վրայ կրած էր Իրեն դէմ գործուած ահաբեկչութեան օրը` 13 մայիս 1981-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2018, 11:27