Որոնել

Գրիգոր Պետրոս Ի Գրիգոր Պետրոս Ի 

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքի գահակալութեան երրորդ տարեդարձը։

Հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին համաձայն բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի «Մաղթանքի կարգը»։

2015-ի Յուլիս ամսուայ 24-ին, Զմմառու աթոռանիստ մայրավանքին մէջ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիւնհոդոսական հայրերը կ՛ ընտրէին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` 20-րդ Կաթողիկոս Պատրիարքը, յանձինս Փարիզի հայ կաթողիկէներու վաստակաւոր առաջնորդ` Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր Եպիսկոպոս Կապրոյեանի որ այդ ընտրութեամբ առաւ Գրիգոր - Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատիրաքի անունը։

Ան կը յաջորդէր երջանկայիշատակ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոս պատրիարքին որ իր մահկանացուն կնքած էր  ճիշտ մէկ ամիս առաջ` 25 Յունիս 2015-ին։

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ ապա  Օգոստոս 9-ին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատրիարքական աթոռ` Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ։

Այսօր հինգշաբթի 9 օգոստոս 2018-ին կը նշուի այդ գահակալութեան երրորդ տարեդարձը եւ ըստ հայ կաթողիկէ ծիսական օրացոյցին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ կաթողիկոս պատրիարքին նուիրուած «Մաղթանքի կարգը»։

Գրիգոր Պետրոս Ի  ծնած է Հալէպ` 14 նոյեմբեր 1934-ին։ Մտած է Զմմառու կղերանոցը, ուստի մեկնած է Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան։ Իմաստասիրական եւ Աստուածաբանական եկեղեցական ուսմանց աւարտին` Քահանայ ձեռնադրուած է  Պէյրութի մէջ` 28 մարտ 1959-ին։ Պաշտօնավարած է Զմմառու կղերանոցին մէջ 1960-ին, ապա 1962էն -1969 եղած է տեսուչ Մեսրոպեան Վարժարանին, իսկ 1969էն - 1975` տեսուչ Զմմառի դպրեվանքին եւ քարտուղար համանուն վանքին գործադիր խորհուրդին։ 1976-ին Սուրբ Աթոռի կողմէ կը նշանակուի Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէներու Առաջնորդ ուր կը մնայ մինչեւ իր հրաժարականը։

9 օգոստոս 2015-ին տեղի ունեցած Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին հայերէն լեզուով արտասանած իր անդրանիկ ճառին մէջ գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս պատրիարքը ըսած էր «Ո՛չ իմ անձնական ձիրքերուս ո՛չ գիտութեանս ո՛չ ալ երկարամեայ հովուական փորձառութեանս վստահելով է որ ընդունեցայ այս ծանր բեռը այլ մտաբերելով այն աւետարանական ճշմարտութիւնը՝ թէ Աստուած յաճախ տկարներն ու տգէտները կ՛ընտրէ իր ծրագիրները իրագործելու համար ինչպէս կը քարոզէ Պօղոս առաքեալը»։

Կաթողիկոս Պատրիարքը ապա գործակցութեան կոչ ըրաւ Հայ կաթողիկէ համայնքին բոլոր կենսունակ տարրերուն, սկսեալ նուիրապետական դասէն մինչեւ ամենահամեստ դասակարգերը, անցնելով կղերէն եւ հասնելով համայնքի յանձնառու անդամներուն»։

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, Լիբանանի մօտ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչչա  կարդաց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գահակալութեան առթիւ ուղարկած օրհնութեան գիրը։ Նորին Սրբութիւնը  Իր եղբայրական եւ սրտագին շնորհաւորութիւնները յայտնելէ ետք նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքին, նշեց որ նոր Կաթողիկոս Պատրիարքին ընտրութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի պահու մը երբ «Ձեր եկեղեցին կը դիմագրաւէ որոշ դժուարութիւններ եւ նոր մարտահրաւէրներ, ինչպէս մասնաւորաբար հայ կաթողիկէ հաւատացեալներու մէկ մասին կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ»։ Սրբազան Պապը ապա յայտնեց համոզումը՝ որ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, Սիւնհոդոսի պատկառելի Հայրերուն հաղորդակցութեամբ  եւ Սուրբ Հոգիին օգնութեամբ, աւետարանական իմաստութեամբ պիտի գիտնայ ըլլալ «Հայր Եւ Գլուխը», Բարի Հովիւը Աստուծոյ ժողովուրդի այն մասին որ իրեն կը յանձնուի»։

Քահանայապետը ապա նամակը եզրափակեց հաստատելով  «Հայ բազմաթիւ նահատակները եւ Գրիգոր Նարեկացին, Հայ Եկեղեցւոյ Վարդապետը, պիտի չդադրին բարեխօսելէ ձեզի համար»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2018, 10:06