Որոնել

Սուրիացի ապաստանեալ մանուկներ Լիբանանի մէջ Սուրիացի ապաստանեալ մանուկներ Լիբանանի մէջ 

Գերապայծառ Հինտօ. «Սուրիաի մէջ քիւրտերը կը փակեն քրիստոնեաներուն դպրոցները»։

Գերապայծառ Հինտօ մեծ մտահոգութիւն արտայայտեց շրջանը «քիւրտամէտ» դարձնելու փորձի մասին որ «կը նախատեսէ շրջանէն քրիստոնեաներու հեռացումը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քիւրտերու կողմէ փորձ կը տարուի այս շրջանէն վերացնելու քրիստոնէական ներկայութիւնը։ Տարիներ են որ կը կրկնեմ այս մէկը» Այսպէս յայտարարած է  Հասաքէի Կաթողիկէ - Ասորիներու  արքեպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ժագ Պեհնամ Հինտօ՝ Տառապեալ եկեղեցիներու օգնութիւն հաստատութեան։ 

Լուրը հաղորդելով գերապայծառը հաստատած է նաեւ թէ մի քանի դպրոցներ արդեն փակուած են ոչ օրինական քիւրտերու «Հիւսիսային Սուրիոյ ժողովրդավար դաշնութեան» կողմէ առնուած որոշումով։

«Տարւոյն սկիզբէն ի վեր դաշնութիւնը փակել տուած է պետական  հարիւրաւոր դպրոցներ եւ այժմ կարգը եկաւ սեփական դպրոցներուն, որոնց մեծամասնութիւնը կը պատկանի քրիստոնեայ եկեղեցիներուն» - ըսած է գերապայծառ Հինտօ դիտել տալով «Անոնք չեն ուզեր որ մեր դպրոցներուն մէջ դասաւանդուի պետական ծրագրի դասընթացքները ներառեալ պատմութիւնը ու մեր աւանդութիւնները» դիտել տուած է միշտ գերապայծառ Հինտօ մեծ մտահոգութիւն արտայայտելով  շրջանը «քիւրտամէտ» դարձնելու փորձի մասին, որ «կը նախատեսէ շրջանէն  քրիստոնեաներու հեռացումը» - շեշտած է Ան։

Քիւրտերը այսօր կը ներկայացնեն բնակչութեան 20 տոկոսը ու միտում ունին աճեցնելու իրենց ներկայութիւնը, վտարելով այլ ազգութիւններու պատկանող բնակիչները» - ըսած է ապա Գերապայծառ Հինտօ կոչ ուղղելով միջազգային հասարակութեան ու յատկապէս եւրոպական երկիրներուն, լռութեան մէջ չի մնալու ու իրենց ձայնը լսելի դարձնելու ի նպաստ քրիստոնեայ համայնքային դպրոցներուն ու Սուրիոյ հիւսիսին մէջ ապրող քրիստոնեաներուն։ 

Նշենք թէ այս ծիրէն ներս, անցեալ  Չորեքշաբթի, 29 օգոստոս 2018-ին, խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Աֆրամ Բ. եւ Իգնատիոս Եուսեֆ Գ. Եունան պատրիարքներուն միջեւ: Առաջարկուեցաւ, որ հոգեւոր պետերը թէ՛ Դամասկոսի իշխանութեան ճամբով եւ թէ՛ քրտական իշխանութեան հետ բանակցելով բարւոք լուծում որոնեն ստեղծուած դժուար կացութեան: Նոյն օրն իսկ ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ պատրիարքը մեկնեցաւ Դամասկոս, իսկ ասորի կաթողիկէ պատրիարքը` Հալէպ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2018, 11:14