Որոնել

Մարոնի եպիսկոպոսներ Մարոնի եպիսկոպոսներ 

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդ. «Անյապաղ կազմել կառավարութիւն մը:»

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն 15 օգոստոսին մասնակցելու Ս. Աստուածածինի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, խորհուրդը ցաւ յայտնեց, որ աւելի քան երկու ամիսէ ի վեր խորհրդակցութիւնները կառավարութեան կազմութեամբ չեն արդիւնաւորուած, իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը աւելի եւս վատթարացած է, մինչ շրջանային ճակատագրական զարգացումները կը յամենան:

Խորհուրդը անհրաժեշտ նկատեց անյապաղ կազմել կառավարութիւն մը, որ կարենայ դիմագրաւել երկրին դէմ սպառնացող մարտահրաւէրները եւ յանգիլ համաձայնութեան մը, որուն հիման վրայ պէտք է պայքարիլ երկրին մէջ փտածութեան դէմ:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը անդրադարձաւ հաշիշի մշակումը օրինականացնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուող տեսակէտներուն` հաստատելով, որ առողջապահական նպատակներով անոր գործածութիւնն ու Պեքաայի բարգաւաճումը ապահովող ենթադրեալ այս ծրագիրին գործադրութիւնը կրնան շատ վտանգաւոր ըլլալ ընկերային եւ բարոյական իմաստով:

Խորհուրդը շեշտեց, որ հաշիշի մշակման մասին օրինագիծերը պէտք է լաւ սերտուին եւ ճիշդ որոշումներ տրուին, որպէսզի լիբանանեան ընկերութեան մէջ աւերներ չգործուին:

Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը գոհունակութիւն յայտնեց Հելսինքիի վեհաժողովէն բխած որոշումին համար, որուն լոյսին տակ կը կազմակերպուի սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը` հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Ռուսիոյ, գործակցութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութիւններուն հետ:

Խորհուրդը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն 15 օգոստոսին մասնակցելու Ս. Աստուածածինի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2018, 08:56