Գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան Գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեան 

Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը 12 օգոստոսին։

Ֆրանսայի Հայ Կաթողիկէ Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին նորընտիր առաջնորդ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ՝ Կիրակի 12 օգոստոս 2018-ին, Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ վերափոխման տօնին օրը, Հայրապետական սուրբ պատարագի ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Զմմառու Տիրամօր Սրբավայրին մէջ, առաւօտեան ժամը 10-ին,  հանդիսապետութեամբ Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոսի Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին, եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն պիտի շնորհուի, անցեալ ամիսներուն  Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի կողմէ ընտրուած ու 23 յունիս 2018 թուակիր Քահանայապետական կոնդակով վաւերացուած՝  Ֆրանսայի  Հայ Կաթողիկէ  Փարիզի Սուրբ Խաչ Թեմին նորընտիր առաջնորդ՝ Գերպծ. Հայր Եղիա Թ. Ծ. Վ. Եղիայեանի։  

Հայր Եղիա Եղիայեան ծնած է Հալէպ՝ 29 մայիս 1950-ին։  Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան անդամակցելով՝ Քահանայ ձեռնադրուած է 24 մարտ 1974-ին։

Ան հովուական ծառայութիւնը մատուցած է որպէս Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն, Զմմառու վանքի փոքր նորընծայարանի տեսուչ, Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի տեսուչ ապա Զմմառու Վանքի միաբանութեան վարչութեան անդամ եւ Վանքի ընդհանուր մատակարար։ Բացի Արաբերէնէն եւ Հայերէնէն ան կը խօսի նաեւ Իտալերէն եւ Ֆրանսերէն։

«Վատիկան Նիուզ»ի հայկական բաժնի խմբագրական կազմը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նոր ընտրեալ Եպիսկոպոսին, անոր ապահովեցնելով աղօթքներ ի նպաստ պտղաբեր ու բեղուն առաքելութեան ի փառս Աստուծոյ եւ ի ծառայութիւն ազգիս հայոց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2018, 08:26