Որոնել

 Սուրբ  Գրիգոր Նարեկացի Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի 

Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին

Աղօթքը կատարելութեան ճանապարհին ընկերացող ամենէն կարեւոր ազդակներէն մին է իւրաքանչիւր անհատի համար

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

«Վարք Հարանց» հաւաքածոյին խրատները ուղղուած են միայնակեացներու եւ կրօնաւորներու։ Այնտեղ հաւաքաուած են Անապատի Հայրերու եւ սուրբ ու հռչակաւոր ճգնաւորներու, միայնակեացներու եւ կրօնաւորներու խրատներ եւ վարքեր։ Նախորդ հաղորդումներուն մէջ յիշեցինք այդ սուրբ անձերուն յորդորները, ուր կը տեսնենք թէ անապատ քաշուելով, միայնակեցական կեանք ապրելով չէին փառատեր փորձութիւններ, ախտեր եւ մեղանչումներ։ Հայրերը կու տան իրենց ցուցմունքները, թէ ինչպէս կրօնաւորը հեռու պէտք է մնայ փորձութիւններէ եւ մեղքերէ, եւ համբերութեամբ եւ յարատեւ ջանքերով ձգտի կատարելութեան։
Աղօթքը կատարելութեան ճանապարհին ընկերացող ամենէն կարեւոր ազդակներէն մին է իւրաքանչիւր անհատի համար, իսկ կրօնաւորը կամ միայնակեացը ունին աղօթքներու շատ աւելի մեծ ծաւալ մը։ Հայրերը կը խրատեն, թէ «Իւրաքանչիւրը թող մտածէ առտնին եկեղեցւոյ մասին, եւ պէտք է այնտեղ կատարենք եկեղեցւոյ կարգերը։ Եթէ եկեղեցւոյ մէջ ժողովուրդ կը հաւաքուի, մօտեցիր հոն. եւ եթէ չկան, խօսէ սաղմոսները, առաքեալներու թուղթերը եւ աւետարանը։» Արդ, կրօնաւորը կապուած է առտնին եկեղեցւոյ։ Իր պաշտամունքը կը մատուցանէ հոն եւ կը ծառայէ ժողովուրդին հոգեւոր եւ մարմնաւոր կարիքներուն։ Սակայն այդ ծառայութեան եւ կամ գործունէութեան կողքին, երբ կրօնաւորը առանձին է, ան կʼաղօթէ սաղմոսներ, եւ կը խորանայ Սուրբ Գրքի ծանօթութեան մէջ, Աստուծոյ Խօսքը առնելով իբր լոյս եւ ուղղութիւն։ Իսկ թէ ինչպէս պէտք է ապրի Աստուածաշունչի պատգամները, կրօնաւորը կրնայ ակնարկը սուրբերուն ուղղելով սորվիլ առաքինութիւններու գործադրում։ Խրատականը կʼըսէ՝ «Սուրբերէն նայէ առաքինութիւններու փառքերը. որովհետեւ անոնց փառքը անմահ է, եւ մահէն վերջ ալ կան ու կը մնան։ Եթէ սուրբերուն հետ խօսիս, հոգիով եւ տեսանելի վարքով ծածկեալ բաները կը մաքրես. որովհետեւ առաքինութեան բոյրը չի ծածկուիր։»
Որքան աւելի անհատ մը յառաջանայ կատարելութեան եւ սրբութեան մէջ այնքան աւելի յստակատես կը դառնայ՝ ճանչնալու եւ զանազանելու բարին ու չարը։ Այն ժամանակ այդ անհատը կը տեսնէ թէ ո´րքան ուժգնութեամբ չարը կը գործէ մարդ արարածին դէմ, ուզելով զայն հեռացնել Աստուծմէ։ «Վարք Հարանց»ը խորհուրդ կու տայ՝ «Չարութիւնը տես մանաւանդ այն ժամանակ, երբ մտածես դեւերու մասին, թէ ինչպէս սուր բռնած են մեզի հակառակ։»
Համբերութիւն եւ բարիին մէջ յարատեւութիւնը տաժանելի է մարդ արարածին համար։ Սակայն կատարելութեան ճանապարհին վրայ անոնք հարկաւոր են, որպէս զի հոգիին, կամքին եւ մարմնին դիմադրողականութիւնը զօրանան։ Յարատեւութիւնը կարեւոր է բարի գործերու մէջ, ինչպէս խրատականը կը յորդորէ՝ «Միշտ փութա բարի գործերու, երբեք մի լքեր զանոնք, եւ զանոնք կիսակատար մի ձգեր։» Սրբանալու եւ բարի գործերու կատարումը յարատեւութեամբ միայն ձեռք կը բերուի։ Գրիգոր Նարեկացի գիտակից էր, թէ որքան տաժանելի է այդ ճանապարհը, եւ թէ միայն Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է ամբողջացնել սկսած ճանապարհը՝
«Բերանովս մօտ եմ Աստուծոյ, բայց հեռու երիկամունքներովս,
Շրթունքներով պատիւ կը մատուցանեմ, սակայն ինչպէս կʼըսէ մարգարէն, սրտովս՝ ո´չ։ Անարժան ծառայ եմ, անկայուն վիճակով՝ երկու ճանապարհներու միջեւ, որ կʼառաջնորդեն մահուան։ Կը ջանամ, բայց յաջողութիւն չունիմ.
ճիգ կը թափեմ, սակայն չեմ հասնիր. կը փութամ, սակայն չեմ ժամաներ. կʼանձկամ, սակայն չեմ տեսներ. կը փափաքիմ, սակայն չեմ հանդիպիր (Բան ԻԸ. Բ.)։
Ասոր համար Սուրբ Գրիգոր կʼաղօթէ՝ «Մի եղէց անպտուղ ի փոքր վաստակոյս`
Իբր ապաջան սերմանող անբերրի երկրի:
Մի լիցի ինձ երկնել, եւ ոչ ծնանել,
Ողբալ, եւ ոչ արտասուել,
Խորհել, եւ ոչ հառաչել,
Ամպել, եւ ոչ անձրեւել,
Ընթանալ եւ ոչ հասանել,
Ինձ ձայնել, եւ քեզ ոչ լսել,
Պաղատիլ, եւ անտես մնալ,
Կողկողիլ, եւ ոչ ողորմիլ,
Աղաչել, եւ ոչ ինչ աւգտել,
Զոհել, եւ ոչ ճենճերել,
Զքեզ տեսանել, եւ դատարկ ելանել: (Բան Բ. Գ.)
Վարք Հարանցի խրատականը կը շարունակէ՝ «Այնպէս ընթացիր, որ հասնիս, այսինքն առանց դադարի, որովեհետեւ պարտ եւ արժան է առաքինութիւններով ընթանալ՝ մինչեւ դուրս ելլենք այս կեանքի ասպարէզէն։ Մի տաղտկանար առաքինութեան գործերու մէջ, որովհետեւ անոնցմէ վաստակ վաստակի վրայ կʼաւելնայ։ Համբերութեան մէջ նահատակուիր՝ նախ քան որ վտանգները հասնին, որպէսզի վիշտերու մէջ պատրաստ սպառազէն ըլլաս։» Առաքինութեան գործերը եւ համբերութիւնը կը զօրացնեն հոգին, որպէսզի ան միշտ պատրաստ ըլլայ դիմագրաւելու յորին, փորձութիւնն ու նեղութիւնները։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/08/2018, 08:00