Որոնել

Սուրբ պատարագ Սուրբ պատարագ 

Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքի հայոց եկեղեցւոյ

Յուլիս 22-28 Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջէթնիկ շարժանկարներու շաբաթ-փառատօնը

Յուլիս 22-28 Ռումանիոյ Թուլչա քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Միջէթնիկ շարժանկարներու շաբաթ-փառատօնը` արդէն 13-րդ անգամ: Այս տարի եւս այլ համայնքներու ու փոքրամասնութիւններու կողքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ռումանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները:

Փառատօնի ծիրէն ներս Թուլչա  այցելած էր նաեւ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան, ուր կանգուն կը մնայ  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայոց եկեղեցին` կառուցուած 1882թ: Դեռեւս 2013թ-էն առաջնորդի կարգադրութեամբ Թուլչայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ այցելու քահանայ իր ծառայութիւնը կը բերէ Կոնստանցայի եւ տարածաշրջանի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեան: Սրբազանի տեսլականն էր աշխուժացնել տեղի փոքրաթիւ համայնքը, հնարաւորութիւն ստեղծել, որպէսզի երկարամեայ դադարէ յետոյ հայոց եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ հնչէ մեր Սրբազան Պատարագը, հայալեզու աղօթքը` եկեղեցւոյ շուրջ հաւաքելով համայնքի ցրուած անդամները: Պատարագներուն կը մասնակցին ոչ միայն հայեր Թուլչայէն ու Պապադագէն, այլեւ նաեւ ռումանացիներ:

Հերթական պատարագը մատուցուեցաւ յուլիս 29-ին` ձեռամբ Թեմակալ Առաջնորդի եւ մասնակցութեամբ Տ. Օշական քահանայ Խաչատրեանի: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Ռումանիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիար Սերգէյ Մինասեան տիկնոջ հետ, Ազգային փոքրամասնութիւններու ղեկավար, Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր տիար Վարուժան Փամբուկչեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան Թուլչայի մասնաճիւղի նախագահ, Ռումանիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր տիար Սիմիոն Լուչիան Էդուարդը, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ եւ ուխտաւորներ Ռումանիոյ  շարք մը ծուխերէ ու քաղաքներէ` Պուխարեստ, Պիտեշտ, Պակըու, Թըրկու Օկնա, Պոտոշան եւ այլն:

Սրբազանն իր օրհնութիւնը բերաւ ներկաներուն, շնորհաւորեց փառատօնի յաջող իրականացման եւ կազմակերպման համար` աղօթք բարձրացուց առ Աստուած Հայաստանի եւ Ռումանիոյ Հանրապետութիւններու, հայ եւ ռումանացի Եկեղեցիներու եւ երկու բարեկամ ժողովուրդներու անսասանութեան, զօրացման ու բարգաւաճման համար:

Քաղուած «Հայերն այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2018, 08:45