Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներէն առնուած լուսանկար Հնդկաստանի մէջ հաւատացեալներէն առնուած լուսանկար 

Հնդկաստանի հաւատացեալներուն նամակը Ֆրանչիսկոս Պապին

Հնդկաստանի մէջ կաթողիկէ հաւատացեալները ֆրանչիսկոս Պապէն կը խնդրեն որ արագացնէ կարգ մը հաւատացեալներուն մարտիրոս հռչակուելու գործընթացը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հնդկաստանի կաթողիկէ հաւատացեալները նամակով մը Ֆրանիսկոս Սրբազան Պապէն խնդրած են, որ արագացնէ Օրիսսա նահանգի մէջ ցեղային մաքրագործութեան զոհ գացած հաւատացեալներուն մարտիրոս հռչակուելու գործընթացը:

Տասը տարի առաջ, Հնդկաստանի մէջ ծայրայեղական խմբաւորում մը ցեղային մաքրագործումի նպատակով սպանած է խումբ մը քրիստոնեայ հաւատացեալներ:

Յիշեալ հաւատացեալներու սպանութեան 10-րդ ամեակի առիթով գրուած նամակին հեղինակն է մտաւորական, կաթողիկէ հաւատացեալ Ճոն Տայլալ, որ էր նաեւ Ասիոյ միջ ամենէն հին եկեղեցական շարժումի երբեմնի նախագահը:

Ան նամակին մէջ նկատել տուած է, որ Հնդկաստանի մէջ աւետարանումէն ետք, հաւատացեալներ կրցած են ապահով եւ ժողովրդավար վիճակի մէջ ապրիլ, շնորհիւ հանրապետութեան սահմանադրութեան, որ կ՝երաշխաւորէ հաւատքի ազատութիւնը:

Ճոն Տալ նամակին մէջ յիշած է , որ Հնդկաստանի մէջ եղած են նաեւ տխուր եւ ցաւալի պատմական պահեր՝ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն համար, ինչպէս 18-րդ դարու վերջաւորութեան Մայսոր Թիփու Սուլթանի կողմէ գործադրուած տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներուն կալանաւորումի արարքը եւ երկու դար վերջ 2008 թուին, ծայրայեղական խմբաւորումի քրիստոնեաներուն դէմ գործադրուած ամենամեծ ողբերգութիւնը, որ տեղի ունեցած է 25 օգոստոս 2008-ին, եւ որմէ շատեր ՝աւելի քան 60000 մանուկներ, կիներ տարեցներ փախուստ տուած ու փրկուած են շնորհիւ իրենց գիւղերու անտառներուն խիտ ծառերուն:

Նամակին մէջ հնդկաստանի հաւատացեալները ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապէն կը խնդրեն որ արագացնէ այդ ոճիրին զոհ գացած հաւատացեալներուն մարտիրոս հռչակուելու գործընթացը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2018, 13:48