Որոնել

Արամ Ա կաթողիկոս Արամ Ա կաթողիկոս 

Երիտասարդներու հետ զրոյց` Հայ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին:

Հայ Եկեղեցւոյ Բարեկարգումը սկսաւ այս վայրկեանին. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երկուշաբթի, 6 օգոստոս 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէն եւ Քանատայէն Անթիլիասի մայրավանք եկած ու խտացուած դասընթացքներուն մասնակցող համալսարանական ուսանողները, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան երիտասարդները, հաւաքուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին շուրջ, մայրավանքի շրջափակին մէջ, եւ ունեցան եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչուած խնդիրներու ու մտահոգութիւններու մասին զրոյց մը անգլերէն լեզուով, որ ուղղակիօրէն  սփռուեցաւ «Cilicia TV»-ի դիմատետրի էջով` առիթ ընծայելով նաեւ այլոց մասնակցութեան:

Երիտասարդներուն անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Աննա-Մարի Տանայեան (Արեւելեան թեմ): Ան երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին խտացուած դասընթացքի կազմակերպման, ինչպէս նաեւ երիտասարդներուն հետ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան մասին կարծիք փոխանակելու առիթ ընծայելուն համար, որմէ ետք խօսքը փոխանցեց վեհափառ հայրապետին:

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն` հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութեան եւ յատկապէս անոր վերանորոգման ու բարեկարգութեան գծով իրենց ունեցած նախանձախնդրութեան համար: Վեհափառ հայրապետը վերյիշեցուց, որ իր մտածումներուն ու աղօթքներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն երիտասարդները`  ընդգծելով, որ անոնք հայ եկեղեցւոյ ու համայնքին մայր էջին կը պատկանին, իսկ զանոնք լուսանցքայնացնելու բոլոր փորձերը անընդունելի են: Խօսելով եկեղեցւոյ բարեկարգման մասին` ան դիտել տուաւ, որ բարեկարգութիւնը ոչ թէ վարչական համակարգին կ՛ակնարկէ, այլ մէկ քայլ անդին երթալով իր մատը կը դնէ եկեղեցւոյ ամբողջական դրսեւորման վրայ, բան մը, որ շարունակական գործընթաց մըն է: Ան աւելցուց, որ եկեղեցին կառոյց ու հոգեւորականութիւն չէ, այլ ժողովո՛ւրդն է եկեղեցին, իսկ հայ եկեղեցին բարեկարգութենէն անդին պէտք է առաջնորդել դէպի վերանորոգում, որ աւելի համապարփակ գործընթաց մըն է:

Ինչ կը վերաբերի բարեկարգութիւն պահանջող մարզերուն, վեհափառ հայրապետը ամփոփ կէտերով մատնանշեց շարք մը բնագաւառներ ու պարզեց իր մտածումները.  վեհափառ հայրապետը ըսաւ, թէ պէտք է քայլ պահել 21-րդ դարու փոփոխութիւններուն հետ` հիմնուելով Աստուածաշունչին եւ մեր եկեղեցւոյ հայրերու ուսուցումներուն ու արժէքներուն վրայ, հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանութիւնը դարձնել աւելի համապատասխան ներկայ դարուս, բարեկարգել մեր ծէսը, զարկ տալ մեր հոգեւոր դասին կազմաւորման, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններն ու արդիականութիւնը ագուցանել իրարու հետ: Ճիշդ չէ դարուս մարտահրաւէրները մերը չնկատել եւ անդրադարձ չունենալ հիմնախնդիրներու, որոնք անցեալին գոյութիւն չունէին. այս իմաստով ժողովուրդը ինք, ի մասնաւորի երիտասարդութեան նոր մտածելակերպն ու մօտեցումը հարցերուն նկատմամբ, պիտի մղէ եկեղեցին, որ խօսի հարցերու մասին եւ բարեկարգումներու առաջարկներ ներկայացնէ:

Արամ Ա. կաթողիկոս նաեւ շեշտեց, որ հայ եկեղեցւոյ վերանորոգման պէտք է նաեւ մասնակցին զանազան բնագաւառներուն մէջ մասնագիտութիւն ձեռք ձգած անձեր, կիներ եւ երիտասարդներ. չմոռնանք, որ հայ եկեղեցին ազգային եկեղեցի է. ինչպէս ժամանակին իշխաններ, նոյնիսկ զինուորականներ, մասնակից դարձած են բարեկարգչական ժողովներու, այսօր եւս եկեղեցւոյ վերանորոգումը կղերակեդրոն պէտք չէ ըլլայ, այլ ժողովրդակեդրոն:

Վեհափառ հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ հոգեւոր հովիւներուն պարտաւորութիւնները եւ յայտնեց, որ եկեղեցին անոնց չի պատկանիր, այլ` ժողովուրդին, հետեւաբար, անոնց պարտականութիւններէն է եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին:

Զրոյցին երկրորդ բաժինով երիտասարդները իրենց հարցումները ուղղեցին եւ մտահոգութիւնները բաժնեցին վեհափառ հայրապետին հետ: Անոնք հիմնականօրէն անդրադարձան ժողովուրդին մօտ բարեկարգումներ յառաջացնելու մարտահրաւէրներուն, եկեղեցւոյ թափանցիկութեան, հին ու նոր սերունդին բախումներուն, հոգեւորական ու աշխարհիկ յարաբերութիւններուն, լեզուի խոչընդոտի (գրաբար թէ աշխարհաբար), կրօնի եւ գիտութեան, ներկայ դարու հաւատքի ամրացման, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ բարոյագիտութեան:

Վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր հարցին տալով համապատասխան լուսաբանութիւն` միշտ ընդգծեց երիտասարդներուն կարեւոր դերակատարութիւնը փոփոխութիւն եւ բարեկարգում բերելու գործընթացին մէջ:

Եզրափակելով երեկոն` վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ եկեղեցւոյ բարեկարգումը կը պահանջէ հետեւողական աշխատանք ու լայնամիտ մասնակցութիւն, հեռու` կարծրատիպ մօտեցումներէ եւ ըսաւ. «Հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը սկսաւ այս վայրկեանէն` անոր նկատմամբ մեր երիտասարդութեան ցուցաբերած նախանձախնդրութեամբ եւ անոր մասնակից դառնալու պատրաստակամութեամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2018, 08:51