Երիտասրադներ Երիտասրադներ 

Նիքարակուան պիտի չի մասնակցի Փանամայի 2019-ի ԵՀՕ։

Նիքարակուայի մէջ տիրող ընկերաքաղաքական լարուած իրավիճակը արգելք է մասնակցելու 2019-ի Փանամայի ԵՀՕ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նիքարակուայի մէջ տիրող  ընկերաքաղաքական լարուած իրավիճակը չի ներէր Նիքարակուային իր մասնակցութիւնը բերելու 2019-ի Փանամայի ԵՀՕ ու այս ուղղութեամբ Նիքարակուայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը  որոշեց դադրեցնել 2019-ի Փանամայի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն հայող ծրագիրները ու հրաժարեցաւ այդ օրերը հիւրընկալելու իր թեմերուն ներքոյ»։ Լուրը հաղորդուած է Հայր Ժատէր Հերնանտէսի հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ որուն մէջ կը նշուի թէ այդ որոշումի առընչութեամբ նամակ մը ուղղուած է Փանամայի 2019-ի ԵՀՕ կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ՝ գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլոային։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/08/2018, 10:02