Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Նիքարակուայի մէջ տիրող ընկերաքաղաքական լարուած իրավիճակը չի ներէր Նիքարակուային իր մասնակցութիւնը բերելու 2019-ի Փանամայի ԵՀՕ ու այս ուղղութեամբ Նիքարակուայի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը որոշեց դադրեցնել 2019-ի Փանամայի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերուն հայող ծրագիրները ու հրաժարեցաւ այդ օրերը հիւրընկալելու իր թեմերուն ներքոյ»։ Լուրը հաղորդուած է Հայր Ժատէր Հերնանտէսի հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեամբ որուն մէջ կը նշուի թէ այդ որոշումի առընչութեամբ նամակ մը ուղղուած է Փանամայի 2019-ի ԵՀՕ կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ՝ գերապայծառ Խօսէ Տոմինկօ Ուլոային։