Որոնել

Տիրամօր Վերափոխման սրբանկար Տիրամօր Վերափոխման սրբանկար 

Կիրակի 26 Օգոստոս 2018 Բ. Կիրակի Վերափոխման

Եկեղեցին կը նմանի նաւու մը որ կ՛անցնի աշխարհի ծովէն, մեզ հասցնելու համար դէպի նաւահանգիստը փրկութեան եւ յաւիտենական երջանկութեան:

Ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կոնդակ մը հրատարակեց, ուղղուած համայն Եկեղեցւոյ զաւակներուն, ուր կ՛ափսոսայ վերջերս կատարուած ամօթալի յայտնութիւններուն մասին որոնք պատահած են Ամերիկեան Միացեալ Նահանգներու մէկ թեմէն ներս, մօտ 70 տարիներու ընթացքին: Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալները, համայն Աստուծոյ ժողովուրդը, ինչպէս կ՛ըսուի կոնդակին մէջ, հրաւիրուած են ուժգնօրէն դէմ կենալու եւ արգելք հանդիսանալու որ այսպիսի քստմնելի արարքներ երբեք չկրկնուին այլեւս կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ:
Եկեղեցին կը նմանի նաւու մը որ կ՛անցնի աշխարհի ծովէն, մեզ հասցնելու համար դէպի նաւահանգիստը փրկութեան եւ յաւիտենական երջանկութեան. Սակայն այդ ծովը, նման Տիբերեան լճակին, կրնայ յանկարծ ալեկոծիլ եւ ընկղմելու վտանգին ենթարկուիլ: Ահա այսպիսի առիթներուն է որ մեզի հարկաւոր է մեր Տիրոջ Յիսուսի հզօր օգնութիւնը, դիմագրաւելու համար կեանքի բոլոր վտանգներն ու փորձանքները եւ յառաջ երթալու հաստատօրէն, քալելով Տիրոջ ճամբէն անվեհեր:
Սակայն ինչ ընելու ենք այս պարագաներուն մէջ, ինչպէս պայքարելու ենք այս փորձութիւններու դէմ: Սրբազան Պապը մեր առջեւը կը դնէ երկու զէնք, աղօթքը եւ ապաշխարանքը: անշուշտ պիտի հարցնէք թէ ինչպէս այս երկու միջոցները պիտի կարենան ազդել Եկեղեցւոյ ընթացքին վրայ: Անոնք նախ մեզի կ՛օգնեն դարձի գալու մեր վատ հակումներէն եւ ապա փրկելու մեզ չարէն, որ անդադար կը դառնայ մեր շուրջը մեզ իր ծուղակին մէջ ձգելու համար:
Ժամանակն է ուրեմն արթննալու մեր քունէն եւ կազմ ու պատրաստ ըլլալու պայքարին: Մեր անձնական կեանքին մէջ ալ, կը հանդիպինք զանազան դժուարու-թիւններու, մեծ թէ փոքր. Իսկ ոմանք ալ այնքան սաստիկ կ՛ըլլան որ մեզի անկարելի կը թուի անոնց յաղթահարելը. Ոչ ոք կրնայ պարծենալ թէ իր կեանքին մէջ երբեք չէ հանդիպած դժուարութիւններու։ Այս նեղութիւնները երբեմն մեզ կ՛անհանգստացնեն չափէն աւելի ու մեր հաւասարակշռութիւնը կորսնցնել կու տան, երբեմն կը կարծենք թէ մեզ անդունդի մէջ պիտի գլորեն ու անհետ պիտի կորսուինք. Ասոր համար պէտք ունինք ուժեղ եւ տեւական նեցուկի մը, որուն հանդէպ ունենալու ենք բացարձակ վստահութիւն, եթէ ոչ` առաջին զօրաւոր փոթորիկին` կրնանք տապալիլ։
Տէր, ահա կը կորսուինք... կը գոչենք նման ճարահատ առաքեալներուն: Բազմիցս գտնուած ենք անտանելի դժուարութիւններու առջեւ եւ, մենք եւս, չգտնելով ուրիշ ելք մը, խնդրած ենք միջամտութիւնը Յիսուսի: Այս հրաշքով` Յիսուս կ՛ուզէ առաքեալներուն հասկցնել թէ ամենամեծ վարպետներն անգամ, լաւագոյն մասնագէտները գործի մը մէջ` կրնան հանդիպիլ անլոյծ դժուարութիւններու. Ուստի պէտք չէ որ ապաւինին լոկ իրենց ուժին ու գիտութեան, որովհետեւ կարգ մը պարագաներու մէջ` անոնք եւս անկարող կը դառնան մեզ ազատելու։ Ահա հոս է որ Տէրը կը սպասէ մեզի որպէսզի միջամտէ մեր կեանքին մէջ եւ տայ մեզի իր օգնութիւնը, նեցուկ ըլլայ մեզի եւ քաջալերէ զմեզ:
Երբ ես հոս եմ, ձեր մէջ, ինչու՞ կը վախնաք – կ՛ըսէ մեզի Յիսուս։ Իրմով մենք կը զօրանանք, իրմով վստահութիւն կը գտնենք մենք մեր վրայ եւ կը յաջողինք յաղթելու կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/08/2018, 08:44