Որոնել

Տիրամօր Վերափոխման սրբանկար Տիրամօր Վերափոխման սրբանկար 

Կիրակի 12 Օգոստոս 2018 Վերափոխում Սուրբ Աստուածածնի

Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մշակելու է բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր, որով-հետեւ ան է որ կը բարեխօսէ մեզի համար եւ բոլոր հարկաւոր շնորհքները կ՛ընդունի յօգուտ մեր անձին։

Այս տարի տօնեցինք Լուրտի մէջ Աստուածածնայ երեւումներուն 160-ամեակը։ Այս առթիւ, մեր համայնքը կատարեց տարեկան իր ուխտագնացութիւնը դէպի Լուրտ: Մօտաւորապէս հարիւր հոգի, գլխաւորապէս Ֆրանսայէն բայց նաեւ Եւրոպայի այլ երկիրներէն եւ Լիբանանէն, մասնակցեցան անոր, եւ իրենց առօրեայ աղօթքներով գէթ մասամբ հայացուցին մթնոլորտը ուղղելով իենց խնդրանքները երկնաւոր մօր եւ մեր ամէնուս պաշտպան թագուհիին, Մարիամի:
Մարիամ ամէն քրիստոնեայի սրտին մէջ հարկ է որ ունենայ յատուկ տեղ մը. Իւրաքանչիւր հաւատացեալ մշակելու է բարեպաշտութիւնը հանդէպ Տիրամօր, որով-հետեւ ան է որ կը բարեխօսէ մեզի համար եւ բոլոր հարկաւոր շնորհքները կ՛ընդունի յօգուտ մեր անձին։ Հայկական եկեղեցիներու մէջ միշտ ի պատուի դրուած է, ընդհանրապէս Աւագ խորանին վրայ, Աստուածածնայ պատկերը։
Մարիամ նաեւ Անարատ Յղացեալ է: Ի՞նչ է սակայն կապը Անարատ Յղութեան եւ Վերափոխման միջեւ. Երկուքն ալ խորհուրդներ են, զորս մարդկային խելքով չենք հասկնար. Անոնց կը հաւատանք պարզապէս որովհետեւ աւանդութիւնը մեզի յանձնած է դարերու ընդմէջէն եւ վերջին երկու դարերուն՝ Եկեղեցին զանոնք արձանագրած է իր վարդապետութիւններու ցանկին մէջ։ Այսինքն կը հաւատանք թէ Մարիամ անարատ կերպով յղացուած է իր մօր՝ Աննայի արգանդին մէջ. Ինչպէս նաեւ կը հաւատանք թէ մահուընէ վերջ՝ իր մարմինը փտտութիւն չէ տեսած այլ՝ նման Յիսուսի, ինք եւս մարմնով եւ հոգւով երկինք վերացած է, վերափոխուած է։
Մէկ խորհուրդը կախում ունի միւսէն. Անարատ Յղութեան գաղափարը չէր կրնար ընդունուիլ աստուածաբաններէն եթէ Մարիամի մարմինը գերեզմանին մէջ մնացած ըլլար եւ փտութիւն տեսած։ Մարիամի կեանքի վերջաւորութեան պատահած առանձ-նաշնորհումը պատճառ դարձաւ որ ընդունուէր եւ հասկցուէր իր կեանքի սկիզբն ստացած առանձնաշնորհումը։ Այս բոլորէն ոչ մին հաստատուած է Սուրբ Գրքէն, սակայն աւանդութեամբ հասած է մեզի եւ վերափոխման վկաներ եղած են առաքելները եւ հետագային՝ վերափոխման որպէս բնական հետեւանք՝ ընդունուած է Մարիամի կուսութիւնն ու անարատ յղութիւնը։
Ներկայիս կարգ մը գիտնականներ, քրիստոնեայ աշխարհի մէջ իսկ, տարակոյսի մէջ կը դնեն այս երկու վարդապետութիւններն ալ. Չմոռնանք որ Սուրբ Թովմաս Ագուինացի եւս, որ եկեղեցւոյ ամբողջական աստուածաբանութիւնը հաստատած է, իբր վարդապետական ճշմարտութիւն չէր ընդունած Մարիամի Անարատ Յղութիւնը։ Ստոյգ է որ եթէ զանազան պատճառաբանութիւններ կատարենք, պիտի չհասնինք լուծելու այն դժուարութիւնները որոնք երեւան կու գան այս խորհուրդներէն. Սակայն մենք գիտենք թէ խորհուրդին պէտք է հաւատալ, պէտք չէ պատճառաբանել, եթէ ոչ՝ անել կացութեան մը կը մատնուինք։ Սակայն երբ հաւատանք խորհուրդներուն՝ կը մտնենք անոնց մէջ եւ կ՛օգտուինք անոնց առթած բոլոր բարիքներէն, խորհուրդը մեզ կ՛առաջնորդէ դէպի փրկութեան ճանապահը, որովհետեւ փրկութիւնը յառաջ եկած է խորհուրդէն։ Ուստի եթէ Մարիամ Անարատ է եւ իր մարմնով յարութիւն առած է, մեզ լաւագոյն կերպով փրկութեան հասցնելու համար է. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2018, 08:00