Որոնել

Գերմանիոյ մէջ կաթողիկէներու օր Գերմանիոյ մէջ կաթողիկէներու օր  

Գերմանիոյ 101րդ Katholikentag-ը՝ Կաթողիկէներու օր նշման մասին յայտարարութիւն:

Katholikentag-ի կարգախօսն էր «Փնտռեցէք խաղաղութիւնը»։

Հայր Ներէս Սագայեան - Վատիկան

Տարւոյս մայիս ամսոյն Գերմանիոյ Միւնսթեր քաղաքին մէջ կազմակերպուած էր Գերմանիոյ 101րդ Katholikentag-ը (Կաթողիկէներու Օր)։
Երկուշաբթի, օգոստոս 27ին, Katholikentag-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի նախագահ Աննէ Հաքենես իր կատարած յայտարարութեան մէջ հաղորդած է, թէ այդ առթիւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի համար հաւաքուած գումարը անցած է 83 հազարը։
Ցարդ այդ գումարը բարձրագոյնն է՝ հաւաքուած Գերմանիոյ Katholikentag-ի ընթացքին։ Դրամը պիտի գործածուի հաւասարապէս պատերազմէն կործանած Հալէպի մէջ ծառայող Ֆրանչիսկեան առաքելութեան, ինչպէս նաեւ Միւնսթեր քաղաքի Քարիթասի իրագործած ծրագրի մը համար, որ կը նախատեսէ մանուկներու եւ չափահասներու ուսում ջամբել՝ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի փախստականներու ճամբարներու դպրոցներուն մէջ։
Katholikentag-ի կարգախօսն էր «Փնտռեցէք խաղաղութիւնը»։ Աննէ Հաքենես ըսած է, թէ գուցէ միայն քիչ անհատներ կան աշխարհի վրայ, որոնք յոյժ շտապ կերպով կը փնտռեն խաղաղութիւնը՝ Սուրիոյ պատերազմի զոհերուն համար։ Հետեւաբար պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին իրենց նուիրատուութեամբ՝ պայքարելու համար Հալէպ քաղաքի եւ Լիբանանի փախստականներու ճամբարներուն մէջ տեղի ունեցած տառապանքին դէմ։
Հալէպի Ֆրանչիսկեան եղբայրները կը պատմեն թէ սարսափը տակաւին չէ վերջացած։ Յիշեալ հաւաքուած գումարով կարելի պիտի ըլլայ 200 ընտանիքներու (մօտ հազար անհատ) օգնել իրենց բոլոր պահանջքները գոհացնելով։ Պիտի վերակառուցուին նաեւ առաջին 14 բնակարանները։ Մինչ 500 մանուկներ օժանդակութիւն պիտի ընդունին լիբանանեան Քարիթասի կողմէ, որպէսզի կարենան դպրոց յաճախել՝ փախստականներու ճամբարներուն մէջ։ Սա մաս կը կազմէ ծրագրի մը, որ կը ներգրաւէ նաեւ մայրերուն ջամբել գրագիտութիւն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2018, 13:38