Որոնել

Սուրբ Օգոստինոս Սուրբ Օգոստինոս 

Այսօր, Սուրբ Օգոստինոսի ծիսական տօնն է:

Սուրբ Օգոստինոս,32 տարեկանին կը հրաժարի Միլանի իր ուսուցչական պաշտօնէն, եւ կʼորոշէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ Աստուծոյ։

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Օգոստոս 28ին Լատին Եկեղեցին կը կատարէ Սուրբ Օգոստինոսի տօնը։ Թէեւ այս մեծ սուրբը եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ վարդապետը ապրած է Դ. դարուն, սակայն ան այսօր ալ կը խօսի սրտերուն, ան չէ կորսնցուցած իր այժմէականութիւնը։ Անոր կեանքի եղած է եզական ապրում մը փնտռտուքի եւ Աստուծոյ մօտիկութեան։ Անոր բազմաթիւ հեղինակութիւնները այսօր ալ հիացմունք կը յառաջացնեն։

Աուրելիոս Օգոստինոս ծնած է 13 նոյեմբեր 354ին Հռոմէական Կայսրութեան հիւսիսային Ափրիկէի Թակասթէ քաղաքին մէջ (այսօրուան Ալճերիա)։ Ան զաւակն էր քաղաքի աւագանիներէն Փաթրիցիուս հեթանոսին։ Մայրը, Մոնիքա համոզուած քրիստոնեայ մըն էր, օժտուած ուժեղ կամքով։
361 թուականին Օգոստինոս կը սկսի է ուսանիլ Թակասթէի մէջ, եւ հինգ տարի վերջ կʼուղարկուի Մատաուրա, յաւելեալ ուսումներու համար։ Որովեհետեւ ընտանիքի նիւթական վիճակը լաւ չէր, Օգոստինոս կը ստիպուի 16 տարեկանին ուսումը դադրեցնել եւ մէկ տարի ընտանիքին հետ անցընել։ Ապա կը միանայ փողոցային հրոսախումբի մը եւ կʼապրի զեղխ կեանք մը, որուն պատճառով մայրը շատ մտահոգ էր։
371 թուականին ան կը շարունակէ ուսումը որովեհետեւ ազգականներէն մէկը, Ռոմանիանոս, անոր նեցուկ կը կանգնի։ Աւելի ուշ Օգոստինոս քանի մը երկեր ձօնած է անոր։ Օգոստինոս կը շարունակէ ուսումները Քարթակոյի մէջ (այսօրուան Թունիզ) մասնագիտանալով նաեւ իրաւաբանութեան մէջ։ Իբր պատանի ուսումը կը կատարէր ստիպողութեամբ մինչ այժմ իբր երիտասարդ կʼուսանի մեծ խանդավառութեամբ, որովեհետեւ հիացմունք ունէր գեղեցիկի եւ ոգեղինի հանդէպ։ Ուսումը աւարտելէ ետք, Քարթակոյի մէջ կը գործէ իբր հռետոր. հոն կը ծանօթանայ Ֆլորային, որ ապագային ներկայացուած է իբր լոկ Օգոստինոսի հարճը։ Օգոստինոս անոր հետ ապրած է 15 տարիներ։ 372 թուականին կը ծնի անոնց զաւակը՝ Ատէօտաթուս (Աստուածատուր), զոր Օգոստինոս ապագային անուանած է «մեղքի զաւակ»։ Նոյն տարին կը մահանայ Օգոստինոսի հայրը։
19 տարեկանին ան կը կարդայ Կիկերոնի, այժմ կորսուած, «Հորթենսիուս» հեղինակութիւնը, որ Օգոստինոսի վրայ կը թողու մեծ տպաւորութիւն։ Կիկերոնի գրութիւնը անոր կը բանայ փիլիսոփայութեան հետ առաջին ասպարէզը, Օգոստինոս կը ցանկայ փիլիսոփայի կեանքի մը։
Ասոր համար կը մասնակցի Մանիքէականներու ուսուցմունքներուն։ Սակայն ան իր յուսացած պատասխանները չի գտներ եւ գոհացում չունենար անոնց ուսմունքէն։ Աստուածաշունչը յարմար չէր նկատեր բաղդատել իմաստութեան ուրիշ գրքերու հետ, որովհետեւ անոր լեզուն անպաճոյճ էր։ Մայրը կը տառապէր իր զաւակի կենցաղին պատճառով, սակայն կը մխիթարուէր եպիսկոպոսի մը տուած ապահովութեամբ՝ թէ «բազմաթիւ արցունքներու զաւակը չի կրոսուիր»։
Կիկերոնի «Աքատեմիքա»յի ընթերցումը շատ աւելի մեծ խանդավառութիւն կը պատճառեն Օգոստինոսին։ Աւելի ուշ Օգոստինոս ազդուած է Նորպղատոնականութենէն։ 374ին Օգոստինոս կը վերադառնայ Թակասթէ, ուր կը գործէ իբր ուսուցիչ։ Մայրը զայն չʼընդունիր իր տան մէջ, անոր մանիքէականութեան պատկանելիութեան պատճառով։ Ասոր համար ան ժամանակ մը կʼապրի Ռոմանիոսի մօտ։ Տարի մը վերջ ան կրկին Քարթակօ է։ 383 թուականին մանիքէական Ֆաուսթուս Միլեւացիի հետ ունեցած հանդիպումէն մեծապէս յուսախափ կը մնայ, եւ ապա Ֆլորիայի հետ կը մեկնի Հռոմ։ Հոն կը հիմնէ դպրոց մը ուր կը գործէ իբր հռետորութեան ուսուցիչ։ 384ին կը մեկնի Միլան, Հռոմէական Կայսրութեան մշակոյթի մայրաքաղաքը, աշխատելու համար կայսերական ապարանքի դպրոցին մէջ իբր ուսուցիչ եւ առաջին հռետոր։ Հոն կը ծանօթանայ Միլանի եպիսկոպոս Ամբրոսիոսի գործերուն, որոնք իր վրայ կը գործեն մեծ հրապոյր։ Օգոստինոս կը զգայ, թէ արդ իր ճանապարհը կʼընթանայ դէպի Աստուած։ 385ին, մայրը Միլան կու գայ իր երկրորդ զաւակին Նաւիկիոսի հետ։ Կը յորդորէ Օգոստինոսին բաժնուիլ Ֆլորիայէն եւ ամուսնանալ ազնուական աղջկայ մը հետ։ Ֆլորիա կը վերադառնայ Ափրիկէ, իսկ Օգոստինոս չամուսնանար։
Բացի Ամբրոսիոսի թողած ազդեցութենէն, Օգոստինոս ծանօթանալով Անտոն Անապատականի կեանքին եւ խորանալով Աստուածաշունչի ընթերցումին մէջ, հետզհետէ հաւատքը կʼարթննայ անոր մէջ։ 32 տարեկանին կը հրաժարի Միլանի իր ուսուցչական պաշտօնէն, եւ կʼորոշէ ամբողջութեամբ նուիրուիլ Աստուծոյ։
387 թուականի Զատիկի ճրագալոյցին, իր զաւակին Ատէոտաթուսի հետ միասին կʼընդունի մկրտութեան խորհուրդը Ամբրոսիոսի ձեռքով։ Նոյն տարին կը մահանայ մայրը, գոհ որ ընդունուած էին իր աղօթքները, եւ զաւակը գտած էր ուղիղ ճամբան։
Օգոստինոս 388 թուականին կը վերադառնայ Թակասթէ եւ հոն քանի մը բարեկամներով կը հիմնէ կրօնաւորական հասարակութիւն մը։ Նոյն տարին կը մահանայ իր զաւակը։ Օգոստինոսի սրբակենցաղ վարքի լուրը կը տարածուի շուտով, եւ Հիփփոյի համայնքը 391 թուականին միաձայնութեամբ կը խնդրէ որ Օգոստինոսը ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Իսկ 395 թուականին կʼընդունի եպիսկոպոսական օծումը։
Սուրբ Օգոստինոս մեծ նուիրումով ծառայած է Եկեղեցւոյ եւ մեծ մտահոգութիւն ցուցաբերած է Եկեղեցւոյ միասնութեան նկատմամբ։ Ան հիմնած է կրօնաւորական հասարակութիւններ, որոնք պիտի ըլլային այդ միասնութեան թթխմորը։ Անոր հաստատած կանոններուն հիման վրայ դարերու ընթացքին հիմնուած են տարբեր կրօնաւորական միաբանութիւններ։
Սուրբ Օգոստինոս մղուած էր սիրազեղ սրտէ եւ անհնգստօէն կը փնտռէր ճշմարտութիւնը։ Անոր »խոստովանութիւններ»ը այսօր ալ կը ներշնչեն մարդիկ, որ իւրաքանչիւրը տեսնէ իր անձի հարցականները, այնտեղ նկարագրուած տեսնէ իր հոգեվիճակը որ կորսուած է կեանքի իրադարձութիւններուն մէջ, անդրադառնայ հաւատքի եւ բանականութեան միջեւ կատարուող հակամարտութիւններուն, որոնք կը թուին ըլլալ անլուծելի։
Սուրբ Օգոստինոս ապրած էր ճշմարտութեան իմաստի փնտռտուքի յոյզերը, այս առումով ան կը խօսի նաեւ այսօրուան երիտասարդներուն, որոնք կʼուզեն ճանչնալ ճշմարտութիւնը։ Սուրբ Օգոստինոսի նման, պէտք չէ դարդրիլ փնտռելէ եւ ըլլալ անկեղծ ի դէմս ճշմարտութեան. եւ երբ ճանչցած ենք զայն՝ ընդունինք նաեւ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2018, 12:39