Տիեզերական Ժողով Սուրբ Պետրոսի մէջ Տիեզերական Ժողով Սուրբ Պետրոսի մէջ 

Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն տօնը։

Ժողովը գումարաուած է 22 Յուլիս 431 թուականին բիւզանդական Թէոդոսիոս Բ Փոքր կայսրի հրամանով

Շաբաթ 4 օգոստոսին տօնն է Եփեսոսի Տիեզերական սուրբ ժողովին մասնակցող 200 հայրապետներուն, որոնք 22 Յուլիս 431 թուականին  բիւզանդական  Թէոդոսիոս Բ Փոքր կայսրի հրամանով համախմբուեցան Եփեսոս քաղաքին մէջ։ Առիթը Կ. Պոլսոյ պատրիարք Նեստորի (428–431) վարդապետութիւնն էր եւ Քրիստոսի մարդկային ու աստուածային բնութիւններու շուրջ դաւանաբանական վէճը, որ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ ճանչցուած է որպէս «Քրիստոսաբանական մեծ վէճ» անունով։

Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովը Հաւատոյ նոր հանգանակ չի հաստատեր։ Ժողովի որոշումներն ընդհանրապէս անտիոքեան աստուածաբանութեան մերժումն էին, քան սոսկ Նեստորի վարդապետութեան դատապարտում։

Քրիստոս Որդին Աստուած է ըստ բնութեան, թէեւ եղաւ մարդ, եւ անոնք կը գործէին միաւորուած երկու բնութիւնները։ Քրիստոսի աստուածային եւ մարդկային բնութիւնները գոյութիւն չունին առանձին-առանձին, այլ միաւորուած են Աստուծոյ Բանին, անշփոթ, անխառն, անփոփոխ եւ անայլայլելի ձեւով։ Ոչ թէ երկու որդի եւ երկու Քրիստոս, մէկը՝ շնորհիւ որդեգրութեան՝ Աստուած, ճշմարիտ եւ երկրպագելի, միւսը՝ ծնունդով մարդ, ոչ երկրպագելի, ոչ թէ երկու առանձին, իրարմէ անջատ բնութիւններ, այլ՝ Աստուածամարդ՝ բնութիւններու անշփոթ եւ անբաժանելի միաւորութեամբ. մէկ Տէր, մէկ Յիսուս, մէկ դէմք եւ միացեալ աստուածամարդկային բնութիւն։

Ս. Կոյս Մարիամն Աստուածածին է եւ ոչ թէ սոսկ մարդածին ու Քրիստոսածին (հակառակ Նեստորի), որովհետեւ ան ոչ թէ սկզբնաւորեց Աստուածազգեստ մարդու, այլ՝ ծնեց Մարմնացեալ Բանին, այսինքն՝ մարդու կերպարանք տուաւ յաւիտենականութիւնէն առաջ ծնուած Աստուծոյ Որդուն՝ Յիսուսին։

Եփեսոսի Ժողովը ընդունած է 6 կանոն՝ բոլորն ուղղուած Նեստորի եւ անոր համախոհներու դէմ։ Կանոններն արգիլած են որեւէ մէկ հոգեւորականի հաղորդութիւն ունենալ անոնց հետ կամ քարոզել նեստորականներու գրուածքներ, հակառակ դէպքինօրինազանցներուն կը սպառնար աստիճանազրկութիւն եւ եկեղեցիէն արտաքսում։

Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովը եւ Հայոց եկեղեցին

Հայ եկեղեցին չէ մասնակցած Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովին, սակայն նախորդ երկու տիեզերական ժողովներուն հետ միասին ընդունած է անոր տիեզերական հեղինակութիւնը։

Կորիւնի, Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ, Հայոց Սահակ Ա Պարթեւ կաթողիկոսը եւ Մեսրոպ Մաշտոցը 435-ին, Աշտիշատի ժողովին մէջ ընդունած են Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովի 6 կանոններն ու որոշումները, որոնք Եփեսոսէն բերած էին Սահակ Ա Պարթեւի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները՝ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութեան օրինակի հետ միասին։ Հայ եկեղեցին Եփեսոսի Գ տիեզերական ժողովի եւ 200 հայրապետներու յիշատակը կը տօնէ Վարդավառի հինգերորդ կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը կամ Վարդավառին յաջորդող առաջին շաբաթ օրը՝ օգոստոս ամսուն։

Քաղուած «Վիքիպեթիա»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/08/2018, 07:37