Որոնել

Ղպտի հաւատացեալներ Ղպտի հաւատացեալներ 

Ղպտիներու միջազգային երիտասարդական շաբաթը

Միջազգային երիտասարդական շաբաթ ձեռնարկը կը համընկնի եգիպտական սփիւռքի եկեղեցիներու հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Վերադարձ Արմատներուն». այս բնաբանով Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցի, տարւոյս օգոստոս ամսոյն վերջը, կազմակերպած է միջազգային երիտասարդական շաբաթ մը Եգիպտոսի մէջ։ Նպատակն է հանդիպումի առիթ մը ստեղծել ղպտիներու սփիւռքի ընտանիքներուն երիտասարդ զաւակներուն։ Հանդիպումին պիտի մասնակցին Ղպտիներու Պապ Թաուատրոս Բ. ինչպէս նաեւ այլ ղպտի եպիսկոպոսներ։

Ձեռնարկը կը համընկնի եգիպտական սփիւռքի եկեղեցիներու հիմնադրութեան 50րդ տարեդարձին, ըսած է Ղպտի Եկեղեցւոյ բանբեր Փօլ Հալիմ։ Հանդիպումին օրակարգին մաս կը կազմեն այցելութիւններ Գահիրէ, Աղեքսանդրիա եւ Իսմաիլեա քաղաքներուն եւ Ուատի ալ Նաթրունի Սուրբ Մակարիոս վանքին։

Լոս Անճըլըսի ղպտի-ուղղափառ թեմի տուեալներուն համաձայն, թեմին պատկանող գաղթականներու երկրորդ եւ երրորդ սերունդէն 200 երիտասարդներ, 22-28 տարիքի մէջ, հրաւիրուած են մասնակցելու հանդիպումին։ Ձեռնարկին նպատակն է նաեւ երիտասարդներուն ծանօթացնել Եգիպտոսի մէջ ապրող ղպտիներու խոր հոգեւոր կեանքը, ինչպէս եւ կարելի դարձնել որ աշխարհի չորս կողմ ապրող երիտասարդ ղպտիներու միջեւ ցանց մը ստեղծուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 12:30