Որոնել

  Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա. 

Օրթոտոքս Եկեղեցին Թուրքիոյ մէջ

2015 թուականէն սկսեալ, Բարթողիմէոս Պատրիարք ամէն տարի, Աստուածածնի վերափոխման տօնին, սրբապատկերը կը բերէ դապի վանքի աւերակները՝ հոն կատարուած հանդիսութեան առիթով։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Տիեզերական Պատրիարք Բարթուղիմէոս Ա., Թուրքիոյ մէջ գտնուող Օրթոտոքս Եկեղեցին որակած է «խաչուած Եկեղեցի»։ Սրբազան Պատրիարքը այս խօսքերը արտայայտած է 23 օգոստոսին, Աստուածածնի Վերափոխման տօնի ութօրեքի առիթով խօսած քարոզի ընթացքին, Արթաքիի (Էրթէք) Ֆաներոմենի վանքի աւերակներուն մէջ։ Վանքը, որ կը գտնուի Մարմարայի ծովի ասիական հարաւային ափին վրայ, Բիւզանդական եւ Օսմանեան կայսրութիւններու ժամանակ ապրած է մեծ ծաղկում։ Ան կառուցուած է Ռէա չաստուածուհիի տաճարի մը վայրը։ Էրթէք եղած է քրիստոնեայ քաղաք մը իր առանձին եպիսկոպոսով։ 1922 թուականին Աթաթուրքի հրոսակները վտարած են քրիստոնեայ բնակիչները եւ քանդած են վանքը։ Վանքին Աստուածածնի հրաշագործ սրբապատկերը փրկուած է եւ տարուած Կ. Պոլիս, Օրթոտոքս պատրիարքարանի եկեղեցին։ 2015 թուականէն սկսեալ, Բարթողիմէոս Պատրիարք ամէն տարի, Աստուածածնի վերափոխման տօնին, սրբապատկերը կը բերէ դապի վանքի աւերակները՝ հոն կատարուած հանդիսութեան առիթով։ Օրթոտոքս Եկեղեցին Աստուածածնի վերափոխման տօնը կը կատարէ օգոստոս 15ին
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2018, 14:05