Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի նամակը իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն

Իրաքի մէջ ժողովրդավարութիւնը անկումի մատնուած է, հակառակ 2003 էն ի վեր, բազմաթիւ պետութիւններուն ի գործ դրած ջանքերուն:

Վազգէն Աբարդեան – Վատիկան

Քաղդէացիներու Պատրիարք Գերերջանիկ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ նամակ մը յղած է Իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն, որուն մէջ անհրաժեշտ նկատած է դաշնակցային զօրեղ պետութեան մը կազմաւորումը, կասեցնելու համար աղանդաւորական ճնշումները, ինչպէս նաեւ յաղթահարելու երկրին տնտեսական տագնապը:
Պատրիարքը քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն ուշադրութեան կը յանձնէ որ Իրաքի մէջ Սատտամ Հուսէյնի նախագահութենէն ետք երկրի ժողովրդավարութիւնը անկումի մատնուած է, հակառակ 2003 էն ի վեր, բազմաթիւ պետութիւններուն ի գործ դրած ջանքերուն:
Ան նկատել կու տայ նաեւ որ Իրաքի մէջ վերջին քաղաքական ընտրութիւններէն ետք, երկիրը կը գտնուի քաղաքական, տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ եւ բնակչութեան մտահոգութիւնը երկրի նկատմամբ հետզհետէ աճ արձանգրած է՝ կեանքի դժուար պայմաններուն հետեւանքով:
Քաղդէացիներուն Պատրիարքը ապա անհրաժեշտ նկատած է անյապաղ դաշնակցային եւ զօրաւոր կառավարութեան կազմաւորումը, միջամտելու համար կրօնական եւ ցեղային սկզբունքներու վրայ հիմնուած փոքր զինուորական խմբաւորումներուն արարքներուն, որոնք կը շարունակեն իրենց ուժերը բանեցնել Իրաքի լայն տարածքներուն վրայ :
Պատրիարքը կ՝ընդգծէ նաեւ ազգային բանակի դերակատարութեան ամրապնդումը՝ թիկունք կանգնելու համար իրաքի համայն բնակչութեան:
Յայտնենք թէ Քաղդէացիներու պատրիարքը վերջերս Վատիկան Նիուզ լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներուն ղեկավարութեամբ Արեւմտեան երկիրներուն Սատտամ Հուսյնի համակարգը տապալելու գործընթացին, դիտել տալով իրաքի մէջ փտածութեան եւ կաշառակերութեան արարքներուն աճումը, տնտեսական տագնապը որ պատճառ դարձաւ անգործութեան, կեանքի էական տարրերու՝ ելեկտրական հոսանքի եւ ջուրի պակասին:
Ի վերջոյ Պատրիարք Սաքօ Իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն ներկայացուցիչներէն կը խնդրէ որ լսեն ժողովուրդի ձայնին, որոնք ելեկտրականութիւն եւ ջուր կը խնդրեն այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր երկրին տաքութեան ջերմաստիճանը գերազանցած է աւելի կան 42 աստիճանը։
Ան քաղաքական իշխանութիւններուն կ՝առաջարկէ բարեփոխել երկրի սահմանադրութեան օրէնքները, նկատի ունենալով քաղաքացիական սկզբունքը, լուծելու համար քաղաքացիներուն կրօնական, ցեղային բոլոր հարցերը :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2018, 15:13