Խորհրդածութիւն այլակերպութեան մասին Խորհրդածութիւն այլակերպութեան մասին  (FOTO SERVIZIO FOTOGRAFICO MUSEI VATICANI)

Խորհրդածութիւն այլակերպութեան մասին

Քրիստոսի այլակերպութիւնը իր Յարութենէն առաջ հանդիսացաւ այն միակ պահը երբ Ան իր Աստուածային շքեղութեամբ փայլեցաւ իր սեփական մարմնով։

Ամէն քրիտոնեայ վստահաբար ծանօթ է Յիսուսի այլակերպութեան դրուագին, այնպէս ինչպէս նկարագրուած է Մարկոսի Աւետարանին մէջ (9, 2 10), սակայն քիչեր թափանցած են անոր խորհուրդին։
Արդարեւ, իր կեանքի մեծագոյն մասի ընթացքին Յիսուս մնաց խորհրդապահ, սովորական մարդ մը որ կ’աշխատի իբրեւ ատաղձագործ Յովսէփին հետ։ Յիսուս բոլորին նման Նազարէթի բնակիչ մը ըլլալ կը թուէր։ Սակայն, անոր հրապարակային կեանքի ընթացքին, ամէն ինչ փոխուեցաւ, որովհետեւ Յիսուս իր գործած բազմաթիւ հրաշքներով յայտնուեցաւ իբրեւ Մեսիան։ Սակայն, Այլակերպութիւնը իր Յարութենէն առաջ հանդիսացաւ այն միակ պահը երբ Ան իր աստուածային շքեղութեամբ փայլեցաւ իր սեփական մարմնով։
Յիսուս Չարչարանաց փորձութիւններէն առաջ հաւանաբար կ’ուզէր հաստատել հաւատքը այն երեք առաքեալներուն որոնք իրեն հետ լեռ բարձրացան։ Արդարեւ, հրաշքներու եւ Այլակերպութեան Յիսուսը անբաժան է տառապահար եւ խաչին վրայ մեռնող Յիսուսէն։

Չարչարանաց սկիզբը, բոլոր առաքեալները փախան։ Եւ Պետրոս մինչեւ իսկ հրապարակաւ ուրացաւ Յիսուսը, հակառակ անոր որ անոնք տեսած էին Յիսուսի այլակերպութիւնը, ներկայ եղած էին Ղազարոսի յարութեան եւ վկաները եղած էին բազմաթիւ հրաշքներու։
Մեր կեանքին մէջ, ուրախալի պահերը անբաժան են տառապանքի պահերէն, այնպիսի պահերէ ուր ամէն ինչ կը դժուարանայ եւ երբեմն անկարելի կը թուի առաջ երթալ։ Հեշտ է հաւատալ եւ յուսալ երբ ամէն ինչ լաւ կ’ընթանայ, ուրախալի պահերուն։ Սակայն շատ դժուար է հաւատալ եւ յուսալ անձնապէս մեր կամ մեր շրջապատէն ներս յառաջացած դժուարին փորձութիւններուն ժամանակ։ Այդ պահերուն է որ կը գիտնանք թէ կը հաւատա՞նք եւ իրապէ՞ս կը յուսանք։ Երբ ամէն ինչ կորսուած կը թուի դեռ եւս կը վստահի՞նք Տիրոջ, թէ՞, առաքեալներուն նման, կը նախընտրենք փախուստ տալ եւ տարբեր տեղ ապաստանիլ փորձել։ Այս կեանքը հաւատքի համար պայքարի կեանք է։
Հետեւաբար, Տիրոջմէ պ֊էտք է խնդրենք զօրացնել մեզ մեր հաւատքին մէջ, օգնել մեզի մեր հաւատքը երբեք չկորսնցնելու մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին։
 

Հայր Գէորգ Եպիս. Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2018, 08:56