Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Կեանքի Եւ Մահուան Վախի Միջեւ

Ամէն մարդ քիչ թէ շատ, կը վախնայ մահէն։ Ասպետներ նոյնիսկ կամ հեքիաթներու մէջ ներկայացուած քաջարի հերոսներն անգամ երբեմն վախի զգացումով կը պատկերուին հեղինակներու կողմէ, գէթ անոնց մարդկային ծնունդ ըլլալը փաստելու համար:
Կան սակայն մարդիկ, որոնք մահուան չափ ալ կեանքէն կը վախնան…: Այսպիսիներ իրենց տրուած կեանքը կ’ապրին վազքի մէջ, այնպէս մը, որ իբրեւ թէ զիրենք հալածողներ ըլլային իրենց ետին: Ամբողջ կեանք մը կասկածներով ապրող մարդը իր շուքէն ալ կը վախնայ: Տեսնուած է նաեւ, որ այս կացութեան մէջ գտնուողներէն ոմանք ալ, սրտապնդուելու համար, նախայարձակ կը դառնան: Այսպէս, իրենց դիմացը ելլող առաջին անձին հետ կը վիճաբանին անոնք, այնպէս կարծելով, թէ այդ անձը կու գայ իրենց հետ վիճաբանելու…: Սա ուժ կու տայ նման մարդոց, եւ եթէ դիմացի անձը իսկապէս տկար մէկը ըլլայ, այդ պարագային իրենք իրենց հերոսի կոչում ալ կու տան:
Առհասարակ նկատուած է, որ կեանքէն վախցող կասկածամիտ մարդիկ իրենց կեանքին առաջին մասը «կը տրամադրեն» վատ սովորութիւններու ամբարման, որոնք կը կարճեցնեն իրենց կեանքին երկրորդ մասը: Այդ սովորութիւնները ընդհանրապէս ճանչցուած ունակութիւնները չեն, որոնք մարդու ֆիզիքականը կը քայքայեն ժամանակի ընթացքին: Ունակութիւններ կան, որոնք կեանքէն վախ ունեցող մարդոց յատուկ են եւ որոնք կը քայքայեն մարդկային հոգին:
Քրիստոնէական մօտեցումով, հոգին քայքայելը աւելի մեծ մեղք կը համարուի, քան մարմինը քայքայելը: Յիսուսի մտածողութեան մէջ այս գաղափարը յստակօրէն կը տեսնուի: Իր հետեւորդներուն ուղղած քաջալերական խօսքերուն մէջ, Յիսուս սրտապնդելով զանոնք ապագայի հալածանքներուն ընթացքին կրելիք նեղութեանց համար, ոճրագործներուն միայն մարմնի՛ն վրայ իշխանութիւն ունենալը կը հաստատէ. «Մի՛ վախնաք անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն» (հմմտ. Մտ. 10.28): Մարդը ինք իր ձեռքով կրնայ նաեւ իր հոգին քայքայել, առաջին հերթին վախնալով կեանքէն: Այդ վախը չ’արտօներ, որ աճի մարդուն մէջ հաւատքը: Այդ վախին հետեւանքով կը դադրի ամէն տեսակի յառաջդիմութիւն եւ կեանքի բարգաւաճում: Այդ վախը պատճառ կը դառնայ նախանձին եւ ուրիշներու կատարածը ընդօրինակելու ծո՛յլ արարքին:
Աշակերտական կեանքին մէջ յաճախ կրկնուող երեւոյթ է այս, որուն եթէ ուշադրութիւն չդարձուի մանկավարժներուն կողմէ, երեխային մէջ կրնայ արմատաւորուիլ անիկա ու տկարցնել զայն:
Նոյնն է նաեւ պարագան «կեանքի դպրոց»ին, որուն «աշակերտները» շատ աւելի կը նախանձին իրարու, քան՝ սովորական վարժարանի մը պատանի աշակերտները: Սկզբնական այդ վախը, զոր կեանքէն ունին կարգ մը մարդիկ, մեծ հետեւանք մը կ’ունենայ, որ է՝ հոգիի քայքայումը: Երբեմն հոգեկան հարստութեան մասին ճառող մարդիկ ալ հոգեկան ինքնաքանդումի ընթացքի մը մէջ կրնան գտնուիլ, ճիշդ այս վախին պատճառով: Անոնք ինքնակործանման այս կերպը կ’որդեգրեն, յաճախ իրենց ինքնութիւնը չճանչնալուն եւ անհատականութեան պակասի հետեւանքով:
Ինչո՞ւ կը վախնաս կեանքէն: Եթէ մէկդի դնես այդ վախը, կեանքը կը դառնայ այնքա՜ն հաճելի եւ ապրուելու արժանի իրականութիւն մը: Այդ վախն է յաճախ, որ մեր ապրած այս աշխարհը կը դարձնէ անբնակելի միջավայր մը, անվստահութեան ախտով վարակուած աւազան մը: Մինչ, վախին բացակայութիւնը «կը սպառէ աղջամուղջը, կը վերացնէ մութը, կը տարագրէ տագնապը, եւ կը չքացնէ չարիքը» (հմմտ. «Նարեկ», Բան ԽԱ.): Մեծ աղօթասաց Նարեկացին այսպէս կը գօտեպնդէ կեանքի դժուարութիւններուն մէջ գտնուողը: Հոգեկան ներքին խաղաղութիւն կը զգայ մարդ այն ատեն, երբ կը փարատէ հոնկէ կեանքէն ունեցած իր վախը: Իր շուքէն վախցող մարդը առհասարակ իր կեանքին համար ծրագիր մը չ’ունենար: Կեանքի մը ընթացքը ծրագրելու համար, ոմանք անհրաժեշտ կը նկատեն բախտը: Այդ անհրաժեշտութեան վրայ կը հիմնեն անոնք իրենց ծրագիրը, փոխանակ իսկապէս ծրագիր մը կազմելու նուազագոյն ճիգը կատարելու: Իրենց բախտի օրօրոցին մէջ օրօրուող մարդոց ամէն օր կարելի է հանդիպիլ:
Կեանքը չի՛ նմանիր արմաւի ծառին տակ պառկելուն եւ բերան բանալուն, ուր հաւանաբար իյնայ այդ բարձր ծառին հասունցած պտուղներէն հատիկ մը:
Արդ, ինչո՞ւ վախնալ կեանքէն, փոխանակ զայն օգտագործելու եւ իր բարի նպատակին ուղղելու: Ի դէպ, թէ կեանքէն եւ թէ մահէն մարդուն ունեցած վախը աւելորդ մտահոգութիւն մըն է, որուն համար բնա՛ւ չարժեր մտահոգուիլ…:

 


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2018, 14:00