Որոնել

Անիի հին քաղաքը Անիի հին քաղաքը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ, թէ՝ բաւ է որ մարդուն եղունգները մի քիչ երկարին, անիկա շուտով իր նմանները եղունգով մորթելու կը նախապատրաստուի:

Առանց աչքերու, խաւար է ամբողջ աշխարհը: Իսկ լոյսը, որուն օրհնաբեր ներկայութեան գիտակցութիւնը ամէն մարդ ունի, ինչքա՜ն կը կերպարանափոխէ այն տեղը ուր կը ծագի, եւ իր շողերով ո՛չ միայն կը լուսաւորէ միջավայրը, այլ նաեւ կը ջերմացնէ այնտեղ գտնուողներուն սրտերը:

Ամէնէն փափաքելի զգայարանքը աչքն է մարդուն համար: Ցոյց տալու համար թէ ինչքան սարսափելի է կուրութիւնը, կարելի է միայն մէկ պահ մթութեան մէջ մնացած մարդուն զգացումը իբրեւ  օրինակ  ծառայեցնել. երեւակայել որ ալ ոչինչ պիտի տեսնենք այս կեանքի մէջ, եւ մեր շրջապատը մեզի համար միայն շօշափելի, լսելի եւ զգալի իրականութիւն պիտի դառնայ եւ ո՛չ տեսանելի: Անշուշտ ականջը՝  լսողութիւնը եւս  անհրաժեշտ է այս կեանքը ապրելու համար:

Կուրութեան պատճառները բազմազան են: Ֆիզիքական թերութիւններ, հիւանդութեան տեսակներ, երբեմն պատճառ կը դառնան որ մարդիկ աչազուրկ դառնան: Ֆիզիքական այս կուրութենէն տարբեր, միշտ կը խօսուի նաեւ հոգեկան կուրութեան մասին, որու հիւանդութեամբ կը տառապին անաստուածներ, կրօնական ապրումներու անտեղեակ անձեր կամ հակա-կրօնական դիրքորոշում ունեցողներ, որոնց մէջ աստուածգիտութեան լոյսը չէ ծագած տակաւին:

Յիսուս հոգեպէս կոյրեր կոչեց նաեւ իր ժամանակին ապրող ու գործող շատ աստուածապաշտ մարդիկ, ինչպէս փարիսեցիները, որոնք կրօնական ծէսին ու պաշտամունքին նկատմամբ բացառիկ յարգանք ունէին, ինչպէս նաեւ բառացի գործադրողներն էին Օրէնքին: Զանոնք նոյնիսկ տեսնող կոյրեր կոչեց, իսկ վստահեցուց, թէ անոնք որոնք չենք տեսներ, օր պիտի գայ որ պիտի տեսնեն (Հմմտ Յհ 9. 39-41):

Հոգեբաններու հաստատումով, ոմանց մօտ յայտնուող ինքնավստահութիւնը, որ խորքին մէջ դրական երեւոյթ է մարդուն մէջ, կրնայ աւերիչ հանգամանք ունենալ, զայն ունեցողը առաջնորդելով ամբարտաւանութեան: Մէկուն վստահուած փոքր պաշտօնը, կրնայ զայն բարձրագոյն դիրքերու հասցնել, համաձայն իր ուշիմութեան ու կարողութեան: Միւս կողմէ, նոյն փոքր պաշտօնը կրնայ անոր անձին քանդումին պատճառ հանդիսանալ, երբ այդ պաշտօնին սխալ օգտագործումով, ենթական կրնայ իր ընկերակիցները ստր-կացնել: Մարդը իր նմանը ծառայ դարձնելու ամէն յատկութեամբ օժտուած է: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ, թէ՝ բաւ է որ մարդուն եղունգները մի քիչ երկարին, անիկա շուտով իր նմանները եղունգով մորթելու կը նախապատրաստուի:

Դարձեալ, ժողովրդային առածը կ՛ըսէ. «Եթէ կ՛ուզես փորձել մէկը, պաշտօն յանձնէ անոր»: Ցարդ բազմաթիւ դէպքեր պատահած են, երբ սովորական աշխատաւորը, համեստ աստիճաններէն բարձրանալով երբ հասած է տուեալ հիմնարկի բարձրագոյն պաշտօնին, մոռնալով իր անցեալն ու նախկին հանգամանքը, սկսած է դժուար պայմաններ ստեղծել անոնց, որոնց պաշտօնը ի՛նք ունէր նախապէս:

Ժողովրդային իմաստութեան մաս կը կազմէ նաեւ հետեւեալ առածը. «Պաշտօնը կը կուրացնէ մարդը»: Ուրեմն, կուրացնող ազդակներու շարքին է նաեւ պաշտօնը, որ ո՛չ ֆիզիքական եւ ոչ ալ հոգեկան կուրութեան կը նմանի, այլ մտային կուրութիւն է, որուն տարբեր մէկ անունն է ամբարտաւանութիւնը:

Իր անձը ուրիշներէն տարբեր, անսխալական, անթերի, գիտուն եւ զարգացած նկատելու պատճառ դարձող զգացումն է ամբարտաւանութիւնը, որ ի ծնէ զգացում չէ՛ մարդուն մէջ, այլ միշտ յետոյ եկող, յաւելուող զգացում է:

Ամբարտաւանը չի՛ կրնար պահ մ՛իսկ մտածել, թէ իրմէ աւելի լաւը, իրմէ աւելի գիտունը, իրմէ աւելի սիրունը կրնայ գոյութիւն ունենալ այս տիեզերքին մէջ: Նոյնիսկ իմանայ ալ՝ չուզեր այդ մասին մտածել, որովհետեւ այլեւս կուրացած ըլլալով, իրեն համար նշանակութիւն չեն ունենար ուրիշներուն կարողութիւնները, յաջողութիւնները կամ կատարած իրագործումները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2018, 09:05