Հայկական Անիի հին քաղաքը Հայկական Անիի հին քաղաքը 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Սուրբ Աստուածածինը՝ Ներշնչման Աղբիւր:

Աստուածամօր սրբաճաճանչ անձը իբրեւ եզակի դէմք քրիստոնէական պատմութեան մէջ, Հայ եկեղեցին կը փառաւորէ ամէն օր, անխափան, իր ժամերգութիւններուն մէջ «Մեծացուսցէ» կոչուող յատուկ շարականներով: Մեր եկեղեցին կը պանծացնէ մեր Տիրոջ մօր՝ Ս. Կոյս Մարիամի յիշատակը, միշտ մեծացուցանելով այն դերը, զոր կատարեց ան՝ գերազանց հնազանդութեամբ Աստուծոյ կամքին, ու կատարեալ համբերութեամբ:
Եկեղեցին եօթը տօներ հաստատած է Աստուածամօր կեանքի զանազան հանգրուանները պանծացնելու համար: Այդ տօներէն գլխաւորը Վերափոխումն է, այլ խօսքով՝ Ս. Կոյսին երկինք փոխադրութիւնը իր Որդիին իսկ ձեռքով, համաձայն բոլոր եկեղեցիներուն կողմէ ընդունուած աւանդութեան: Դէպք մը, որ սրբութեամբ իր կեանքը աւարտած այս հրաշագեղ Աստուածամայր Կոյսին վրայ դրուած երկնային կնիք մըն էր խորքին մէջ:
Աւետարանները շատ ժլատ են Ս. Աստուածածնի կեանքի մանրամասնութիւնները մեզի փոխանցելու իմաստով, եւ յիշած են միայն այն մասերը, որոնք ուղղակի առնչուած են Յիսուսի կեանքին հետ: Անոր կենսագրութիւնը եկեղեցւոյ հայրեր ամբողջացուցած են հինէն եկող աւանդութեանց վրայ հիմնուելով: Իսկ այդ հիմնական տեղեկութիւնները, որոնք կը պակսին իր կենսագրութենէն, կը վերաբերին անոր մանկութեան ու մահուան պարագաներուն:
Քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց աւանդութեանց լեզուով յաճախ կը խօսեցնեն նաեւ պարականոն աւետարանները, որոնք թէեւ Ս. Գիրքի Կանոնին մէջ չեն ընդունուած, սակայն անոնց պարունակած նիւթերէն շատեր, մանրամասնութեամբ անցած են տարբեր եկեղեցիներու աւանդութեանց էջերուն մէջ: Այդպիսի գիրք մըն ալ ունի մեր եկեղեցին, որ իր կրօնական գիրքերուն ամէնէն հաստափորն է, ամէնէն մեծածաւալը, որուն անունը ծանօթ է շատերուն վստահաբար՝ «Յայսմաւուրք», որ հին սերունդի վարժապետներ, դասարանի չար աշակերտներուն շալկել կու տային իբրեւ պատիժ: Մեր գրականութեան մէջ ալ անցած է այս նշանաւոր գիրքը, որ «Տէր Թոդիկ»ի դպրոցին մէջ «օգտագործուած է» իբրեւ պատիժի առարկայ: «Յայսմաւուրք»ը մինչեւ 19րդ դարու վերջաւորութիւնը, շատ փնտռուած գիրք մը եղած է, եւ ամէն օր, երեկոյեան ժամերգութենէն առաջ կարդացուած է մեր եկեղեցիներուն մէջ:
Ահա այս գիրքին մէջ Ս. Աստուածածնի ծնունդէն մինչեւ ննջումն ու Վերափոխումը, կը գտնենք մեր բոլոր հարցումներուն պատասխանները:
Քրիստոնեայ բոլոր ազգեր, ու մանաւանդ մեր ժողովուրդը, յաճախ ուխտ կը կատարէ Ս. Աստուածածնին: Պատահական չէ ուխտի այդ գաղափարը, որ արմատաւորուած է մեր ժողովուրդի մտայնութեան մէջ հանդէպ Աստուածամօր, որովհետեւ ի՛նք «Ուխտի Զաւակ» մըն էր, որովհետեւ իր ծնողաց կատարած ուխտին ի պատասխան, ան ծնած էր Աննայէն՝ իր մօրմէն, որ ամուլ ճանչցուած էր:
«Յայսմաւուրք»ը կը պատմէ, որ Ս. Մարիամի հայրը՝ Յովակիմը, տօնական օր մը իր ընծան Աստուծոյ մատուցելու համար երբ տաճար կ՛երթայ, քահանաներէն մէկը չընդունիր անոր ընծան՝ ըսելով, թէ իրաւունք չունի տաճարին ընծայաբերելու անձ մը, որ Իսրայէլի զաւակ չէ տուած: Շատ վիրաւորուելով այս վերաբերումէն՝ տուն կը վերադառնայ. Աննա կ՛իմանայ անոր սրտին ցաւը ու լալով կը դիտէ ճնճղուկները, որոնք իրենց տան դիմացի ծառին վրայ բոյն շինած՝ իրենց ձագուկները շուրջերնին առած կը ճռուողէին: Աննա աղօթելով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, մենք այս ջնջին ճնճղուկներուն չափ անգամ չկանք: Յիշէ՛ քու ծառաներուդ տառապանքը եւ վերջ տուր անոնց ցաւին»: Եւ ապա ինքնիրեն կ՛ուխտէ ըսելով. «Եթէ զաւակ ունենամ, Աստուծոյ պիտի ընծայեմ զայն, թող ծառայէ Անոր, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին»:
Եւ Աստուած կը լսէ անոնց աղօթքը: «Յայսմաւուրք»ը այնուհետեւ հռետորաբանելով ամուլ Աննայի յղութիւնը եւ Մարիամի ծնունդը՝ երկար շարք մը բարիքներ կը թուէ՝ ըսելով, թէ անով բոլոր ազգերը օրհնուեցան, անով Եւան ալ օրհնուեցաւ, անով Ադամին տրուած անէծքը վերցուեցաւ, կիներու երկունքը լուծուեցաւ, ամբողջ աշխարհին շնորհք սփռուեցաւ, անէծքը օրհնութեան փոխուեցաւ, Աստուած մեզի հետ հաշտուեցաւ, եւ այլն:
Իսկ Յովակիմ, իր անսահման ուրախութեան մէջ, երբ Մարիամ մէկ տարեկան կ՛ըլլայ, խնճոյք կը սարքէ, ու մինչեւ իսկ կը կանչէ քահանայապետը, որ իր գիրկը առնելով մանուկը՝ մարգարէանալով կ՛ըսէ. «Տէր Աստուած, անուանի ըրէ այս մանկիկը բոլոր ազգերուն մէջ մինչեւ յաւիտեան»:
Իրենց կատարած ուխտին համաձայն, Յովակիմ եւ Աննա իրենց դուստրը տաճարին կ՛ընծայեն եօթը տարեկանին, ուր կը մնայ եօթը տարիներ: «Յայսմաւուրք»ը կ՛աւելցնէ ըսելով, որ այնքան նուիրուած էր աղօթքի եւ Ս. Գիրքերու ընթերցանութեան, որ այլեւս իր հայրն ու մայրը չէր յիշեր: Ուխտի շրջանը աւարտելով՝ եօթներորդ տարին դուրս կու գայ տաճարէն, եւ յաջորդ տարին կը նշանուի Յովսէփի հետ: 15 տարեկանին կը ծնի Յիսուսը: Իր Որդւոյն խաչելութեան արդէն 48 տարեկան էր, իսկ երբ վախճանեցաւ՝ վաթսուն տարեկան: Ուրեմն՝ Ս. Կոյսը Յիսուսի Համբարձումէն ետք միայն տասներկու տարիներ ապրեցաւ երկրի վրայ:
Բայց ինչպէ՞ս վախճանեցաւ Ս. Աստուածածին: Դարձեալ «Յայսմասուրք»ը կը պատմէ, թէ մահէն երեք օրեր առաջ, Գաբրէիլ հրեշտակապետ կը յայտնէ Ս. Կոյսին, թէ երեք օրէն երկինք պիտի փոխադրուի: Այս լուրը մեծապէս կը հրճուեցնէ Մարիամը, որ Ձիթենեաց լեռ կ՛երթայ աղօթելու Աստուծոյ, իրեն հետ տանելով Յովհաննէս առաքեալին մայրը՝ Սողոմէն: Ապա, Յովհաննէս առաքեալին ալ կը յայտնէ իր մահուան մօտալուտ ըլլալը, եւ կը խնդրէ, որ հացի բեկանում կատարէ ու հաղորդէ զինք: Ներկայ կ՛ըլլան հաւատացեալ կիներ, որոնք լսելով իր բաժանումին լուրը՝ կը սկսին լալ, առաքեալներուն հետ: Իսկ Աստուածամայրը կ՛երկննայ անկողնին մէջ՝ հոգին աւանդելու համար: Յովհաննէս առաքեալ կը մօտենայ անոր ու տախտակ մը տալով՝ կը խնդրէ, որ իր պատկերը թողու իբրեւ յիշատակ: Աստուածամայրը զայն առնելով կը խաչակնքէ վրան, իր երեսին կը դնէ ու արցունքներով կը թրջէ զայն, խնդրելով, որ հիւանդներու բժշկութիւն ըլլայ անիկա: Եւ այդ պահուն անոր վրայ կը դրոշմուի իր դիմանկարը: Ապա, խաղաղութեամբ կ՛աւանդէ հոգին:
Հաւատացեալ կիները կը պատանքեն անոր սուրբ մարմինը, իսկ առաքեալները կը տանին ու Գեթսեմանիի ձորին մէջ կը թաղեն սաղմոսներով ու օրհնութիւններով: Երեք օր, ամէն առաւօտ կ՛այցելեն գերեզման ու հրեշտակներու փառաբանութեան երգեր կը լսեն այնտեղ: Եւ աւանդութիւնը կ՛ըսէ, որ չորրորդ օրը, անմարմին զօրք մը եկաւ՝ իբրեւ գլուխ ունենալով Քրիստոսը, ապա հրեշտակներ գոց գերեզմանը առանց բանալու վերցուցին Ս. Կոյսին աստուածընկալ մարմինը եւ յանձնեցին իր Որդիին, որ Իրեն հետ երկինք տարաւ ու Իր աջ կողմը նստեցուց զայն:
Բարթողիմէոս առաքեալ, որ քարոզութեան պատճառով չէր կրցած ներկայ ըլլալ թաղման արարողութեան, կը հասնի գերեզման այն պահուն, երբ չորրորդ օրը ըլլալով, առաքեալներ գացած էին աղօթելու Ս. Կոյսին համար: Բարթողիմէոս շատ կը խնդրէ, որ բանան գերեզմանը ու վերջին անգամ մըն ալ տեսնէ Աստուածամօր հրաշագեղ դէմքը՝ իբրեւ մխիթարութիւն: Եւ երբ կ՛ընդառաջեն ու կը բանան գերեզմանը, զարմանքով կը տեսնեն, որ այնտեղ չէր անոր մարմինը, այլ վերափոխուած երկնային յաւիտենութեան մէջ: Եւ իբրեւ մխիթարութիւն, առաքեալները Բարթողիմէոսի կը յանձնեն Տիրամօր դիմանկարը, որ իրեն հետ Հայաստան կը բերէ եւ Հոգեաց վանքը հիմնելով՝ հայ կոյսերու խնամքին կը յանձնէ զայն՝ իբրեւ սուրբ աւանդ:
Աստուածամօր բացառիկ կերպարը քրիստոնէութեան մօտ, բոլոր ժողովուրդներու եւ յատկապէս մեր ժողովուրդի պարագային՝ կնոջ, ու այս պարագային՝ հայ կնոջ, տիպար օրինակն է: Մեր ընտանեկան սրբութիւնը, ազգային աւանդութիւնները եւ մարդկային առաքինութիւնները անպայման տեղ մը կախեալ են այն դաստիարակութենէն, զոր մայր մը կու տայ իր զաւակներուն:
Աստուածածնի տօներէն իւրաքանչիւրը առիթ է ազգովին աւելիով ներշնչուելու անկէ, պահպանելու համար դարերէն եկող մեր ազգային առաքինութիւնները ու սրբութիւնները:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/08/2018, 11:27