Քոլոմպիոյ մէջ  եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հոգեւոր առաջնորդները Քոլոմպիոյ մէջ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հոգեւոր առաջնորդները 

Հարաւային Ամերիկայի եպիսկոպոսներուն հանդիպումը երիտասարդներուն հետ

Լատին Ամերիայի Եպիսկոպոսները ունկնդրեցին երիտասարդներուն վկայութիւններուն եւ խորացան որոշ հարցերու մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Օգոստոսի 6-10, Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսները հաւաքուեցան Քոլոմպիայի Պոկոթա քաղաքին մէջ քննարկելու համար հոկտեմբերին կայանալիք երիտասարդներու նուիրուած սիւնհոդոսի որոշ կէտեր, որոնք առընչուած են Հարաւային Մերիկայի երկիրներուն։ Հաւաքին մասնակցեցան 40 երիտասարդներ։ Եպիսկոպոսները եւ երիտասարդները միասնաբար վերլուծեցին հարցարանները որոնք կազմուած էին վերջին ամիսներուն։ Եպիսկոպոսները ունկնդրեցին վկայութիւններուն եւ խորացան որոշ հարցերու մէջ։ Չիլէի Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէջին վրայ հրապարակուած է յիշեալ աշխատանքներու ամփոփում մը, ուր կը հաղորդուի թէ կատարուած է բերրի երկխօսութիւն մը, որ առիթ եղած է աւելի լաւ հասկնալու այսօրուան երիտասարդներուն իրականութիւնը։

Հոկտեմբերի սիւնհոդոսին պիտի մասնակցին 25 եպիսկոպոսներ Լատին Ամերիկայէն. անոնց կʼընկերանան լատինամերիկեան երիտասարդներու հովուականի ներկայացուցիչները, որոնց կարգին Ռիքարտօ Նատալես, որ յիշած է թէ եպիսկոպոսները յատուկ կերպով հետաքրքրուած էին հաւատքի փոխանցումի, ինչպէս նաեւ դէպի մարդկութեան կարիքները ընթացող Եկեղեցւոյ հարցով, եւ վերջապէս Հարաւային Ամերիկան յուզող բարդ խնդիրներով, ինչպէս՝ բռնութիւն, թմրանիւթ, ալքոլ, պոռնկութիւն եւ գաղթականութիւն։

Գերապայծառ Մոյզէս Աթիշա, Սան Մարքոս տէ Արիքայի եպիկոպոս եւ նախագահ Չիլէի երիտասարդներու հովուականի ազգային յանձնաժողովի, ըսած է, թէ հանդիպումը շնորհքի թանկագին ժամանակ մը եղած է, ուր կարելի եղած է բաժնեկցիլ Սիւնհոդոսի մասնակցող միւս եպիսկոպոսներուն հետ տուեալ երկիրներու պատրաստած անդրադարձութիւնները։ Ան նկատած է, թէ «Պարզուեցաւ, որ երիտասարդներու Եկեղեցւոյ մերձեցման, հաւատքի փոխանցման եւ կոչումի պարզորոշման կերպերը կը համընկնին։ Սակայն երբեմն դժուար է հասկնալ երիտասարդներու ամբողջ իրականութիւնը, եւ թէ ինչպէս պէտք է ընկերակցիլ անոնց կեանքի ծրագիրներու պարզորոշման ընթացքին։»Ան աւելցուցած է՝ «Սակայն մեզի ոյժ եւ յոյս կու տայ, երբ կը նկատենք այն հանգամանքը, թէ բոլորս ալ ունինք նոյն բաղձանքը՝ թոյլ տալ որ Սուրբ Հոգին գործէ, միասնաբար ուշադիր ըլլալ, թէ Ան ու՛ր կʼառաջնորդէ մեզ մեր ժամանակներուն մէջ»: Վերջապէս եպիսկոպոսը վերջին օրերու հանդիպումները բնորոշած է իբր «մեծ առիթ մը, միասնաբար դիտելու եւ պարզորոշելու»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2018, 13:00