Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի 

Կատարելութեան ճամբուն վրայ յառաջանալու համար էական կէտ մըն է աղօթքի կեանքը

«Վանականութիւնը Հայոց Պատմութեան հոլովոյթին» (շարունակութիւն)

Պատրաստեց Հայր Ներսէս Սագայեան

Հոգեւոր գրականութեան մէջ ծանօթ են մեզի «պայքար», «պատերազմ», «դիմադրութիւն» բացատրութիւնները։ Արդէն Պօղոս Առաքեալ կը խօսի մրցումի մասին, պայքարի մասին՝ որ կը տարուի հոգեւոր մարզի մէջ։ Կրօնաւորներու ուղղուած գրականութեան մէջ առաւել շեշտուած է «պայքար»ի իրականութիւնը։ «Վարք Հարանց» հաւաքածոն, որուն անդրադարձանք նախորդ հաղորդումներուն մէջ, բազմիցս կը խօսի այդ պայքարի մասին։ Կրօնաւորը, թէեւ քաշուած անապատ կամ վանքի պատերէն ներս, զերծ չէ փորձութիւններէ եւ մեղանչումներէ։ Առաւել եւս, կրօնաւորը շատ աւելի արթնութեամբ պէտք է հսկէ, եւ պայքարի այնպիսի բաներու դէմ որոնցմէ զուրկ է ոչ կրօնաւորը։
«Վարք Հարանց»ի մէջ կը կարդանք՝ «Պայքարիր անկարգ խորհուրդներուն դէմ, եւ խօսէ անոնց հետ որոնք օրինաւոր բաներ կը խօսին։ Աչքը մեծ փոյթով հեռացուր երկրաւոր բաներէ, որովեհետեւ անոր ծուխը կը պղտորէ հոգին, եւ չարը կʼաւելնայ։ Եթէ վատթար սովորութենէ մը յաղթուիս, սակաւ առ սակաւ հեռացուր զայն. եւ առանց ծանր աշխատանքի փուշը անձէդ կը հեռացնես։ Անձդ մաքուր պահելով, մաքրութեամբ՝ Աստուած կը ստիպես»։ Այստեղ կʼարժէ անդրադառնալ «վատթար սովորութեան» յաղթելու խրատին։ Անապատի Հայրերուն համար յստակ է, թէ վատթար սովորութիւնները կամ ունակութիւնները դժուար թէ կտրուկ եւ վճռան կերպով հեռացուին։ Ծանօթ է մեզի նոյնիսկ սուրբերու կեանքէն, թէ անոնք տարիներ, նոյնիսկ տասնեակ տարիներ պայքարած են վատթար սովորութեան մը դէմ։ Կրնանք հետեւցնել, թէ «հոգեւորական պատերազմ»ը կը պահանջէ յարատեւութիւն եւ համբերութիւն։
Անձը մաքուր պահելու համար հարկաւոր է նաեւ հեռու մնալ այնպիսի անհատներէ որոնք կրնան չար օրինակ ըլլալ եւ չարի առաջնորդել, ինչպէս «Վարք Հարանց»ը կը խրատէ՝ «Ան որ պղերգութեամբ կʼապրի, զայն իբր խորհրդակից մի առներ. որովեհետեւ ան չարիքով կը հրճուի, եւ բարիքը կʼատէ եւ կʼամչնայ խրատ տալէ։»
Կատարելութեան ճամբուն վրայ յառաջանալու համար էական կէտ մըն է աղօթքի կեանքը։ Աղօթել չի նշանակեր լոկ բառեր եւ խօսքեր արտաբերել։ Եկեղեցւոյ Հայրերու գործերը եւ ընդհանրապէս հոգեւոր գրականութիւնը կը հաստատեն, թէ աղօթքը պէտք է ըլլայ սրտով, հոգիով եւ նոյնիսկ մարմնական արտայայտութիւններով։ Թէ ինչ է մարմնի դերը աղօթքի ժամանակ շատ ընդարձակ նիւթ մըն է, որուն ուրիշ անգամ կրնանք անդրադառնալ։ Ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կʼըսէ՝ քրիստոնեան «Սուրբ Հոգւոյն տաճարն է» (Ա. Կոր Զ. 19)։ «Վարք Հարանցը» կը խրատէ՝ «Եթէ կʼուզես Աստուծոյ տաճար ըլլալ, Անոր ընծայէ առօրեայ աղօթքը իբր մշտնջենաւոր պատարագ»։ Կրօնաւորին նպատակն է իր անձը ամբողջութեամբ նուիրել Աստուծոյ։ Եթէ ամէն քրիստոնեայ կը նկատուի «Սուրբ Հոգւոյն տաճար» առաւել եւս կրօնաւորը, որ իր անձը ամբողջութեամբ կը տրամադրէ Աստուծոյ կամքին։
Աղօթքի հետ «Վարք Հարանց»ը կը կապէ նաեւ Սուրբ Հաղորդութիւնը՝ «Ամէն ապականութենէ հեռու կեցիր, եւ ամէն օր մերձեցիր խորհրդական ընթրիքին. որովհետեւ այդպիսով Քրիստոս մեր մարմնինը կʼըլլայ»։ Այստեղ մարմինը նկատի ունի անհատի մը ամբողջ էութիւնը, ինչպէս Պօղոս Առաքեալ կʼանուանէ «կենդանի տաճարներ» (Ա. Կոր Գ. 16։ Բ. Կոր Զ. 16)։ Հետաքրքրական է նաեւ որ «Վարք Հարանցը» կը խօսի ամենօրեայ հաղորդութեան մասին։ Զանազան պատճառներով ամէն օր հաղորդուելու սովորութիւնը որոշ տեղեր չէ պահուած։ Կաթողիկէ եկեղեցին միշտ աւելի կը քաջալերէ հաւատարիմ մնալ այս հնամենի սովորութեան եւ չքաշուիլ հաղորդութեան մերձենալէ ամէն օր։ Սակայն «Վարք Հարանց»ի տուած խրատին մէջ ակնյայտնի է պայմանը՝ «ամէն ապականութենէ հեռու կեցիր»։ Սուրբ Հաղորդութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին սնունդն է, սակայն հաւատացեալը չի կրնար հաղորդուիլ, եթէ ինքզինք չէ պատրաստած, չէ ապաշխարած, ծանր մեղքերը չէ խոստովանած. չէ կարելի Սուրբ Հաղորդութեան մերձենալ թեթեւամտութեամբ։ Պայման է որ հաղորդուող հաւատացեալը հեռու մնայ ապականութենէ, այսինքն մեղքէ, հոգիի աղտէ, հոգիի փտութենէ։
Այստեղ յիշենք «Վարք Հարանցի» կրօնաւորներուն ուղղուած խրատներէն քանի մը կէտ եւս։ Հոն կը կարդանք՝ «Ոչ մէկ բան իմաստասիրութենէ աւելի փառաւոր համարէ. որովհետեւ ան օրէնքի մայրն է, եւ աթոռակից Աստուծոյ թագաւորութեան։» Իմաստասիրութիւն այստեղ պէտք չէ հասկնալ փիլիսոփայութիւն. այլ սէրը իմաստութեան՝ որ կու գայ Աստուծմէ ինչպէս բազմիցս կը կարդանք Աստուածաշունչի մէջ։
Ապա «Վարք Հարանց»ը կը յորդորէ՝ «Եթէ խրատուիս, մի տրտնջեր Աստուծոյ մասին, որովհետեւ ան կը խրատէ իբրեւ հայր. շնորհակալ ըլլանք իբր բարի գործերու արժանաւորներ։» Խրատուիլ երբեմն կապուած է ցաւի հետ, որովհետեւ խրատելը, սրբագրելը ցաւ կը պատճառեն մարդ արարածին։ Սակայն կʼըսէ Պօղոս Առաքեալ (Եբր ԺԲ. 6) մէջբերելով Հին Կտակարանէն՝ «Որդեակ, մի լքանիր ի խրատու Տեառն, եւ մի լուծանիցիս յանդիմանեալ ի նմանէ։ Զի զոր սիրէ Տէր՝ խրատէ, տանջէ՛ զամենայն որդի զոր ընդունի» (Իմաստ Գ. 11-12)։
Աստուած կը խրատէ մեզ, իսկ մարդոցմէ կրնանք ընդունիլ խրատ կամ նաեւ նախատինքներ. կեանքն ալ լեցուն է տրտմութեամբ կամ «տրտմութեան ստուերներով»։ «Վարք Հարանց»ը կը խրատէ՝ «Երբ անպատուըուիս, ուրախացիր. եթէ անիրաւ կերպով անպատուըուիս՝ վարձքը շատ է, եթէ իրաւացի կերպով՝ կʼողջախոհանաս, կը թեթեւնաս պատուհասներէն։ Տրտմութեան ստուերը եւ ծուխը ընդունէ իբր կեանքի մաս եւ ուրախութիւն՝ որովհետեւ ստուեր ըլլալով չի մնար եւ ինչպէս ծուխ կը փախչի եւ անիւի նման կը գլորի։ Միշտ փութա բարիքի մէջ յառաջդիմել։»


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/08/2018, 12:42