Որոնել

Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը 

Սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսը

Սիւնհոդոսի օրակարգը պիտի ընդգրկէ հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցեր

Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ թեմերու առաջնորդներուն եւ միաբանութեանց մեծաւորներուն, երեքշաբթի 28 օգոստոս 2018-ին Զմմառու Տիրամօր վանքին մէջ սկիզբ առաւ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսը, որ պիտի երկարի մինչեւ 7 սեպտեմբեր 2018։
Սիւնհոդոսի օրակարգը պիտի ընդգրկէ հոգեւոր, հովուական, թեմական, կանոնական, վարչական, կրթական, հրատարակչական, տեղեկատուական եւ ընկերային հարցեր, ինչպէս նաեւ շրջանի հայկական գաղութներուն իրավիճակը եւ համայն հայութիւնը յուզող խնդիրներ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2018, 13:00