Յիսուս կեանքի հացը Յիսուս կեանքի հացը 

Ինչպէս սիրաշահիլ մարդոց սրտերը (Խոհրդածութիւն)

«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար:»

Մեզմէ ամէն մէկը կը ջանայ շահիլ մարդոց սէրը։ Ասոնք են ճշմարիտ միջոցները զայն իրագործելու.

1- Յարգէ՛ բոլոր մարդիկը, փոքրերը մեծերէն առաջ, աղքատները հարուստներէն…մի՛ արհամարհեր եւ ո՛չ մէկը։ Նմանէ՛ Աստուծոյ որ բոլորին հետ կը խօսի եւ բոլորին մտիկ կ՚ընէ։

2- Խոնարհ եղի՛ր որ մարդիկ սիրեն քեզ։ Մի՛ կարծեր որ համեստութիւնդ քեզ կը նուազցնէ մարդոց առջեւ։ Յիշէ՛ մեր Տիրոջ խօսքերը.
«Երբ մարդէ մը հարսանիքի հրաւիրուիս, առաջին բազմոցին վրայ մի՛ նստիր» (Ղուկ 14, 8)։
«Բայց ձեր մէջ այնպէս պէտք չէ ըլլայ, հապա ձեզմէ ով որ մեծ ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր սպասաւորը ըլլայ ու ձեզմէ ով որ առաջին ըլլալ կ’ուզէ, թող անիկա ձեր ծառան ըլլայ» (Մատթէոս 20։26, 27

3- Եթէ կ՚ուզես որ մարդիկ քեզ սիրեն ծառայէ՛ եւ օգնէ՛ իրենց։ Մարդիկ կ՚ատեն անձնասէր անձը եւ կը սիրեն առատաձեռները։ Եւ եթէ ոչինչ ունիս տալիք տու՛ր իրենց քու ժպիտդ եւ բարի խօսքդ։

4- Եթէ կ՚ուզես որ մարդիկ քեզ սիրեն բարութեամբ եւ ժպիտով ընդունէ՛ զիրենք։
Ուրախ ու ժպտուն մարդը կը սիրուի բոլորէն իսկ տխուր ու մելամաղձոտ մարդէն կը խուսաբին մարդիկ։

5- Եթէ կ՚ուզես որ մարդիկ քեզ սիրեն շատ մի՛ գանգատիր եւ ո՛չ մէկը հանդիմանէ ու վիրաւորէ։ Սողոմոն իմաստունը կ՚ըսէ. “Հանդիմանէ՛ իմաստունը քեզ կը սիրէ, հանդիմանէ՛ յիմարը քեզ կ՚ատէ” (Առակաց 9, 8):

6- Եթէ կ՚ուզես որ մարդիկ քեզ սիրեն պաշտպանէ՛ զիրենք եւ յիշէ՛ իրենց բարեգործութիւնները։ Որքան ալ մարդս գէշ ըլլայ ամպայման առաքինութիւններ պիտի գտնես իր մօտ։ Յիշէ՛ զանոնք եւ իր սիրոյն եւ յարգանքին պիտի արժանանաս։ Մարդոց հետ խնդայ՛ եւ ոչ մարդոց վրայ։

7- Եթէ կ՚ուզես մարդիկը սիրաշահիլ, ջանա՛ տիրանալ այն առաքինութիւններուն որ կը սիրեն, օրինակ քաջութիւնը, ճշմարտութիւնը, ժպիտը…եւ ձեռբազատուի՛ր այն պակասութիւններէն որ կ՚ատեն, օրինակ անձնասիրութիւնը, բամբասանքը, հպարտութիւնը…

8- Եթէ կ՚ուզես որ մարդիկ քեզ սիրեն դուն քու վրէժդ մի՛ առներ եւ մի՛ փոխարիներ չարը չարիքով, այլ յաղթէ՛ չարիքը բարիքով։

Վերջապէս, կը փակեմ խօսքս Սուրբ Պօղոսի բառերով։ Ով որ ունի այս սէրը, յարգուած ու սիրուած պիտի ըլլայ թէ՛ Աստուծմէ եւ թէ՛ մարդոցմէ։
«Սէրը երկայնամիտ է, քաղցր է. սէրը չի նախանձիր, սէրը չի գոռոզանար, չի հպարտանար, անվայել վարմունք չունենար, իրենը չի փնտռեր, բարկութեան չի գրգռուիր, չարութիւն չի խորհիր, անիրաւութեան վրայ չի խնդար. հապա ճշմարտութեան խնդակից կ’ըլլայ։ Ամէն բանի կը զիջանի, ամէն բանի կը հաւատայ, ամէն բանի կը յուսայ, ամէն բանի կը համբերէ» (1 Կոր 13,4-7):

Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2018, 09:29