Քեսապի մէջ Տիրամօր արձանի օրհնութեան եւ բացման արարողութիւն Քեսապի մէջ Տիրամօր արձանի օրհնութեան եւ բացման արարողութիւն 

Արհի. Գէորգ եպս.Ասատուրեանի հովուական այցելութիւնը Քեսապի

Ուրբաթ 3 Օգոստոսը հանդիսաւոր մեծ օր մըն էր համայն քեսապահայութեան, Քեսապի Տիրամօր արձանի օրհնութեան ու բացման արարողութեան առիթով:

Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան , հովուական այցելութեամբ Քեսապ ժամանեց հինգշաբթի 2 Օգոստոս 2018-ին եւ դիմաւորուեցաւ Քեսապի մուտքին ժողովրդապետ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի կողմէ , որուն կ'ընկերանային ժողովրդապետական օժանդակ յանձնախումբի անդամները եւ խումբ մը հաւատացեալներ: Կարճ դադարէ մը ետք ամէնքը ուղղուեցան Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցի ,որուն շրջափակին մէջ՝ եկած էին գեր. Տիրոջ դիմաւորութեան բազմաթիւ հաւատացեալներ: Գեր. Ասատուրեան եկեղեցւոյ մէջ աղօթքէ մը եւ ժողովուրդը օրհնելէ ետք կրկին բակ իջնելով օրհնեց երեք ոչխարները ,որոնք իբր մատաղ , պիտի ծառայէին յաջորդ օրուայ Քեսապի տիրամօր արձանի բացումէն ետք , ժողովուրդին բաժնուելիք հերիսային պատրաստութեան:

Ուրբաթ 3 Օգոստոսը հանդիսաւոր մեծ օր մըն էր համայն քեսապահայութեան,ուր պիտի կատարուէր Քեսապի տիրամօր արձանի օրհնութիւնն ու բացումը: Աւելի քան հինգ հարիւր հաւատացեալներ հաւաքուած էին Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ բարեզարդուած բակին մէջ սպասելով իրենց բարեխօս տիրամօր արձանի բացման:Պաշտօնական անձնաւորութիւններու մէջ կը գտնուէին գեր. Տիրոջ կողքին Լաթաքիոյ նահանգապետի ներկայացուցիչը, Քեսապի քաղաքապետը,արձանի բարերարուհի՝ օրդ. Սառա Թեմիրեան,պետական, ապահովական եւ զինուորական պատասխանատուներ ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ բազմաթիւ հոգեւորականներ:

Բացման հանդիսութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ ի յարգանք Սուրիոյ նահատակներուն: Բացման խօսքը կատարեց ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ Լուիսեանը եւ շեշտը դրաւ այն կէտին վրայ որ Մարիամ մայրն է համայն մարդկութեան ,Ան կը յիշուի ոչ թէ միայն Աւետարանին մէջ այլ յիշուած է նաեւ իսլամներու Ղուրանին բազմաթիւ հատուածներուն մէջ: վրդ. Շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարուհիին եւ պետական բոլոր պատասխանատուներուն իրենց ներկայութեան համար, ապա հրաւիրեց գեր. Տէրը , բարերարուհին եւ նահանգապետի ներկայացուցիչը վերցնելու արձանին քօղը,որը կատարուեցաւ ներկայ ժողովուրդին ծափահարութիւններու հետ,եւ ճերմակ աղաւնիի մը արձակումով ՝խորհրդանիշ խաղաղութեան: Ապա հայր Նարեկ հերթաբար հրաւիրեց ներկայ բոլոր հոգեւորականները քրիստոնեայ թէ իսլամ իրենց սրտի խօսքը արտասանելու եւ իւրաքանչիւր խօսքէ ետք կը լսուէր Մարեմեան երգ մը զոր կը հնչեցնէին ներկայ եկեղեցական երգչախմբերը:

Տեղի ունեցաւ արձանի օծումը սուրբ Միւռոնով ձեռամբ գեր. Ասատուրեանի, որմէ ետք խօսք առնելով իր կարգին՝ գեր. Տէրը ,նախ հայերէնով ողղելով իր խօսքը ներկայ ժողովուրդին ,շեշտեց թէ Մարիամի բարեխօսութեան շնորհիւ է որ գրաուած Քեսապը շուտ վերադարձաւ իր ժողովուրդին եւ կոչ ըրաւ անոնց տէր կանգնիլ իրենց գիւղին վստահելով երկնաւոր մեր մայրիկին:Ապա արաբերէն խօսքին մէջ գեր. տէրը շեշտը դրաւ կրօնքներու միջեւ սերտացման եւ սիրոյ վրայ ,ըսելով թէ մենք իսլամ թէ քրիստոնեայ ունինք մէկ եւ միեւնոյն Տէրը եւ արարիչը : Գեր.տէրը ըսաւ.« Մենք այս պահուս կեցեր ենք՝ անվախ, լեռան ստորոտը ,որուն ետին կայ մեր դարաւոր թշնամին, որուն բիւր փորձերը մեզ ջնջելու կը մնան ապարդիւն քանի մենք զինուած ենք մեր հաւատքով եւ կը վայելենք բարեխօսութիւնը մեր բարեխօս մայրիկին՝Աստուածամօր»:Ապա գեր Ասատուրեան բարերարուհի օրդ. Սառա Թեմիրեանին նուիրեց Աստուածամօր սրբապատկերը որմէ ետք Լաթաքիոյ նահանգապետին հետ տնկեցին արձանին կից ձիթենիի ծառ մը՝ խորհրդանիշ խաղաղութեան եւ հաւերժութեան եւ ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակը ուր գեր. տէրը օրհնեց մատաղ հերիսան եւ հիւրերուն հետ ուղղուեցաւ Հայ Կաթողիկէ Բարեյուսոյ վարժարանի մուտքի դահլիճը ուր մտերմիկ հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:Միեւնոյն ատեն եկեղեցւոյ երիտասարդները կը կատարէին հրավառութիւն ,ճոխացնելով մթնոլորտը:

Շաբաթ 4 Օգոստոսին 2018-ին երեկոյեան ժամը վեցին բոլորին ժամադրավայրն էր հայ Կաթողիկէ եկեղեցական հանդիսասրահը, որուն վերանորոգութիւնը կատարուած էր ,կողոպտուելէ եւ աւերուելէ ետք Քեսապ ներխուժած զինեալներու կողմէ 2014 թուականին:

Գեր. Ասատուրեան, հայր Նարեկ վրդ. ,հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հովիւի եւ Քեսապի քաղաքապետի կողմէ մուտքի դրան ժապաւէնը քակելէ ետք բոլոր ներկաները մուտք գործեցին վերանորոգ սրահ ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Բացման խօսքով բեմ ելաւ պրն.Ռաֆֆի Ճուրեան որ նախ ըրաւ պատմականը սրահին, որ հանդիսացած էր Քեսապի Կաթողիկէ առաջին եկեղեցին 1861-ին, ապա 1981-ին վերածուած էր եկեղեցական սրահի:Իր խօսքին մէջ յիշեց ան թուրքիոյ չորս ներխուժումները Քեսապի վրայ որոնց իւրաքանչիւրէն ետք քեսապցին կրցած էր միշտ ետ կանգնիլ ոտքերուն վրայ եւ շարունակել պահել իր կեանքը բարքերն ու աւանդութիւնները:

Բացման խօսքէն ետք Հ.Կ.Մ.ի պատանիներէն Աստղիկ Դանիէլեան ասմունքեց մեծ ապրումով Յակոբ Թորոսեանի «Ուխտ»ը եւ Լիլա Չիւրիւքեան կատարեց «կիլիկիա» մենապարը:

Գեղարուեստական բաժնին մեծ մասը տրամադրուած էր «Հայոց Գողգոթա» տեսասկաւարակի ցուցադրութեան: Ռաֆֆի Ճուրեան ներկայացնելէ ետք անոր հեղինակ՝Ղեւոնդ Ռոպէր Քէնտիրճեանը եւ տալով ֆիլմի մասին ամփոփ ակնարկ մը,որը կը համեմատէր Յիսուսի չարչարանքներն ու յարութիւնը ,հայ ժողովուրդի չարչարանքներուն եւ յարութեան, բեմ հրաւիրեց հեղինակը տալու քեսապահայութեան իր սրտի խօսքը.իր հակիրճ խօսքին մէջ հեղինակը շնորհակալութիւն յայտնեց գեր.տիրոջ եւ հայր Նարեկին տալով առիթ իրեն իր ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութեան իր ծննդավայր Քեսապի մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որ սատարեցին անոր պատրաստութեան.ապա ցուցադրուեցաւ խտասալիկը, որուն մեծ ուշադրութեամբ եւ յուզումով հետեւեցան ներկաները:

Հանդիսութեան փակման խօսքին համար բեմ հրաւիրուեցաւ գեր.Ասատուրեան.ան գովաբանական խօսքերով վեր առաւ Քեսապի ժողովրդապետ հայր Նարեկի զոհողութեան եւ աշխատասիրութեան առաքինութիւնները ,կոչ ըրաւ ժողովուրդին ըլլալ միշտ եկեղեցւոյ եւ իրենց հովիւին կողքին եւ միասնաբար յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները որով դժուար օրեր միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան բայց մենք վհատելու չենք այլ վստահելու ենք միշտ Աստուծոյ նախախնամութեան ապա շնորհաւորեց քեսապցիներուն իրենց վերանորոգ սրահը եւ մաղթեց որ սոյն սրահը օգտագործուի ուրախ առիթներու համար:

Գեր. տիրոջ խօսքէն ետք բոլորը ուղղուեցան սրահին բակը ուր տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւն եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:

Կիրակի Օգոստոս արհի.Գէորգ եպս. Ասատուրեան մատուցանեց հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագ, որուն ընթացքին կիսասարկաւագի կարգը տուաւ Քեսապի Ս. Միքայէլ եկեղեցւոյ հաւատացեալներէն պրն. Արա Քէշիշեանին,որը երկար տարիներէ մեծ նուիրուածութեամբ կը ծառայէ եկեղեցւոյ եւ Ս. Խորանին: Իր քարոզին մէջ գեր. հայրը ըսաւ.«Կիսասարկաւագի ձեռնադրութիւնը զոր կատարեցինք ՝ նշանակալից արարողութիւն մըն է, որովհետեւ ան նուիրագործումն է ձեռնադրեալի յանձնառութեան նուիրուելու Եկեղեցւոյ ծառայութեան»:Ապա իր խօսքը ուղղելով ձեռնադրեալին գերապայծառ տէրը ըսաւ.«Սիրելի Արա,վստահ եմ որ դուն այս յանձնառութիւնը կը կատարես քաջ գիտակցութեամբ,որովհետեւ դուն իսկական զաւակն ես այս եկեղեցւոյ, եւ Ս. Խորանին քու ծառայութեամբդ, քու հաւատարմութեամբդ,բարեսրտութեամբդ ու խոնարհութեամբդ յարգուած ու գնահատուած ես իրերայաջորդ բոլոր ժողովրդապետներուն կողմէ: Վստահ եմ որ այսուհետեւ պիտի շարունակես ծառայել աւելի սիրով ու նուիրումով»:Ապա գերապայծառ տէրը դառնալով ժողովուրդին ըսաւ.«կը մաղթեմ եւ կ'աղօթեմ որ Արային օրինակը առիթ դառնայ նոր կոչումներու որոնց այսօր աւելի քան երբէք կարիքը ունին մեր Եկեղեցին ու մեր ժողովուրդը»: Ս. Հաղորդութեան բաշխումը կատարեց՝ առաջնորդ հօր հրամանաւ նոր ձեռնադրեալ կիսասարկաւագը ,իսկ պատարագի աւարտին գեր. տէրը փոխանցեց եղբայր Արային յուշանուէր մը: Յիշատակի պատկերէ մը ետք բոլոր ներկաները բարձրացան Ս.Միքայէլ վանքին երկրորդ յարկի վրայ գտնուող Աղաճանեան սրահ ընդունելու ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու խնդակցութիւնները:

Գերապայծառ տիրոջ երրօրեայ այցելութիւնը մեծ արձագանգ ձգեց քեսապահայութեան մօտ ,ինչպէս նաեւ անոր ներկայութիւնը տուաւ անոնց քաջալերանք եւ յոյս :

Թղթակից Քեսապէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/08/2018, 11:18