Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ Քաղդէացիներուն պատրիարք կարդինալ Լուիս Ռաֆայել Սաքօ 

Քաղդէացի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն կոչը Սուրիոյ խաղաղութեան եւ Իրան-ԱՄՆ երկխօսութեան ի սպաս:

Եպիսկոպոսները կոչ կ՝ուղղեն Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի քաղաքական իշխանութիւններուն, խնդրելով անոնցմէ երկխօսութեան ուղիին դիմել, հարցերու խաղաղ լուծման համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վերջ գտաւ Պաղտատի մէջ 7-13 օգոստոսին գումարուած Քաղդէացի Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներուն 2018 թուականի եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը նախագահութեամբ Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Կարդինալ Ռաֆայէլ Լուիս Սաքօ Պատրիարքին։ Յիշեալ սիւնհոդոսական ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ արտասահմանի քաղդէացիներու հոգեւոր առաջնորդները։

Սիւնհոդոսական ժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ քաղդէացի եպիսկոպոսները հրաւէր ուղղած են Իրաքի համայն բնակչութեան ջանք չխնայելու՝ տարածաշրջանին մէջ մշտական խաղաղութեան հաստատման համար, հայցելով Աստուծմէ նաեւ, որ վերջ գտնեն Սուրիոյ մէջ հակամարտութիւնները։

Եպիսկոպոսները կոչ կ՝ուղղեն նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի քաղաքական իշխանութիւններուն, խնդրելով անոնցմէ երկխօսութեան ուղիին դիմել, հարցերու խաղաղ լուծման համար, զգուշացնելով զանոնք պատժամիջոցներու կիրարկումէն, ընդգծելով որ պատժամիջոցներէն տուժողը լոկ բնակչութիւնն է, ինչպէս պատահած էր 13 տարի առաջ, երբ պատժամիջոցներու հաստատման հետեւանքով բացասական երեւոյթներ յառաջացած էին Իրաքի մէջ։

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ որ եպիսկոպոսները քննարկած են տեղական քրիստոնէական հասարակութեան իրավիկճակը, որ արդէն վերածաղկումի փուլի մէջ կը գտնուի՝ մահմետական պետութեան կողմէ գործադրուած ողբերգութենէն ետք։ Անոնք կը խնդրեն քաղաքական իշխանութիւններէն որ ջանք թափեն ազգային միութեան ամրապնդման ի խնդիր, պայքարին կաշառակերութեան երեւոյթին դէմ, ամրագրեն երկրին տնտեսական իրավիճակը եւ հրամայական նկատեն ազգային պետութեան մը ծնունդը՝ որ գիտէ բոլոր քաղաքացիներուն հետ վերաբերիլ հաւասարութեան, ազատութեան, ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն հիման վրայ։

Եպիսկոպոսները ապա միջազգային ընտանիքի զօրակցութիւնը կը հայցեն քաղդէացի ընտանիքներուն տուն վերադարձին համար՝ վերակառուցելով անոնց բնակարաններն ու գործատեղերը։

Անոնք իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն Իրաքի եւ տարածաշրջանի ապագաին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ գտնուող քաղդէացի հաւատացեալներուն հանդէպ, որոնք կը դիմագրաւեն կեանքի դժուարին պայմաններ՝ խնդրելով միջազգային ընտանիքէն, որ առաջնահերթ տեղ դնեն գաղթականներուն Նինուէ քաղաք վերադարձը՝ ուր գոյութիւն ունի Իրաքի քրիստոնէական ամենամեծ գաղութը։

Եպիսկոպոսները կոչ կ՝ուղղեն Իրաքի քաղաքական իշխանութիւններուն, ամրապնդելու ապահովութեան իրավիճակը, ապա հովուական գործիչներէն կը խնդրեն բազմապատկել հովուական, ընկերային եւ մարդասիրական գործունէութիւնները. հաւատացեալներէն կը խնդրեն որ համբերեն եւ յարատեւեն՝ վառ պահելով իրենց հաւատքն ու յոյսը։

Յայտարարութեան աւարտին Եպիսկոպոսները շնորհաւորած են մահմետական եղբայրներն ու քոյրերը Ալ Ատհա տօնին առիթով՝ որ կը տօնակատարուի յառաջիկայ 21 օգոստոսին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2018, 10:06