Որոնել

Սուրբ Պետրոսին Պազիլիքան եւ հրապարակը Սուրբ Պետրոսին Պազիլիքան եւ հրապարակը 

Դէպի Հռոմ երիտասարդներու ուխտագնացութիւն՝ Իտալիոյ բոլոր թեմերէն:

Կիրակի 12 օգոստոսին, Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն ետք ուխտաւորներու խումբերը վերադարձ պիտի կատարեն իրենց թեմերը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

11-էն 12 օգոստոս 2018-ին, նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին, «դէպի Հռոմ հազար ուղիներու միջոցաւ» կարգախօսով ծրագիրի ծիրէն ներս,  Իտալիոյ բոլոր թեմերէն երիտասարդ ուխտաւորներ հետիոտն ուխտագնացութիւն կը կատարեն դէպի հռոմ:

Այս մասին կը յայտնեն ուխտագնացութեան կազմակերպիչները:

Նախատեսուած է, որ շաբաթ, 11 օգոստոսի՝յետմիջօրէին, 50 հազարէ աւելի ուխտաւորներ՝ ընկերակցութեամբ իրենց եպիսկոպոսներուն հասնին  Հռոմի Չիրքօ Մասսիմօ եւ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, ուր երեկոյեան  ժամը 6,30ին,  Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի միանայ անոնց։

Մինչ՝ Կիրակի 12 օգոստոսին առաւօտեան ժամը 9,30ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ Իտալիոյ Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահը՝ կարդինալ Պասսեթթին  պիտի հանդիսապետէ  Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն աւարտին, դարձեալ նախատեսուած է  ֆրանչիսկոս Պապին  ուխտաւորներու հետ հանդիպումը, որուն ըթնացքին անոնց պիտի յանձնէ  միսիոնարականութեան պատուէրը եւ պիտի օրհնէ  Փանամայի երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին իրենց հետ տանելիք՝ տեղական երիտասարնդներուն վերապահուած  նուէրները՝ Սուրբ Տամիանոյին խաչն ու Լորելթոյի Տիրամայրը:

Կիրակի 12 օգոստոսին, Հրեշտակ Տեառն աղօթքէն եւ Ֆրանչիսկոս Պապի օրհնութենէն ետք ուխտաւորներու խումբերը վերադարձ պիտի կատարեն իրենց թեմերը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2018, 09:02