Ֆիլիփինի եկեղեցւոյ իրավիճակը Ֆիլիփինի եկեղեցւոյ իրավիճակը 

Ֆիլիփինի մէջ աղօթքի, ծոմապահութեան ու ողորմութեան երրօրեայ։

Ձեռնարկը ծնունդ առաւ նախագահ Տուերթէի ու Ֆիլիփինի Եկեղեցւոյ միջեւ ծագած վերջին լարուածութիւններուն ի տես։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ֆիլիփինի եպիսկոպոսները 17 – 19 Յուլիս 2018-ին, հռչակած են աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ողորմութեան երրօրեայ մը, հայցելու համար Աստուծոյ ողորմութիւնը, անոնց համար որոնք հայհոյած ու պղծած են Աստուծոյ Սուրբ անունը, անոնց որոնք սուտ վկայութիւններ կու տան, անոնց որոնք մարդասպանութիւն կը կատարեն եւ կամ կ՛արդարացնեն զանոնք որպէս միջոց պայքարելու համար ոճրագործութեան դէմ։ Սոյն ձեռնարկը ծնունդ առաւ Ֆիլիփինի նախագահ Տուերթէի ու Ֆիլիփինի Եկեղեցւոյ միջեւ ծագած վերջին լարուածութիւններուն ի տես։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2018, 10:21