Որոնել

Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը Ասսիզացի Սուրբ Ֆրանչիսկոսը 

Ասսիզիի Ներումը

Տարւոյս օգոստոսի 1-2 Ասսիզիի մէջ պիտի կատարուին Ներումի օրերը։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Այս հանդիսական օրերուն Տաճարին դուռը բաց  կը մնայ բոլորին, ուխտաւորներու եւ տեղացի ժողովուրդին, որոնք կʼուզեն ստանալ Աստուծոյ շնորհքը, «Փորցիունքուլայի» հաշտութեան ապրումի փորձառութեամբ։

Փորցիունքուլան այն փոքրիկ մատուռն է որ կը գտնուի Ասսիզիի Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ Պազիլիքայի ներքոյ ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ունեցաւ տեսիլքը ու կոչումը հետեւելու Յիսուսին՝ դառնալով աղքատներու միջեւ աղքատիկ։

Ասսիզիի Ներումի օրերուն ծրագիրը կը կրկնուի ամէն տարի, եւ այս տարի  սկիզբ կ՛առնէ 29 յուլիսին, երբ պիտի ստանձնուի Փատրէ Փիոյի Սքեմը, որ սուրբը կը կրէր այն ժամանակ երբ իր վրայ յայտնուած էին Յիսուսի վէրքերը։ Օգոստոսի 2ին սքեմը մատչելի պիտի ըլլայ հանրութեան, որպէսզի ուխտաւորները կարենան իրենց յարգանքը մատուցանել։

Յուլիսի 29ի երեկոյեան կը սկսի Ներումին եռօրեայ պատրաստութիւնը։ Կուպպիոյի եպիսկոպոս Գերապայծառ Լուչիանօ Փաօլուչչի Պետինի պիտի կատարէ խորհրդածութիւններ, որոնք ուխտաւորները պիտի առաջնորդեն ողորմածութեան՝ ձեռք բերուած Սուրբ Ֆրանչիսկոսի միջոցաւ, Սանթա Մարիա տէլյի Անճելի (Հրեշտակներու Սրբուհի Մարիամ) եկեղեցւոյ մէջ։

Չորեքշաբթի՝ օգոստոսի 1ին, բացումն է Ներումի հանդիսութեան։ Առաւօտեան ժամը 11ին Փոքր Եղբայրներու Միաբանութեան ընդհանրական մեծաւորը, Հայր Մայքլ Փերրի հանդիսաւոր Պատարագ պիտի մատուցանէ, որմէ ետք պիտի կատարուի «Ներումի բացումին» թափորը։ Ապա կատարեալ ներողութիւն պիտի շնորհուի նաեւ ամբողջ աշխարհի տարածքին գտնուող ժողովրդապետութիւններուն եւ ֆրանչիսկեան միաբանութեան եկեղեցիներուն մէջ, անոնց որոնք կը լրացնեն կատարեալ ներողութիւն ընդունելու նախապայմանները։

Ժամը 19ին, Ասսիզի - Նոչերա Ումպրա - Կուալտօ Թատինոյի եպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Տոմենիքօ Սորրենթինօ պիտի կատարէ երեկոյեան ժամերգութիւն, որուն պիտի յաջորդէ Ասսիզիի քաղաքապետ՝ Սթեֆանիա Փրոյեթթիի խունկի նուիրումը։

Աւանդական աղօթքի հսկումը պիտի սկսի ժամը 21։15ին ջահերթով, առաջնորդուած Փորցիունքուլայի Պահապան՝ Հայր Ճուզեփփէ Ռենտայի կողմէ։

Օգոստոսի երկուքին, կարելի պիտի ըլլայ մասնակցիլ բազմաթիւ Սուրբ Պատարագներու։ Ժամը 9ի, 11ի եւ 19ի Սուրբ Պատարագները պիտի մատուցանեն՝ Տոմենիքօ Սորրենթինօ, Լուչիանօ Փաօլուչչի Պետինի եպիսկոպոսները, եւ նահանգային մեծաւոր Հայր Քլաուտիօ Տուրիկեթթօ։

Ժամը 14։30ին Ֆրանչիսկեան 38րդ Տողանցքի երիտասարդները, որոնք շաբթուան մը քայլարշաւէն ետք ժամանած են Իտալիոյ բոլոր շրջաններէն եւ ոմանք ալ արտասահմանէն, անցք պիտի կատարեն Փորցիունքուլայի դռնէն։

Ումպրիայի եւ Սարտենիայի Փոքր Եղբայրներու Միաբանութեան նահանգային մեծաւորը՝ Հայր Քլաուտիօ Տուրիկեթթօ, ժամը 19ին պիտի նախագահէ Ներումի հանդիսաւոր երեկոյեան ժամերգութեան։

Յիշեալ հանդիսութիւններու ժամանակ Ասսիզիի տաճարը պիտի մնայ բաց ամբողջ օրը, որպէսզի ուխտաւորները կարենան մերձենալ խոստովանանքի խորհուրդին։ Իսկ տաճարի հրապարակին վրայ պիտի մատուցուին հինգ ներկայացում-համերգներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/07/2018, 08:47