Նիքարակուայի մէջ բողոքներ Նիքարակուայի մէջ բողոքներ 

Նիքարակուայի մէջ եկեղեցականներու դէմ բռնութիւններ։

Նիքարակուայի մէջ բողոքները սկիզբ առին մի քանի ամիսներ առաջ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

9 յուլիս 2018-ին, Նիքարակուայի Սան Սեպասթիանօ եկեղեցւոյ մէջ, Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Սոմմերթակ, Մանակուայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Լէոփոլտօ Պրենէս ու անոր փոխանորդ եպիսկոպոսը՝ գերապայծառ Խօսէ Սիլվիօ Պայէզը, թիրախ դարձան՝ ռազմականացուած խմբակներու կողմէ բռնութեան արարքներու։

Եկեղեցականները թեմական քահանաներու ու լրագրողներու հետ միասին, ուղղուած էին դէպի Սան Պարթոլոմէօ Եկեղեցի, ուր վերջին օրերու բախումներու պատճառաւ, ապաստան գտած են 12 անձինք, անոնց օգնութիւններ տանելու համար, սակայն ճանապարհի ընթացքին անոնք թիրախ դարձան բռնարար արարքներու։ ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ, գերապյածռա Պայէզ  նշեց թէ բռնութեան ընթացքին ձեռքը վիրաւորուած է ու թէ իր վիզէն խլած են խաչը, մինչ այլ քահանայի մը ձեռքէն կողոպտուած է բջիջային հեռաձայնը։ 

Ի տես պատահածին, տեղական Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը դատապարտելով արարքները ու ընդգծելով թէ եկեղեցականները «իրենց առաքելութիւնը կը կատարէին, մնալով տառապող ժողովուրդի կողքին»։

Նիքարակուայի մէջ բողոքները սկիզբ առին մի քանի ամիսներ առաջ երբ նախագահ Օրթեկան ուզեց նոր օրէնքով մը թոշակային բարեփոխումներ ներմուծել ու այս մէկը զայրոյթ պատճառեց արդեն խեղճութեան մէջ ապրող բազմաթիւ բնակիչներուն։  Երկրին եպիսկոպոսները միջնորդի դեր խաղալով հրաւիրած էին կողմերը նստելու բանակցային սեղան, որուն արդիւնքով վերոնշեալ օրէնքը ետ քաշուեցաւ, առանց սակայն որ բախումները դադրին։

Բանակցութիւններու առաջնահերթ կէտերէն մին էր «նոր ընտրութիւններ» գումարել, սակայն երէկ՝ Նախագահը յայտարարեց թէ միտք չունի այդ մէկը ի գործ դնել։ Ապրիլ ամիսէն իր վեր երկրի մէջ կայացած բախումները պատճառեցին 300 զոհ։

Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւս, անցեալ 3 յունիս 2018-ին եւ 1 յուլիս 2018-ին կոչեր ուղղած էր Նիքարակուայի մէջ խաղաղութեան հաստատումին ու բռնութիւններու դադրեցումին համար, իր կարգին հրաւէր ուղղելով հարցերը լուծել բանակցութեան ու երկխօսութեան միջոցաւ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/07/2018, 11:57