Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եունան Պատրիարքը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Եունան Պատրիարքը 

Ասորի Կաթողիկէ երիտասարդներուն միջազգային առաջին համագումարը։

Համագումարը որ սկիզբ առաւ անցեալ 17 յուլիսին իր աւարտին կը հասնի կիրակի 22 յուլիս 2018-ին

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

«Եկուր եւ տես» Յիսուսի սոյն հրաւէրը կը հանդիսանայ Լիբանանի Լոյսի Տիրամայր անուամբ վանքի մէջ կայանալիք Ասորի Կաթողիկէ երիտասարդներու միջազգային առաջին համագումարին ուղեցոյցը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն՝ 18 երկիներէն ժամանած  18-35 տարեկան Ասորի Կաթողիկէ 450 երիտասարդներ։

«Սոյն համագումարը առիթ մըն է աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած կաթողիկէ ասորի երիտասարդներուն հետ կիսելու յոյսը՝ Սուրբ Հոգւոյն մէջ վերանորոգելու համար քրիստոնեայ հասարակութիւնը ու միեւնոյն ատեն վերառաջարկելու Ասորի քաղաքակրթութեան, լեզուին ու ժառանգութեան հարստութիւնները՝ սփիւռքի հասարակութիւններուն մէջ ապրող պատանիներուն, որպէսզի անոնք չի կորսնցնեն իրենց ինքնութեան արմատները» գրած է համագումարին առթիւ յղած պատգամի մը մէջ  Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարքը գերերջանիկ Եուսիֆ Գ Եունանը։

Համագումարը որ սկիզբ առաւ անցեալ 17 յուլիսին իր աւարտին կը հասնի կիրակի 22 յուլիս 2018-ին, որուն ընթացքին նախատեսուած են ծիսական արարողութիւններ, վկայութիւններ, ժամանց, պտոյտներ ու տարբեր հանդիպումներ։

Երիտասարդ քրիստոնեաներու արտագաղթը։

Միջին Արեւելքէն արտագաղթը կը հայի յատկապէս նոր սերունդին, որ յաճախ պատերազմներու պատճառաւ մղուած է հեռանալու իր ծննդավայրէն, աւելի լաւ կեանքի մը փնտռտուքով եւ շատ անգամ կը փորձէ խուսափիլ զինծառայութենէն որ որոշ երկիներու մէջ, ինչպէս Սուրիայի պարագային,  կը տեւէ տարիներ ու յաճախ վտանգաւոր է։

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսը

Վերոնշեալ հաւաքը կազմակերպուած է նաեւ ի տես յառաջիկայ 3էն 28 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ  կայանալիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, որուն նիւթը պիտի ըլլայ «երիտասարդներ, հաւատք ու կոչումի զատորոշում»։

Այդ սիւնհոդոսի ծիրէն ներս  Միջին Արեւելիքի երեկեցնելու երիտասարդներուն հայող հրատապ հարցերը կրնան ներկայացուիլ Քաղդէացիներու Պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի կողմէ, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ նշանակուեցաւ վերոնշեալ սիւնհոդոսի պատգամաւոր նախագահ, Կարդինալ Տեզիրէ Թսարհազանայի, Կարդինալ Շարլ Մաունկ Պոյի եւ Կարդինալ Ժոն Ռիպաթի հետ միասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/07/2018, 09:40