Որոնել

 Աւետարան Աւետարան 

Կիրակի 15 Յուլիս 2018 Առաջին Կիրակի Վարդավառէն ետք

Կորուսեալ ոչխարին փնտռտուքը (Մատթէոս, 18, 10-14)

Նախ եւ առաջ կ՛ուզէի մեր սիրելի հայ ժողովուրդը հրաւիրել զգաստութեան: շատ լաւ ու շատ յաջող յեղափոխութիւն մը եղաւ նախկին պետական վարչակարգի տապալումը: Սակայն այսօր կարգ մը անձեր, որոնց շարքին նաեւ եկեղեցականներ, կը սպառնան գահընկէց ընել կաթողիկոսը եւ կարգ մը բարձրաստիճան եկեղեցականներ. Այսպիսի արարք մը հակառակ է մեր եկեղեցւոյ ներքին կարգաւորումին եւ կարող է մեծ քանդում յառաջացնել Հայ Ազգին մէջ: Յիշենք թէ ինչպէս, միջին դարերուն, Թոնդրա-կեցիներու եւ Պաւղիկեաններու աղանդները աւերներ գործեցին մեր ազգին մէջ:

Ուստի կը խնդրեմ, կը պաղատիմ, ետ կեցէք այս ազգակործան ծրագրէն, որով մեր միակ հովիւը Քրիստոսն է եւ իր օրինաւոր յաջորդները: Անոնք է որ ետեւէն կ՛երթան կորսուած ոչխարին զայն ետ դարձնելու համար: կորսուած ոչխարներ կան նաեւ եկեղեցական կարգերուն մէջ, աղօթենք իրենց համար եւ Տէրը պիտի կատարէ մնացածը:

Այսօրուայ սուրբ աւետարանի առակը կը պատկերացնէ բարի հովիւին պատկերը։ Ինչպէս հովիւ մը որ կը կորսնցնէ ոչխար մը 100 ոչխարներուն ընդմէջէն, եւ զայն գտնելու համար, նոյնիսկ անպաշտպան կը թողու 99-ը փարախին մէջ եւ կ՛երթայ փնտռելու կորսուածը, նոյնպէս ալ Քրիստոս` կը թողու արդարները, փնտռելու համար մեղաւորը եւ զինք դարձեալ Տիրոջ շնորհքին առաջնորդելու։

Եկեղեցւոյ գլխաւոր նպատակներէն մին է դէպի հաւատք առաջնորդել մեր այն եղբայրներն ու քոյրերը որոնք, զանազան պատճառներու համար, հեռացած են ու բռնած կորստեան ճամբան, որով հեռացումը Եկեղեցիէն, որ է յաւիտենական փրկութեան երաշխիքը, կը մօտեցնէ մարդս ինք իր անձին ու հոգիին կորուստին, եւ այս` յաւիտենապէս։ Այսօրուայ երիտասարդները, զոր օրինակ, ընդհանրապէս կ՛անտեսեն Եկեղեցւոյ կոչը, երբեմն ալ նոյնիսկ զայն կ՛արհամարհեն. Եկեղեցւոյ պատգամները որեւէ արժէք չեն ներկայացներ այս օրերու երիտասարդներու աչքին. Նիւթական արժէքները, նոյնիսկ արուեստի արժէքները աւելի հրապուրիչ են անոնց համար քան հոգեւոր ու Եկեղեցւոյ կողմէ հաստատուած բարոյական արժէքները։ Պիտի կարենայ արդեօ՞ք օրին մէկը Եկեղեցին հասնիլ երիտասարդութիւնը դէպի իրեն քաշելու։

Տիրոջ ուրախութիւնը անսահման է մէկ մեղաւորի մը համար որ դարձի կու գայ, քան թէ 99 արդարներու համար որոնք հաւատարիմ են Տիրոջ։ Ասիկա մարդկային ըսելու ձեւ մըն է. Անշուշտ թէ Տէրը չափազանց ուրախ է 99 արդարներու հաւատարմութեան համար, սակայն ամէն մէկ դարձ որ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի վրայ ուրախութեամբ կը համակէ բոլոր հաւատացեալներու սրտերը եւ մասնաւորապէս Յիսուս Քրիստոսի սիրտը։ Սկսեալ Պօղոս Առաքեալի շռնթալից դարձէն մինչեւ վերջին դարձի եկողը աշխարհի վրայ, միշտ նոր արիւն կը ներածուի Եկեղեցւոյ մէջ երբ դարձի գան մարդիկ. Անոնք նոր կենսունակութիւն մը կը յառաջացնեն հաւատացեալներու միջեւ։

Իսկ երկնքի մէջ` փոքրերն են որ պիտի գրաւեն առաջին տեղերը. Ոչ. Փոքր ու խոնարհ մարդիկ, անոնք որ չքաւոր են ու արհամարհուած, անոնք է որ առաջին տեղերը պիտի գրաւեն արքայութեան մէջ. Աստուածային արժէքները հակառակ են մարդկային-ներուն. Փնտռենք ուրեմն այս աշխարհի վրայ երկնաւոր ու անանց բարիքները,  որոնք միայն կարող են մեզ առաջնորդելու դէպի յաւիտենական փրկութիւնը. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/07/2018, 08:50