Նիքարակուայի մէջ բողոքներ Նիքարակուայի մէջ բողոքներ 

Լատին Ամերիկան կ՛աղօթէ Նիքարակուայի համար։

Նիքարակուայի մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած ու դժբախտաբար չեն պակսիր բռնութեան արիւնալի արարքներ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նիքարակուայի կրօնական հասարակութիւններուն, եպիսկոպոսներուն, Քահանաներուն ու սարկաւագներուն համար, որպէսզի անոնք անխոնջ կերպով շարունակեն ըլլալ երկխօսութիւն խթանողներ, արդարութեան պաշտպաններ ու խաղաղութեան կերտիչներ»։ Այս է աղօթքը որ արտասանուեցաւ կիրակի 15 յուլիսն Նիքարակուայի բոլոր եկեղեցիներէն ներս ու Լատին Ամերկեան զանազան երկիներու բազմաթիւ եկեղեցիներուն մէջ։

Նիքարակուայի մէջ իրավիճակը կը մնայ լարուած ու դժբախտաբար չեն պակսիր բռնութեան արիւնալի արարքները, կիրակուած կառավարական զինեալ խմբաւորումներու կողմէ, ընդդէմ ցուցարարներուն, որոնք կը բողոքէն նախագահ Տանիել Օրթեկայի կառավարութեան դէմ։

Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի հրապարակած մէկ հաղորդագրութեամբ կոչ կ՛ուղղուի «խաղաղ ու ժողովրդավարական լուծում մը գտնել հարցերուն, ապահովելով ժողովուրդին անվտանգութիւնը ու հիմնական իրաւունքներու յարգանքը»։

Մինչ երկրին մէջ բողոքները կը շարունակուին խնդրելով գումարել նոր  ընտրութիւններ ու վերջ դնել ցուցարարներու դէմ կիրարկուած բռնութիւններուն որոնք երեք ամսուայ ընթացքին պատճառեցին 350 մեռեալ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2018, 09:45