Որոնել

Նիքարակուայի եպիսկոպոսները Նիքարակուայի եպիսկոպոսները 

Մանակուայի Եպիսկոպոսին կոչը միջազգային հասարակութեան։

Նիքարակուայի մէջ ապրիլ ամիսէն ցարդ եղած են 360է աւելի մահեր։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Մանակուայի արքեպիսկոպոսական թեմի ընդհանուր փոխանորդը Գերապայծառ Քարլոս Աւիլես Քանթոն կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան որ միջամտեն Նիքարակուայի ժողովրդավարականութեան նպատակին հասնելու գործընթացին մէջ, մինչ երկրին հաւատացեալները ուխտագնացութիւն կը կազմակերպեն՝ իբր աջակցութիւն եպիսկոպոսներուն։

Խօսելով Fox News լրատուութեան, Գերապայծառ Քանթոն նշած է, թէ նախագահ Օրթեկայի կատարած հաստատումները չեն համապատասխաներ իրականութեան։ Նախագահ Օրթեկա նախապէս մեղադրած էր եպիսկոպոսները իբր դաւադիրներ եւ ըմբոստներ. ան նկատած էր նաեւ թէ չէ կարելի հաւաստիացնել թէ եկեղեցիներու եւ կղերի վրայ յարձակումներ կատարուած ըլլային։ Նախագահը հաստատած էր նաեւ թէ վերջին շաբաթը եղած էր հանդարտ։

Գերապայծառ Քանթոն ուշադրութեան յանձնած է, թէ հակառակ նախագահի հաստատումին, վերջին շաբաթը նշուած էր մեծ լարուածութիւններով, ուր ծպտուած զինեալ ուժեր, կարգապահական ոյժերու հետ միասին, մտած են բնակարաններ եւ կալանաւորած են անհատներ։ Այս կալանաւորումները ոստիկանութեան կողմէ չեն կատարուած։ Կալանաւորուած անհատները առեւանգումի զոհեր են։

Գերապայծառը նկատած է նաեւ, թէ Նախագահ Օրթեկա սահմանադրութեան մէջ կատարած է փոփոխութիւն մը, որպէսզի կարենայ կրկին թեկնածութիւնը դնել նախագահական ընտրութիւններուն։ Ասոր համար, կը շեշտէ Գերապայծառ Քանթոն, Օրթեկայի նախագահութիւնը հակասահմանադրական է, եւ թէ պէտք է կատարուին կանխուած ընտրութիւններ։ Նաեւ եկեղեցիները կը շարունակեն թիրախ դառնալ յարձակումներու, ըսած է ան։ Մանակուայի թեմի վեց քահանաներ ընդունած են մահուան սպառնալիքներ։ Մարիամ Մագդաղենացի ժողովրդապետութեան մէջ, զինուած մարդիկ կրակած են պատուհաններուն վրայ եւ խորտակած զանոնք։ Զինեալ ուժեր յարձակում կատարած են նաեւ «Սանթիակոյի» եւ «Աստուածային Ողորմութեան» եկեղեցիներուն վրայ։ Թիրախ դարձած ենք, շարունակած է Գերպ. Քանթոն, որովհետեւ բացած ենք եկեղեցիները՝ պաշտպանելու համար հաւատացեալները որոնք փախուստի մէջ են եւ կը տառապին։ Այն անձը, որ կʼօգնէ բողոքողներուն եւ կը խնամէ վիրաւորեալները, կը նկատուի ահաբեկիչ։

Վերջապէս Գերպ. Քանթոն կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, որ նեցուկ կանգնին Նիքարակուայի ժողովուրդին։ Ան կատարուածը չի նկատեր պատերազմ երկու զինեալ խումբերու միջեւ եւ կը նկատէ, թէ ապրիլին սկսած բողոքները խաղաղ էին, մինչ անոնք կը ճնշուին արիւնով եւ անպատժութեամբ։ «Յուսալքուած ենք եւ ահաբեկուած, ըսած է Գերպ. Քանթոն շարունակելով, թէ միջազգային հասարակութիւնը պէտք է ճնշում բանեցնէ պետութեան վրայ, որպէսզի երկիրը կարենայ ընթանալ ժողովրդավարութեան։»

Նիքարակուայի քաղաքային ընկերութիւնները եւ համալսարանական շարժումները հրաւիրած են ժողովուրդը, յուլիսի 28ին մասնակցիլ ուխտագնացութեան մը, աջակցելու համար եպիսկոպոսներուն, որոնք կը նկատուին «ճշմարտութեան եւ արդարութեան պաշտպաններ»։

Նիքարակուայի մէջ կատարուած բողոքներու ընթացքին, ապրիլ ամիսէն ցարդ, եղած են 360է աւելի մահեր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/07/2018, 12:11