Որոնել

Աղթամարի եկեղեցին Աղթամարի եկեղեցին 

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ

Իւրաքանչիւր մարդուն փառքը իր իմացական աստուածատուր կարողութիւնն է:

Փաստաբաններու երկու տեսակներ կան: Ճարպիկներ եւ անճարակներ: Առաջինները մարդոց կենդանութեան կը բռնեն զանոնք օձիքէն եւ մինչեւ մահուան սնարը կը հետապնդեն զանոնք, որպէսզի չըլլայ թէ առանց իրենց բաժինը տալու, կամ շահու մեծ բաժին մը իրենց զիջելու, «փախչին» այս կեանքէն:
Երկրորդ տեսակի փաստաբանները, որոնք վկայեալներ չեն խորքին մէջ, սակայն իր շահը փնտռող փաստաբանին նման կը հետապնդեն ոեւէ մէկը, որուն ունեցած անունէն, վաստակէն, դրամէն կամ նոյնիսկ իրենց վրայ իյնալիք շուքէն կրնան օգտուիլ: Այդ շուքը միայն կիզիչ արեւէն պաշտպանուելու համար չեն ուզեր անոնք, այլ անոր ներքեւ բարոյական տաղաւար մը շինելու եւ տուեալ անձին հեղինակութեան տակ ծուարելու:
Փաստաբանական նման «գրասենեակներ» հաստատողները մանուկ տարիքէն կը հետեւին մարդոց, գտնելու համար «հարուստ»՝ այսինքն՝ համբաւաւոր անձեր, անոնց վաստակաշատ «քսակէն» օգտուելու համար կարելի եղած չափով: Ասոնք անճարակ փաստաբաններն են սակայն, որոնց ապահոված շահը քանի մը օրուան ընթացքին կը սպառի: Աղքատ փաստաբաններու նման, ասոնք իրենց ապահոված շահը կը մսխեն ծանուցումներու պատրաստութեան եւ տարածման, սակայն ապարդիւն կը մնան իրենց ջանքերը: Ուստի, դարձեալ կը վերադառնան իրենց նախկին «արհեստին», անուանի «հարուստները» թալանելու վատ ունակութեան: Անճարակ այս փաստաբաններուն դրամագլուխները չեն սպառիր: Անոնք ո՛չ միայն ապրողները կողոպտելու կը տքնին, այլ իրենց գերեզմաններուն մէջ հանգիստ չեն թողուր «մեծահարուստ» մեռելները, որոնց մահացած ըլլալը աւելի նպաստաւոր է իրենց համար, քան՝ ողջ մնալը:
Ոմանք սովորութիւն ունին միշտ մեռելներու մասին խօսելու: Ծեր տարիքին բնական է այս երեւոյթը, որովհետեւ իր տարիքը առած մարդուն հարազատները, բարեկամներէն ու ընկերներէն շատերը անդիի աշխարհ գացած կ’ըլլան, եւ ինք ստիպուած կ’ըլլայ անցեալի յուշերով ապրիլ: Անհեթեթ ու անբնական երեւոյթ է սակայն, երբ երիտասարդ տարիքին նման սովորութիւն կ’ունենայ անձ մը: Մեռելները վերյիշել՝ լաւ ու գնահատելի երեւոյթ է: Իսկ անոնց հոգւոյն համար աղօթողին՝ երկնային վարձատրութիւն ալ կը սպասէ: Սակայն միշտ զանոնք յիշելը բռնազբօս կերպով, կամ մանաւանդ զանոնք սիրողներուն ներկայութեան, վասն շողոքորթութեան, կը նշանակէ՝ անպայման դիտում մը ունենալ: Մեռելները օգտագործելու դրական կերպ մը կայ, եթէ իսկապէս կը սիրէինք ու կը յարգէինք այն անձը, որուն շուքին տակ կ’ուզենք ապրիլ մեր կեանքին մնացած օրերը: Ատիկա՝ նմանիլն է: Նմանիլ՝ սակայն ո՛չ միայն արտաքնապէս այլ՝ ներքնապէս, հոգեպէս: Այսպիսով մարդիկ տիպարներ ստեղծած են իրենց համար, փորձելով նմանիլ անոնց եւ կերպարանափոխել իրենց ներքին կեանքը: Անճարակ փաստաբանները մեռելներու անունով խօսելէն, իրենց գիտցածն ալ կը մոռնան յաճախ, իրարու խառնելով հինն ու նորը, պիտանին ու անպէտը:
Բարեկամ մը, ակնարկելով անճարակ «փաստաբան»ի մը, հարց կու տար, թէ արդեօ՞ք ան կրնայ յանկարծ փոխուիլ ու լքել իր տարիներու սովորութիւնը: Ընտանեկան դաստիարակութիւնը մեծ դեր կը խաղայ՝ կանխելու համար նկարագրային նման գիծեր: Ծնողներու կողմէ անձնական օրինակով ուսուցուած ինքնավստահութիւնը կրնայ զսպել ուրիշներու փառքով փառաւորուելու մանկամիտ զգացումները մարդուն մէջ: Իւրաքանչիւր մարդուն փառքը իր իմացական աստուածատուր կարողութիւնն է: Ո՛չ ոք պէտք է ջանայ ի զուր տեղ փառք վաստկիլ, այլապէս պիտի նմանի անճարակ փաստաբանին, որ գերեզմանակրկիտ դառնալով, ամէն օր պիտի փորձէ նոր մեռել մը «կեանքի կոչել», օգտուելու համար անոր փառքէն ու հռչակէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/07/2018, 09:20