Որոնել

Յիսուսի սրբապատկեր Յիսուսի սրբապատկեր 

Կիրակի 22 Յուլիս 2018 Երկրորդ Կիրակի Վարդավառէն ետք:

Ինչ որ Աստուած միացուց մարդը թող չբաժնէ (Մատթէոս, 19, 1-12)

Այս խօսքերով Քրիստոս կը դնէ հիմը քրիստոնէական ընտանիքին: Նոյնպէս ան կը դասէ ամուսնութիւնը խորհուրդներու կարգին, նման մկրտութեան, սուրբ հաղոր-դութեան եւ քահանայական օծումին: այսպէսով հին կարգի պատուէրներն ու օրէնքները կը չքանան եւ նոր պատուիրան մը յառաջ կու գայ. Այր ու կին որոնք կ՛ամուսնանան, կապուած կը մնան իրարու մինչեւ մահ:

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Այսօր, արդի այս աշխարհին մէջ, նոյնիսկ քրիստոնեայ շրջանակներէ ներս, յարա-բերաբար հազուագիւտ են այս պատուիրանը գործադրողները. Նոյնիսկ կարգ մը հրապարակախօսներ հեռուստատեսիլի իրենց յայտագրերէն հեգնանքով կ՛արտա-յայտուին այն զոյգերուն հանդէպ որոնք քսան, երեսուն կամ քառասուն տարիէ ի վեր իրարու հաւատարիմ մնացած են:
Մեր հայ ազգի զաւակներն ալ դժբախտաբար տարուած են այս հոսանքէն եւ շատեր այս պատաճառաւ հեռու կը մնան եկեղեցիէն եւ սուրբ խորհուրդներէն: Ասոր գլխաւոր պատճառը արդի աշխարհի ընծայած հրապոյրներն են, ինչպէս նաեւ նիւթական բարիքներու եւ հաճոյքի ու վայելքի քաշողական ուժը, որոնք կամաց կամաց կը քանդեն հոգեւոր եւ քրիստոնէական սկզբունքները, զորս մեր մէջ դրած են մեր դաստիա-րակները:
Յիսուսի առաքեալները նոյնիսկ ընդվզեցան եւ շատ խիստ գտան այս նոր օրէնքը, սակայն Տէրը տեղի չտուաւ եւ հաստատ մնաց իր որոշումին մէջ. այսօր եւս Եկեղեցին, հետեւելով Քրիստոսի խօսքերուն, հաստատուն հիմերու վրայ կը դնէ ընտանիքը երբ այր ու կին խորանին առջեւ իրարու հաւատարմութիւն կ՛ուխտեն, անոնք այլեւս երկու չեն այլ մէկ մարմին, զոր ոչ մէկ իշխանութիւն երկրի վրայ կրնայ բաժնել:
Մենք եւս գիտենք անշուշտ այն բոլոր դժուարութիւնները զորս կը դիմագրագեն ներկայ դարուս մէջ ամուսնացած զոյգերը եւ առանց Աստուծոյ շնորհքին անոնք չեն կարող դիմանալ ու յառաջանալ միշտ միացած մնալով. Յիսուս անոնց միշտ օգնական կը մնայ, ինչպէս որ օգնական կ՛ըլլայ կրօնաւորներուն որպէսզի հաստատ մնան իրենց կարգին մէջ:
Ընտանիքներն են որ կը կազմեն ընկերութիւնը: Եթէ ընտանիքի միութիւնը քանդուի, բոլոր երկիրը կրնայ դէպի քանդում յառաջանալ, մարդս իր ձեռքով է որ կրնայ ուժեղ եւ կանգուն պահել ընկերութիւն մը եւ ազգ մը. համբերութեամբ եւ փոխադարձ հանդուր-ժողութեամբ ընտանիքները կրնան լուծել իրենց մէջ յարուցուած շատ մը հարցերն ու դժուարութիւնները: Զոյգը պէտք չէ մոռնայ որ սուրբ պսակի ընթացքին, Տէրը կու գայ ու կը հովանաւորէ նորապսակ ամոլը եւ անոնց հետ միասին կը կազմէ երրորդութիւն մը, որով միշտ ներկայ կ՛ըլլայ իրենց մէջ. Աստուած ի մէջ սոցա եւ սոքա մի սասանեսցին:
Անշուշտ իր խօսքի վերջաւորութեան, իր զարմացած աշակերտներուն Քրիստոս նոր ճամբայ մը ցոյց կու տայ, որ է կուսակրօնութիւնը, ապրուած վարդապետական կարգերուն մէջ, սակայն անոր արժանանալու համար մասնաւոր կոչում ունենալու է, Սուրբ Հոգիէն ներշնչուած, այն ինչ որ ամէն մարդ չի կրնար հասկնալ եւ մանաւանդ չի կրնար գործադրել, առանց մասնայատուկ շնորհքի, զոր Աստուած կու տայ իր ընտրեալներուն այս երկրի վրայ: Ամէն:

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/07/2018, 08:00