Սուրբ Շարպել Սուրբ Շարպել 

Սուրբ Շարպել Մախլուֆի տօնը։

Սուրբ Շարպել Մախլուֆի հսկայական արձաններէն մին կը գտնուի նաեւ Վատիկանի մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր՝ 24 Յուլիսին, կը յիշատակուի Լիբանանցի Մարոնի Համայնքի վանական՝ աւազանի անունով Եուսէֆ Մախլուֆ՝  Սուրբ Շարպել Մախլուֆի ծիսական տօնը։

Ան ծնած էր 8 մայիս 1828-ին Պքաաքաֆրա շրջանի Աննայա  գիւղին մէջ բազմանդամ զաւակներով ընտանիքի մը յարկին  տակ։ Փոքրիկ հասակին որբ կը մնայ հօրմէն ու անոր մայրը դարձեալ կ՛ամուսնանայ շատ հաւատացեալ մարդու մը հետ, որ ապա կ՛ընդունի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը։   Խորդ հօր տիպարը մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենայ Շարպելի կեանքի ընտրանքին վրայ եւ 22 տարեկանին կ՛որոշէ մտնել Մայֆուք Տիրամօր վանք ուր կ՛ամփոփուի աղօթքի մէջ ընտրելով Շարպել անունը, որ կը նշանակէ «Աստուծոյ Պատմութիւնը»։

Նորընծայական շրջանը աւարտելէ ետք կը փոխադրուի Սուրբ Մարոնի Աննայա վանք, ուր 1853-ին կը կատարէ իր մշտնջենաւոր ուխտերը, ապա կը փոխադրուի Սան Չիփրիանօ Տի Քֆիֆէն ուր կը հետեւի փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումներու։

1859-ի Յուլիս 23-ին  կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ ետք մեծաւորները զայն դարձեալ կ՛ուղարկեն Աննայայի Մենաստան ուր իր մէջ կը զարգանայ մենակեաց  կեանք ապրելու կոչումը ու մեծաւորներու հրամանով՝ 13 փետրուար 1875-ին, կը քաշուի ճգնարան ուր նաեւ կը կնքէ իր մահկանացուն՝ 24 դեկտեմբեր 1898-ին։

Սուրբ Շարպել ճանչցուած է որպէս Լիբանանի «Փատրէ Փիոն» ու բազմաթիւ են անոր յետ մահու գործած հրաշքները։

1925-ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետի հրահանգով սկիզբ կը տրուի անոր երանացման դատին որ կ՛աւարտի 1954-ին՝ Պիոս ԺԲ քահանայապետի օրով, որ կը վաւերացնէ Սուրբ Շարպելի երանացումը, մինչ Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետի օրով է որ տեղի կ՛ունենայ երանացման արարողութիւնը ՝ 1965-ի դեկտեմբեր 5-ին, հուսկ 1977-ի հոկտեմբեր ինին միշտ Պօղոս Զ Պապի օրով, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի մայր տաճարին մէջ կը կատարուի Սուրբ Շարպելի սրբադասման արարողութիւնը։

1950-ին մենակեաց Շարպել Մախլուֆի գերեզմանը կը բացուի քննիչ յանձնախումբի մը ներկայութեամբ, որ անոր մարմինը կը գտնէ անաղարտ։

Սուրբ Շարպել Մախլուֆը մեծարուած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ ու անոր հսկայական արձաններէն մին կը գտնուի նաեւ Վատիկանի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 10:09