Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզա Մանուկ Յիսուսի 

Երբեք չհեռանալ Յիսուսի Նայուածքէն։

Եօթը տարեկանին, փոքրիկ Թերեզան առաջին անգամն ըլլալով ծովը կը տեսնէ Թրուվիլի մէջ

Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան

Անդրադառնանք անոր մանկութեան մէկ դրուագին։ Եօթը տարեկանին,  փոքրիկ Թերեզան առաջին անգամն ըլլալով ծովը կը տեսնէ Թրուվիլի մէջ, ինչ որ շատ մեծ տպաւորութիւն մը կը ձգէ իր վրայ։

«Վեց կամ եօթը տարեկան էի, կը պատմէ ան,  երբ Հայրս մեզ Թրուվիլ տարաւ։ Երբեք պիտի չմոռնամ  այն տպաւորութիւնը որ վրաս ձգեց ծովը. Չէի կրնար անընդհատ ծովուն նայելէ դադրիլ. Անոր վեհութիւնը, անոր ալիքներուն  մռնչիւնը, ամէն ինչ որ կը տեսնէի իմ սրտիս կը խօսէին Ամենաբարին Աստուծոյ Մեծութեան եւ Հզօրութեան մասին…։

«Իրիկունը, այն պահուն երբ  արեւը ալիքներու  անեզրութեան մէջ  մխրճուիլ կը թուի իր դիմաց ձգելով լուսաւոր  ակօս մը,  Փօլինին հետ կ’երթայի առանձին նստելու ժայռի մը վրայ…։  Երկար կը դիտէի այդ լուսաւոր ակօսը,  որ պատկերն է այն ճամբուն զոր սպիտակ եւ շնորհալի առագաստով  փոքր նաւը պիտի կտրէ…։  Փօլինին քով, որոշեցի հոգիս երբեք չհեռացնել Յիսուսի նայուածքէն, որպէսզի  ան խաղաղօրէն նաւարկէ դէպի Երկնաւոր Հայրենիքը…»։

Շատ գեղեցիկ է այս փոքր աղջկան յայտնատեսութիւնը. Իր քրիստոնէական կոչումը ապրելու, ստոյգ եւ խաղաղ կերպով ուղեւորուելու համար դէպի Արքայութիւն,  ան երբեք պէտք չէ հեռանայ Յիսուսի ակնարկէն։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆԱՅՈՒԱԾՔԸ

Աստուածային նայուածքին մէջ զանազան երեւոյթներ կան անշուշտ։ Ան Արարչին նայուածքն է իր արարածին, որով անոր կը հետեւի։ Ան Հօր գորովալի նայուածքն է իր զաւկին վրայ։  Իսկ Թերեզային համար, որ կրօնաւորական կեանքին կոչուած ըլլալ կը զգայ, ան Յիսուսի, Ամուսնոյն նայուածքն է իր կնկան վրայ։ «Քու Աստուածդ  քեզմով պիտի ուրախանայ այնպէս ինչպէս ամուսինը կ՛ուրախանայ իր կնկայ մասին» կը յայտարարէ Եսայի մարգարէն։

Աչքէ պիտի անցնենք աստուածային նայուածքին զանազան  երեւոյթները այնպէս ինչպէս զանոնք կը նկատենք մեր սրբուհիի ստեղծագործութիւններուն մէջ։

Նայուածք մըն է որ կեանք կը պարգեւէ. «Ես,  փոքր արարածս՝ որ  ոչնչութեան մէջ պիտի իյնար եթէ քու աստուածային նայուածքդ ինծի կեանք չի պարգեւէր ամէն վայրկեան»։

Նայուածք մըն է որ կ՛ընտրէ, կը զատորոշէ ընտրելու համար։ Ասոր մէջ կոչումին ամբողջ խորհուրդը կայ։  Յիշենք Աւետարանին մէջ Յիսուսին սիրոյ նայուածքը հարուստ երիտասարդ մարդուն. «Այն ժամանակ Յիսուս իր նայուածքը կեդրոնացուց անոր վրայ եւ զինք սիրեց»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 08:46