Նիքարակուայի մէջ ցոյցեր Նիքարակուայի մէջ ցոյցեր 

Նիքարակուա. Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը ու եպիսկոպոսներուն երկխօսութեան պահանջը։

«Նիքարակաույի մէջ հաշտութիւնը իրականացնելու համարդ միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է»

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Նիքարակաույի մէջ հաշտութիւնը իրականացնելու համար միակ ճանապարհը երկխօսութիւնն է» Այս է Նիքարակուայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն համոզումը, մինչ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ համայն Նիքարակուայի ժողովուրդին կ՛ապահովեցնէ իր աղօթքները։

Նիքարակուայի կառավարութեան  դէմ իրականացուած բողոքներու ու այս վերջինիս կողմէ բանեցուած բռնութիւններէն ետք, որոնք պատճառեցին առ նուազն 360 մեռեալ, Նիքարակուան կ՛ապրի լարուածութեան ու ճգնաժամային պահեր։

Սրբազան Քահանայապետը կը շարունակէ մեծ ուշադրութեամբ ու մտահոգութեամբ հետեւիլ իրադարձութիւններուն մինչ տեղական եպիսկոպոսները կառավարութիւնը կը հրաւիրեն դարձեալ բանակցութեան սեղանի շուրջ նստելու, թէեւ երկրին նախագահ Օրթեկան կը մեղադրէ զանոնք «կառավարութեան դէմ յեղափոխութիւն հրահրելու» յանցանքով։

Մինչ բողոքներն ու ցոյցերը կը շարունակուին ու եկեղեցիներուն դէմ յարձակումները չեն պակսիր, անցեալ կիրակի օր, Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու խորհուրդը հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները դիմելու աղօթքի, որպէս մօտիկութեան ու զօրակցութեան արտայայտութիւն Նիքարակուայի տառատպեալ ժողովուրդին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/07/2018, 11:36