Որոնել

Նիքարակուայի մէջ հոգեւոր առաջնորդները ժողովուրդին կողքին Նիքարակուայի մէջ հոգեւոր առաջնորդները ժողովուրդին կողքին 

Նիքարակուայի եպիսկոպոսներուն հրաւէրը՝ յառաջ ընթանալու երկխօսութեան դիմելով

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է շրջանցելու համար բոլոր բռնութիւնները»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Նիքարակուայի մէջ ընկերաքաղաքական ծանր տագնապին ի տես, Նիքարակուայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ հոգեւոր առաջնորդները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ազգային երկխօսութեան ծիրէն ներս՝ միջնորդի եւ վկայի իրենց դերակատարութիւնը շարունակելու, վերջ դնելու համար Նիքարակուան յուզող ընկերաքաղաքական հարցերուն, որ մինչեւ այսօր պատճառած է աւելի քան 320 մեռեալներ:

Այս մասին յայտնած է Ֆիտես լրատու գործակալութիւնը վկայակոչելով Մանակուա Թեմի տեղակալ եպիսոկոպոս՝ Գերապայծառ Սիլվիօ Խօսէի յայտարարութիւնը, որուն մէջ գերապայծառը ընդգծած է երկխօսութեան եւ բանակցութեան խաղաղ լուծման կարեւորութիւնը՝ Նիքարակուայի ժողովրդավարութեան գործընթացէն ներս:

Նիքարակուայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ սոյն դասի նախագահ՝ կարդինալ Լեոփոլտօ Պրենսեի կրած ֆիզիքական հարուծաներուն եւ ատելութեան խօսքերուն։ Հակառակ: գերապայծառ Պարեզի ձեռքին վրայ կրած ծանր հարուածին, Նիքարակուայի եպիսկոպոսները պիտի շարունակեն յառաջ ընթանալ, այն յոյսով, որ երկրին ընկերաքաղաքական հարցերը խաղաղութեամբ լուծուին:

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ երկխօսութիւնը միակ միջոցն է շրջանցնելու համար բոլոր բռնութիւնները: Մենք ետքայլ չենք կատարեր, հակառակ կառավարութեան կողմէ յարուցուած դժուարութիւններուն» ըսած է Գերապայծառ Պազէն յորդորելով Նիքարկայուայի բնակիչները հաւատալու եւ յուսալու, որ կարելի է խաղաղութիւնը ձեռք բերել՝ օգտագործելով խաղաղ միջոցներ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2018, 15:55