Նիքարակուայի մէջ ցոյցերէ առնուած լուսանկար Նիքարակուայի մէջ ցոյցերէ առնուած լուսանկար 

Ճգնաժամային վիճակ Նիքարակուայի մէջ. Հայր Կիթեռեսի կոչը միջազգային հասարակութեան

Նիքարակուայի եպիսկոպոսները բազմիցս փորձած են միջնորդել պետութեան եւ անոր ընդդիմադիրներու միջեւ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Նիքարակուայի Մասայա քաղաքի մօտակայ Մոնիմպոյի ժողովրդապետ, Հայր Աուկուսթօ Կիթեռես, կոչ ուղղած է միջազգային հասարակութեան, որ միջամտեն, խափանելու համար բողոքարարներու սպանդը՝ պետութեան եւ անոր աջակից զինեալ ուժերու կողմէ։ Մասայան բողոքներու կենդրոն կը հանդիսանայ, մինչ Հայր Կիթեռես կը մնայ թաքնուած, որովհետեւ ան ստացած է բազմաթիւ սպառնալիքներ։
Տարւոյս ապրիլի 18ին սկսած էին բողոքի ցոյցերը նախագահ Տանիէլ Օրթեկայի դէմ։ Ցարդ բախումները պատճառած են 300է աւելի զոհեր։ Երկրին եպիսկոպոսները բազմիցս փորձած են միջնորդել պետութեան եւ անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ։
Սպանական COPE ցանցի ձայնասփիւռին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, Հայր Կիթեռես ըսած է՝ «ստացած ենք սպանութեան սպառնալիքներ, որովհետեւ կʼըսեն թէ մենք այս իրավիճակի պարագլուխներն ենք, մինչ մենք հրապարակի վրայ դուրս եկած ենք, որովհետեւ նախագահ Տանիէլ Օրթեկայի պետութիւնը անարդարութիւն կը գործէ։ Սա կʼանուանեմ ցեղասպանութիւն, որովհետեւ այլ բացատրութիւն չկայ կատարուածին համար։» Ան կոչ ուղղած է՝ «թոյլ մի տաք որ մեռնինք, միջամտեցէք, բան մը ըրէք»։
Յուլիսի 17ին Մոնիմպոյի բնիկ ցեղերու շրջանը թիրախ դարձած է յարձակումներու՝ զինեալներու կողմէ, որոնք առընչուած են նախագահ Օրթեկայի հետ։
Հայր Կիթեռես, նկարագրելով յարձակումները, ըսած է՝ «զինուորական ծանր զէնքերով անոնք կը սրբապղծեն եկեղեցիներ եւ կը քանդեն կեանքեր»։ Մոնիմպոյի շրջակայքի բնակչութիւնը կազմուած է պարզ ժողովուրդէ. պետութիւնը երեք ամիս է արդէն կը հարուածէ ժողովուրդին, որ կը տոկայ քաջաբար։ «Սակայն արդ անոնք սկսած են սպանել մեզ» ըսած է Հայր Կիթեռես։ Անդրադառնալով Մանակուայի արքեպիսկոպոս, Կարդինալ Լէոփոլտօ Պրենեսի հարցազրոյցի մը մէջ կատարած յայտարարութեան, Հ. Կիթեռես ըսած է՝ «ծիրանաւորը նեցուկ կը կանգնի ամէն ինչի որ եկեղեցին եւ եպիսկոպոսները կʼըսեն։ Սակայն Օրթեկայի պետութիւնը չʼուզեր լսել բանականութեան ձայնին. ասոր համար կարիքը կայ միջազգային աջակցութեան՝ միջամտելու եւ երկիրը փրկելու։ Սա պատերազմ չէ, որովհետեւ ժողովուրդը ինքզինք կը պաշտպանէ այն ամէն միջոցով որ ունի ձեռքին տակ՝ ճանապարհի խափանումներով եւ քարերով։ Պետութիւնը վճռած է յուլիսի 19ը տօնել ժողովուրդի արեան վրայ։ Չէ կարելի որ անոնք շարունակեն կառավարել՝ սպանութիւն հրահանգելով»։
Յուլիսի 19ը 39րդ տարեդարձն է Սոմոզայի բռնատիրութեան իրաւազրկումին՝ Սանտինիսթական Ազգային Ազատագրութեան Ճակատի կողմէ, որուն ղեկավարն է նախագահ Օրթեկա։ Յուլիսի 20ին, պետութեան զօրավիգ հազարաւոր անձեր մասնակցած են տօնախմբութեան։ Նախագահ Օրթեկա մեղադրած է Նիքարակուայի եպիսկոպոսները իբր յեղաշրջումի փորձի մը մեղսակիցներ։ Ան այդ մեղադրանքը հաստատած էր եպիսկոպոսներու կոչին վրայ՝ կատարելու կանխուած նախագահական ընտրութիւններ։ Նախագահը կոչ ուղղած էր Ամերիկեան Պետութիւններու Կազմակերպութեան եւ յորդորած էր իր հետեւորդները չլքել դիրքերը եւ ինքնապաշտպանութիւն կատարել՝ երկիրը յուզող ծանր տագնապի միջոցին։ Օրթեկա ըսած էր, թէ ինք զոհն է «դաւադրութեան մը, որ զինուած եւ ֆինանսաւորուած է ներքին եւ արտաքին ոյժերու կողմէ», եւ անատակ նկատած է եպիսկոպոսները իբր միջնորդներ այս տագնապին, որովհետեւ անոնք «կողմնակալութիւն» ցուցաբերած էին։Յուլիսի 14ի յայտարարութեան մը մէջ, Նիքարակուայի եպիսկոպոսական ժողովը դատապարտած էր «կառավարութեան քաղաքական կամքի բացակայութիւնը՝ երկխօսութեան նկատմամբ» ինչպէս եւ նկատմամբ գործընթացի մը փնտռտուքին՝ որ երկիրը պիտի առաջնորդէ իսկական ժողովրդավարութեան։

Հ. Կիթեռես յայտարարած է, թէ Նիքարակուան կը գտնուի ճգնաժամային վիճակի մէջ եւ թէ ըստ «հակա-ահաբեկչական» օրէնքի, որ վերջերս ընդունուած էր, դատաստանի պիտի ենթարկուին բոլոր անոնք որոնք ճանապարհներ կը փակեն, եւ կամ ըստ պետութեան կարծիքին՝ մեղսակիցներ են անոնց։ Պատնէշներ եւ ճանապարհի փակումներ ներկայիս կարելի է գտնել Նիքարակուայի ամբողջ տարածքին, եւ բախումները շատ անգամ մահացու վերջ կʼունենան։ Եպիսկոպոսներ եւ քահանաներ աշխատած են իրարմէ բաժնել բողոքարարները եւ ապահովութեան ոյժերը, սակայն ստացած են սպառնալիքներ եւ կամ սպանուած են։
Նիքարակուայի տագնապը սկսած էր այն ժամանակ, երբ Օրթեկա յայտարարած էր ընկերային ապահովութեան եւ թոշակներու բարեկարգում։ Սակայն հրաժարած էր այդ բարեկարգումէն՝ ի տես լայնածաւալ ընդդիմադրութեան։ Մինչ բողոքները ուժեղացած էին միայն այն ժամանակ՝ երբ 40 ցուցարարներ սպանուած էին ապահովութեան ուժերու կողմէ։
Ցուցարարներու վրայ յարձակումները կը կատարուին սովորական ոստիկանութեան, խռովութեան ոստիկանութեան, զինեալներու եւ պետութեան զօրակից հսկիչներու կողմէ։ Նիքարակուայի պետութիւնը նկատած է, թէ ցուցարարներն են որ կը սպանեն իրենց աջակիցները, որպէսզի ապակայունացնեն Օրթեկայի կառավարութիւնը։
Օրթեկա Նիքարակուայի նախագահն է 2007 թուականէն սկսեալ։ Ան Նիքարակուայի ղեկավար եղած է նաեւ 1979-1990 թուականներուն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/07/2018, 12:30